Խորէն Մանաւեան
Արտաքին տեսք
Խորէն Մանաւեան, հայ բանաստեղծ։
Ծնած է Պոլիս։ Յաճախած է Կէտիկփաշայի Մէսրոպեան նախակրդարանը, յետոյ Մխիթարեան լիսէ, աւելի վերջը՝ Իսթանպուլի Տնտեսագիտութեան ֆաքիւլթէն, զոր աւարտելէ ետք զբաղուած է Հաշուագիտութեամբ։
Սկսած է գրել փոքր տարիքէն, թրքերէն ու հայերէն ոտանաւորներ։ Ամուսնացած է եւ տէր է երկու զաւկի։ 1962 թուականէն սկսեալ կ'աշխատցի «Մարմարա« օրաթերթի գրական թիւերուն։ Հրատարակած է «Ստուերախաղ» (1977) բանաստեղծութիւններու գիրք մը։ Արժանացած է «Սարքիս Պողոսեան» մրցանակի, 1965-1966 տարեշրջանին։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։