Լիտիա
Լիտիա (լատ.՝ Lydia) (մ.թ.ա.12-րդ դարէն-մ.թ.ա.546), հին աշխարհի պետութիւն Փոքր Ասիոյ թերակղզիէն, կը տարածուէր Էգէական ծովէն մինչեւ թերակղզիին խորքը[1]։
Բնակչութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լիտիայի բնակչութեան ռասայական պատկանելիութիւնը անյայտ է։ Ընդհանրապէս Լիտիայի բնակչութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած են խէթերը. ենթադրուած է, որ Լիտիայի թագաւորական սերունդներէն մէկը ունեցած է խէթական ծագում։ Բնակչութեան խօսակցական լեզուն եղած է լիտիերէնը, որ պատկանած է հնդեւրոպական լեզուաընտանիքի անատոլիական խումբին։ Գրագրութիւնը կատարուած է լիտիական այբուբենով, որ յունականին մօտ է։
Մշակոյթը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լիտիական մշակոյթը այլազան ու բարդ երեւոյթ մըն է։ Լիտիացիները գործածած են յունական այբուբենը: Լիտիայի մէջ զարգացած է բժշկութիւնը եւ դեղագործութիւնը։ Լիտիացիները կառուցած են անառիկ ամրոցներ, թագաւորական դամբարաններ, բարդ արհեստական ջրամբարներ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լիտիական պետութեան պատմութիւնը մեզի հասած է հնադարեան գրականութեան բնորոշ կիսառասպելական տեսքով, ինչպէս նաեւ դրուագային տեղեկութիւններ արեւելեան, յատկապէս ասորեստանեան աղբիւրներէն։ Բայց Լիտիական թագաւորութեան մասին ամէնահաւաստի տեղեկութիւնները մեզի հասած են հնագիտական պեղումներու միջոցաւ, որոնք իրականացուած են 1958 թուականին Լիտիայի մայրաքաղաք՝ Սարդի շրջակայքին մէջ։ Քաղաքական կառավարական առումով Լիտիան միապետութիւն էր. պետութեան գլխաւոր կառավարիչն էր թագաւորը։ Թագաւորին իշխանութեան շրջանակը իր թիկնազօրն ու բանակն էր, յատկապէս մեծ դեր ունէին լիտիական այրուձին եւ հանրայայտ մարտակառքերը։ Արտաքին եւ ներքին կարեւոր հարցերու որոշումներ կայացնելու համար տեղի կ'ունենար ազգային ժողովը, բայց թագաւորական իշխանութեան ամրապնդման հետ աստիճանաբար ան կը կորսնցնէ իր նշանակութիւնը։ Լիտիական պետութեան ծաղկման սկիզբը կը համարուի մ.թ.ա. 7-6-րդ դարերը, երբ իշխանութեան գլուխ անցաւ Մերմնադների դինաստիան, որուն հիմնադիրը կը համարուի Գիգէսը։ Ան նշանաւոր էր, բայց թագաւորական տոհմին չէր պատկաներ եւ իշխանութիւնը բռնագրաւած էր պալատական յաջողութեան շնորհիւ։
Տնտեսութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լիտիայի տնտեսութեան հիմնական ուղղութիւնը հողագործութիւնն էր, քանի որ անոր աշխարհագրական դիրքը եւ կլիմայական պայմանները նպաստաւոր էին հողագործութեամբ զբաղուելու համար։ Անծայրածիր արօտավայրերը հնարաւորութիւն կու տային նաեւ զբաղուելու անասնապահութեամբ եւ յատկապէս ձիաբուծութեամբ։ Գտնուելով յունական եւ հին արեւելեան մշակոյթներու հատման օղակին մէջ, Լիտիական պետութիւնը կը գործադրէր գործունեայ առեւտրական գործունէութիւններ։ Հնադարեան աղբիւրներուն համաձայն, Լիտիան կը համարուի մետաղադրամի հայրենիքը։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Բ.Ի. Կուզիշինայ, Հին Արեւելքի պատմութիւն, 2003