Խողովակ-տուներ (Հանոյ)

Խողովակ-տուներ, Վիեթնամի Հանոյ մայրաքաղաքի հին թաղամասին մէջ, տարօրինակ ճարտարապետական ոճ մը` խողովակներու նման նեղ եւ երկար տուներով, որոնց ամէնէն հիները շինուած են ԺԹ. դարուն:

Այս տուներուն տրուած է այս արտասովոր անունը` իրենց ձեւին պատճառով: Այս շինութիւններուն երեսը շատ նեղ է, երբեմն` միայն չորս մեթր: Կարգ մը տուներու մէջ հազիւ երկու անձ կրնայ քով-քովի կանգնիլ, սակայն անոնք խորունկ են: Շինութեան երկու կողմերը պատուհաններ չկան, եւ տուները իրարու փակած են, սակայն անոնք յաճախ ունին ներքին բակեր, որպէսզի լոյսը կարենայ թափանցել տան մէջ:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վիեթնամի մէջ ԺԹ. դարուն Նկույէն թագաւորութեան օրերուն, ժողովուրդը տուրք կը վճարէր` ըստ իր շէնքի երեսի լայնքին:

Դարերու ընթացքին Հանոյի տարբեր ղեկավարներ հիմնուած են շինութեան մը դէպի փողոց տուող երեսին լայնքին վրայ` տուրքերը հաշուելու համար: Շինութեան մը դէպի փողոց տուող երեսը որքան լայն էր, այնքան տուրքը բարձր կ'ըլլար: Հետեւաբար բնական է, որ մարդիկ կը սկսին նախընտրել իրենց տուները շինել նեղ, սակայն՝ խորունկ: Այս ձեւով անոնք նուազ տուրք կը վճարէին, բայց ունէին բաւականաչափ մեծ ապրելու վայր մը:

Աւանդականօրէն «Խողովակ-տան» մը մէջ կը բնակէր մէկ ընտանիք: Գետնայարկը բաժնուած էր երեք մասերու: Դէպի փողոց նայող բաժինը խանութ էր: Անոր ետեւը կը գտնուէր աշխատանոցը, ուր կը շինուէին խանութին մէջ ծախուած ապրանքները: Եւ վերջապէս, ամէնէն ետեւը կը գտնուէր բնակավայրը:

Երբ ընտանիքին զաւակները կը մեծնային եւ կ'ամուսնանային, մէկ կամ երկու յարկ կը բարձրացուէր տան վրայ, որպէսզի նոր զոյգերը հոն ապրէին: Տակաւին մինչեւ այսօր կարելի է տեսնել բազմաթիւ «խողովակ-տուներ», ուր կ'ապրին նոյն ընտանիքէն երկու կամ երեք սերունդներ: Ամէնէն տարիքոտ անդամները կ'ապրին վարը, իսկ երիտասարդները` վերի յարկերը:

Յաճախ կարելի է նաեւ տեսնել այս շինութիւններուն վրայ, ինչպէս` գլխարկ մը գլխուն վրայ, տանիք-դարատափ մը: Այս տարածքը կը ծառայէ իբրեւ լուացքատուն, ուր կը լուացուին եւ կը փռուին լաթերը[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]