Jump to content

Լիբանանի Քաղաքական Վիճակը Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի Ընթացքին

Նահանգային Շրջաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օսմանեան կայսրութեան մնացեալ նահանգներուն նման, կրեց պատերազմին հետեւանքները. մասնակցեցաւ պատերազմին, վճարեց տուրքերը եւ իր երիտասարդները մեկնեցան պարտադիր զինուորութեան։

Գաւառներուն մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժխտեց 1861-ի դիւանագիտական կարգուձեւի (փրոթոքոլ) օրէնքները եւ վերջ դրուեցաւ իր ինքնիշխանութեան շրջանը։

Օսմանեան Բանակին Մուտքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օսմանեան բանակը մուտք գործեց Լեռնալիբանան, տարածուելով լեռնային մեծաթիւ շրջաններուն մէջ եւ կարգ մը վանքեր եւ եկեղեցիներ վերածելով զօրանոցներու։

Քրիսոնեայ Գաւառապետի Պաշտօնազրկում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճեմալ Փաշան ճնշում բանեցուց ծագումով հայ գաւառապետ Յովհաննէս Գույումճեանի վրայ, ստիպելով որ ան հրաժարի եւ իր տեղ նշանակեց օսմանցի Իսլամ գաւառապետ Ալի Մունիֆ Բէկը, որուն յաջորդեցին Իսմայիլ Հաքի եւ Մումդէզ Պէք։

Ճեմալ Փաշան կը Լուծէ Գաւառի Տնօրինութեան Խորհուրդը եւ Կ'աքսորէ Անոր Նախագահը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան կը նշանակէ նոր խորհուրդ մը, կը մեկուսացնէ նոր պաշտօնեաներ եւ զանոնք կը փոխարինէ թուրքերով։

Օտար առանցնաշնորհումներու ջնջումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճեմալ Փաշա օգտագործեց պատերազմական վիճակը, ջնջեց օտար տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային այլազան առանցնաշնորհումները եւ գրաւեց Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Ռուսիոյ եւ Իտալիոյ ունեցուածները։

Ճնշում Մարոնի Կրօնականներու Վրայ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարոնի եպիսկոպոսները կը վայլէին առանցնաշնորհումներ եւ չէին ենթարկուեր այն հրովարտակներու օրէնքներուն, որ պետութիւնը կը պարտադրէր հոգեւոր պետերուն, Սուլթանէն հրովարտակ պահանջելը հնազանդութեան խորհրդանիշ էր։ Երբ պատերազմը ծագեցաւ, Ճեմալ Փաշան օգտագործեց առիթը եւ ճնշեց Էլիաս Ալ Հուէիք պատրիարքին վրայ մինչեւ որ ան հրովարտակ խնդրեց։

Ճեմալ Փաշա Ահքամ Ալ Աուրֆիյյա պարտադիր դարձուց զինուորագրութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատեց զինուորական դատարանը Ալէյի մէջ եւ հոն քաղաքական դէմքեր ձեւական դատաւարութիւններու ենթարկուելէ ետք՝ բանտարկուեցան, կախաղան բարձրացան կամ ալ աքսորուեցան։

Քաղաքական Հետապնդումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Օսմանցիներու Սուէզի պատերազմին կրած պարտուդենէն ետք, Ճեմալ Փաշա արաբները մեղադրեց դաւաճանութեամբ, եւ հրահանգեց փակել թերթերը, լուծել կազմակերպութիւնները, հետապնդել հայրենասէրները ու ձեռբակալել օտար դեսպանատուներու մէջ աշխատող պաշտօնեաներն ու թարգմանիչները։
  • Ազգասէր թղթակիցներ, գրագէտներ եւ մտաւորականներ ձեռբակալուեցան ու զինուորական դատարանի մէջ ձեւական դատավարութիւններէ ետք կախաղան բարձրացան։

Լիբանանցիներուն Հակազդեցութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիբանանցիներէն մեծ մաս մը՝

  1. Անդամակցեցաւ գաղտնի կազմակերպութիւններու։
  2. Միացաւ Բրիտանական բանակին Եգիպտոսի մէջ։
  3. Մասնակցեցաւ Արաբական Յեղափոխութեան ղեկավարութեամբ Շարիֆ Հսէինի։
  • Գիրք التاريخ العالمي الحديث - السنة الثانويّة الثالثة - جميع الفروع - էջ 12-13-14/ Թարգմանուած