Լոռի (թերթ)

«Լոռի», խորհրդային շրջանի թերթ։ Հանդիսացած է ՀԿԿ Թումանեանի շրջանային կոմիտէի, աշխատաւորներու դէպուտատներու շրջանային եւ Ալաւերդի քաղաքային խորհուրդներու օրգանը։ Առաջին անգամ լոյս տեսած է 1965 թուականին, Ալաւերդիի մէջ։

Լուսաբանած է ԽՄԿԿ եւ ՀԿԿ կենտկոմներու որոշումները, լուսաբանած շրջանի ու քաղաքի տնտեսութիւններու եւ արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու աշխատանքները։

Տպագրած է մարզական, մշակութային, միջազգային եւ հանրապետական լուրեր, գրական էջեր, բժշկական եւ իրաւաբանական տեղեկութիւններ։

Յաջորդած է «Պղնձի ֆրոնտում» (1931-1962), «Կոմունիզմի համար» (1962-1963, միջշրջանային), «Լոռի» (1963-1964, միջշրջանային թերթերուն։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։