Լուսարձակ (թերթ, Գահիրէ)
«Լուսարձակ», հասարակական ու քաղաքական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1926-1928 -ին, Գահիրէի մէջ։ Արտօնատէր՝ Ս. Միսաելեան։ Ունեցած է հնչակեան ուղղուածութիւն։ Լուսաբանած է Եգիպտոսի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ գաղթօջախներու ազգային, քաղաքական կեանքը, հասարակական կազմակերպութիւններու աշխատանքը։
Որոշակի տեղ յատկացուցած է Խորհրդային Հայաստանի տնտեսական ու մշակութային անցուդարձին, աշխոյժ մասնակցած է Լենինականի (այժմ՝ Գիւմրի) երկրաշարժէն տուժածներուն օգնութիւն կազմակերպելու գործին։ Նշած է հայկական դպրոցներու դերը հայապահպանութեան հարցին մէջ, տպագրած ծաւալուն յօդուածաշար Եգիպտոսի ազգային վարժարաններու պատմութեան մասին։
Ունեցած է բժշկական բաժին, ծանօթացուցած առանձին հիւանդութիւններու ախտանշաններուն ու բուժման ուղիներուն։ Տպագրած է մարզական լուրեր, թերթօններ։