Խորէն Մանավեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Մանավեան Խորէն (1934), Ծնած է Իսթանպուլ։ Նախակրթութիւնը ստացած է Ս. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, ապա՝ յաճախած է Վիեննական Մխիթարեան վարժարան, որմէ աւարտելէ ետք՝ ուսումը շարունակած է Իսթանպուլի համալսարանի տնտեսագիտական ֆաքիւլթէն։ Պարագաներու բերումով՝ թերաւարտ։
1962էն սկսեալ կ՝ աշխատակցի Մարմարա օրաթերթի գրական էջերուն։ Անոնցմէ փունջ մը հատորով լոյս կը տեսնէ 1977-ին, Ստուերախաղ խորագրով։ Իսկ, կրկին վերոյիշեալ թերթին մէջ հրատարակուած «ճզմուածներ» բանաստեղծութիւններու շարքը հատոր մը կազմելու ծաւալ ստացած է։ Իր բանաստեղծական եւ արձակ աոաջին փորձերը կատարած է թրքերէնով։ Հայերէն արտայայտուելու փորձն ու ջանքը կը պարտի Զարեհ էսրախունիին։ Գրած է նաեւ պատմուածքներ։ 1964-ին արժանացած է «Սարգիս Պօղոսեան» գրական մրցանակին։
Հրատարակուած Գործեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ստուերախաղ (բանաստեղծութիւն) - Իսթանպուլ, 1977։
- Գոյներն Ալ Կը Գինովնան (բանաստեղծութիւն) - Իսթանպուլ,
2004։