Լա Թոմաթինա

Լա Թոմաթինան լոլիկներով կռիւի փառատօն մըն է, որ տեղի կ'ունենայ ամէն տարի` Օգոստոս ամսուան վերջին Չորեքշաբթին[1], Սպանիոյ Վալենսիա նահանգին մօտ գտնուող Պունիոլ քաղաքին մէջ[2]:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ոչ մէկը յստակօրէն գիտէ, թէ այս աւանդական փառատօնը ինչպէ՛ս սկսած է 1940-ական թուականներու կէսերուն: Ենթադրութիւններէն մէկը այն է, որ տօնակատարութեան մը ընթացքին, դժգոհ քաղաքացիներ քաղաքի պատասխանատուներուն վրայ լոլիկներով յարձակած են: Մարդիկ այնքան հաճոյք զգացած են այս պատահարէն, որ ուզած են զայն կրկնել յաջորդ տարին: Այսպէս ծնած է նոր աւանդութիւն մը:

Խաղին օրէնքները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կէսօրէ առաջ մօտաւորապէս ժամը 11:00-ին, փոխադրակառքերը լոլիկները կը պարպեն քաղաքին կեդրոնը` Փլազա Տել Փուեպլոյի մէջ: Սկզբունքով փառատօնը կը սկսի, երբ քաջ անձ մը կը մագլցի երկու յարկանի բարձութիւն ունեցող լոլիկներու լեռն ու ձէթով ծածկուած ձողը եւ կը հասնի անոր գագաթը զետեղուած վարձատրութեան` ապուխտի միսի կտորին: Իրականութեան մէջ ասիկա երկար ժամանակ կը տեւէ, եւ ժողովուրդը անհամբեր կը դառնայ: Հետեւաբար, մինչ մագլցողը կը շարունակէ իր ճամբան, վարը լոլիկի կռիւը արդէն կը սկսի երբ ջուրի խողովակները կը թնդան:

Սակայն նոյնիսկ այս «խառնակութիւնը» ունի իր օրէնքները. մասնակցողները պէտք չէ իրենց հետ ունենան շիշեր կամ առարկաներ, որոնք կրնան վիրաւորել շուրջինները, շապիկները քաշքշելը եւ պատռելը արգիլուած է, պէտք է լոլիկները ճզմել ձեռքին մէջ նետելէ առաջ, որպէսզի անոնք նուազ վնասեն, եւ վերջապէս` անմիջապէս դադրիլ, երբ վերջաւորութեան զարկը հնչէ:

Մէկ ժամ ետք կռիւը վերջ կը գտնէ: Այլեւս ո՛չ մէկը կրնայ լոլիկ մը նետել: Մաքրութեան ժամը կը հնչէ:

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]