Jump to content

Խեւսուրեթի

Խեւսուրեթի

ხევსურეთი

Ամրութիւն Շատիլի գիւղին մէջ
Ամրութիւն Շատիլի գիւղին մէջ
Ամրութիւն Շատիլի գիւղին մէջ
Ճանապարհ Խեւսուրեթիի մէջ
Ճանապարհ Խեւսուրեթիի մէջ
Ճանապարհ Խեւսուրեթիի մէջ
Вид в Խեւսուրեթի
Вид в Խեւսուրեթի
Համայնապատկեր Խեւսուրեթիի մէջ

Խեւսուրեթի, Խեւսուրեթիա (վրաց.՝ ხევსურეთი), պատմական շրջան Վրաստանի հիւսիս-արեւելքը։ Խեւսուրեթիի բնակիչները խեւսուրներն են (վրաց.՝ 'ხევსურები')՝ վրացիներու ազգագրական խումբ, որ աւանդաբար բնակած են բարձր լեռնային համայնքներուն մէջ, ուր դասային տարբերութիւն գոյութիւն չէ ունեցած։ Միջնադարուն եւ աւատատիրական ժամանակաշրջանին խեւսուրները ազատուած են հարկերէն, սակայն պարտաւոր էին պահպանել Վրաստանի հիւսիսային սահմանները։ Քարթլիի եւ Կախեթի վրայ արշաւանքներու ժամանակ խեւսուրները զօրքեր ուղարկած են Քարթլի եւ Կախեթի թագաւորներուն օգնութեան։ Անոնք կարեւորագոյն դեր կատարած են 1659-1660 թուականներուն Բախտրիոնեան ապստամբութեան ժամանակ[1]։

Չնայած անոր, որ խեւսուրները կը դաւանին քրիստոնէութիւնը եւ վրացական եկեղեցւոյ հետեւորդներ կը համարուին, խեւսուրներու կեանքին մէջ կարեւոր դեր կը կատարեն հնամեայ մինչքրիստոնէական աւանդոյթները։ 1876 թուականին հանրայայտ գերմանացի ճանապարհորդ Գուստավ Ռադէն, ըլլալով Խեւսուրեթիի մէջ, գրեց «Chewsuren und ihr Land» (Kassel, 1878) գիրքը, որ Խեւսուրեթին ներկայացուց արեւմտեան ընթերցողին։ Խեւսուրեթիի նշանաւոր վայրերէն են Շատիլի եւ Մուցո գիւղերը՝ իրենց միջնադարեան ամրոցներով, ինչպէս նաեւ Խախմաթի, Ախիելի եւ Լեբաիս Կարի ամրութիւնները։

Խեւսուրները միջինէն բարձր հասակ ունին, կապոյտ, երբեմն՝ կանաչ աչքեր եւ բաց գոյնի մազեր։

1950-ական թուականներուն խեւսուրներուն հարկադրաբար կը տեղափոխէին հարթավայրեր, որուն պատճառով շատ բարձր լեռնային գիւղեր դատարկուած են։

Խեւսուրներու հիմնական զբաղմունքը խոշոր եղջերաւոր անասուններու բուծումն է, ոչխարաբուծութիւնը եւ հողագործութիւնը, հացահատիկային բոյսերու մշակումը։

Խեւսուրները վարպետօրէն կը մշակեն բուրդը. կտորներ կը կարեն եւ գուլպաներ կը գործեն։ Բացի այդ՝ զարգացած է կարուձեւի արհեստը, ծառեր կտրելը, դարբնագործութիւնը[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Historical Dictionary of Georgia Alexander Mikaberidze Historical Dictionaries of Europe, No. 50 The Scarecrow Press, Inc. Lanham, Maryland • Toronto • Plymouth, UK 2007
  2. Большая советская энциклопедия. Гл. ред. Б. А. Введенский, 2-е изд. Т. 46. Фусе — Цуруга. 1957. 672 стр., илл. и карты; 48 л. илл. и карт.

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]