Լուսնթագ
Լուսնթագ (լատ.՝ Jupiter; Խորհրդանիշ: ) Արեգակէն հեռաւորութեամբ հինգերորդ եւ արեգակնային համակարգի ամէնամեծ մոլորակը։ Լուսնթագի զանգուածը կը կազմէ Արեգակի զանգուածի ընդամէնը մէկ հազարերորդը (0,1%), միեւնոյն ժամանակ անիկա 2,5 անգամ մեծ է արեգակնային համակարգի բոլոր մնացած մոլորակներու ընդհանուր զանգուածին։ Սադուրնի, Ուրանոսի եւ Նեպթունի հետ միասին կը դասուի կազային հսկաներու դասակարգին։ Այս չորս մոլորակները երբեմն նաեւ միասին կ'անուանուին Լուսնթագեաններ կամ արտաքին մոլորակներ։
Լուսնթագը մարդկութեան յայտնի է հնագոյն ժամանակներէն[1], արտացոլուած է տարբեր մշակոյթներու դիցաբանութեան մէջ եւ կրօնական պատկերացումներու՝ Միջագետքի, Բաբելոնի, Յունաստանի եւ այլն։ Հռոմէացիները մոլորակը անուանած են հռոմէական աստուածներու բարձրագոյն՝ Լուսնթագ անունով։
Երկրէն դիտելը, Լուսնթագը կրնայ հասնիլ −2,94 տեսանելի մեծութեան, հետեւաբար ան Երկրի գիշերային երկինքի մեծութեամբ երրորդ պայծառ մարմինն է՝ Լուսինէն եւ Վեներայէն յետոյ (Մարսը մօտաւորապէս կրնայ հասնիլ Լուսնթագի մեծութեան միայն իր ուղեծիրի որոշակի կէտին)։
Լուսնթագը հիմնականօրէն կազմուած է ջրածինէ, իսկ հելիումը կազմած է անոր զանգուածին քառորդ մասը, միաժամանակ հելիումի մոլորակի մասնիկներու ընդամէնը 1/10-ն են։ Կրնայ ըլլալ, որ անիկա ունի ժայռային միջուկ, կազմուած աւելի ծանր տարրերէ։ Միւս հսկայ մոլորակներուն նման, Լուսնթագը չունի կարծր մակերեւոյթ։ Արագ պտտելու հետեւանքով անոր ձեւը աւելի մօտ է սեղմուած գունդի։ Արտաքին մթնոլորտը տեսանելիօրէն բաժնուած է քանի մը շերտերու, ըստ աշխարհագրական լայնութեան, որոնց հատման շերտերէն կը յառաջանան փոթորիկներ եւ կազային շարժումներ։Անոնց արդիւնքն է մեծ կարմիր հետքը: Իր տրամագիծով ան երեք անգամ կը գերազանցէ Երկիր մոլորակը։ Լուսնթագի վրայ տեղի կ'ունենայ շարք մը մթնոլորտային երեւույթներ, փոթորիկներ, կայծակներ եւ բեւեռափայլեր, որոնք քանի մը անգամ աւելի մեծ են ու հզօր, քան՝ Երկրի վրայ։
Ուղեծիրը եւ պտոյտը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լուսնթագը (կարմիր) կը կատարէ մէկ ամբողջ պտոյտ Արեգակի (կենդրոնին մէջ) շուրջ Երկրի (կապոյտ) 11,86 ամբողջական պտոյտներու ընթացքին: Լուսնթագը մոլորակներուն միջեւ միակն է, որու Արեգակի հետ համակարգի ծանրութեան կենդրոնը կը գտնուի Արեգակի մակերեւոյթէն դուրս, այնուամենայնիւ այդ հեռաւորութիւնը Արեգակի մակերեւոյթէն չափազանց փոքր է եւ կը կազմէ Արեգակի շառաւիղի 7%-ը։ Լուսնթագի եւ Արեգակի միջին հեռաւորութիւնը կը կազմէ 778 միլիոն քմ (մօտ 5,2 անգամ մեծ Արեգակի եւ Երկրի միջին հեռաւորութենէն, կամ 5,2 ա.մ.) եւ այն կ'իրականացնէ մէկ ամբողջական պտոյտ Արեգակի շուրջ 11,86 երկրային տարուայ ընթացքին։ Այս մէկը կը կազմէ Սաթուրն մոլորակի ուղեծիրային պարբերութեան երկու հինգերորդը, կազմաւորելով Արեգակնային համակարգի երկու ամէնամեծ մոլորակներու միջեւ 5։2 ուղեծրային ռեզոնանս։
Լուսնթագի առանցքի թեքումը համեմատաբար փոքր է, ընդամէնը 3,13°։ Որպէս արդիւնք մոլորակի վրայ տեղի չեն ունենար եղանակներու փոփոխութիւններ, ի տարբերութիւն, օրինակ՝ Երկրի կամ Մարսի։
Լուսնթագի պտոյտը ամէնէն արագն է Արեգակնային համակարգի մոլորակներուն միջեւ, իր առանցքին շուրջ մէկ ամբողջական պտոյտը կը տեւէ տասը ժամէն քիչ մը աւելի։ Այս արագութեան պատճառով կը ստեղծէ հասարակածին ընդլայնումը, որ դիւրաւ կարելի է նկատել Երկրի վրայ գտնուող սիրողական աստղադիտակներէն։ Մոլորակն ունի սեղմուած սֆերոիդի տեսք, այսինքն անոր հասարակածային տրամագիծը մեծ է մոլորակի բեւեռներու միջեւ ինկած հեռաւորութիւնէն։ Այս տարբերութիւնը կը կազմէ շուրջ 9275 քմ։
Քանի որ Լուսնթագը պինդ մարմին չէ, անոր մթնոլորտի վերին շերտը կ'ենթարկուի դիֆերենցիալ պտոյտի։ Լուսնթագի բեւեռային մթնոլորտի պտոյտը մօտ 5 վայրկեան աւելի մեծ է, քան հասարակածային մթնոլորտինը։ III համակարգը յայտնաբերուեր է ռատիօ աստղագէտներու կողմէ, եւ կը կապուի մոլորակի մագնիսոլորտին հետ:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Դե Կրեսպեյն Ռաֆե։ «Կայսր Հուանը եւ Կայսր Լինգը»։ Ասիայի հետազոտություններ, առցանց հրապարակումներ։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2006-09-07-ին։ արտագրուած է՝ 1 մայիս 2012