Խարազան (թերթ)

«Խարազան», երգիծական եւ քաղաքական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1909 թուականին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ Խմբագիր՝ Ա. Անտօնեան։ Քննադատած է երիտթուրքերու քաղաքականութիւնը եւ հայահալած գործելակերպը։ Արտացոլած եւ խրախուսած է արեւմտահայ մշակութային եւ հասարակական կեանքի առաջադիմական միտումները, կոչ ըրած է զբաղուիլ հայ գաղթականներու ճակատագրով։ Տպագրած է Երուանդ Օտեանի, Մ. Կիւրճեանի, Մ. Նաթանեանի երգիծական գործերը։ «Խարազան»-ին զուգահեռ հրատարակուած է նաեւ «Խարազան» օրաթերթը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։