Jump to content

Լացը

Լացը, կ'արտայայտուի երկարատեւ նեարդային լարուածութեան հետեւանքով: Անիկա կրնայ ըլլալ ոչ միայն բացասական, այլեւ դրական յոյզերու դրսեւորում։

Որոշ տարիքի երեխաներ կրնան լալ նաեւ ցաւի պատճառով։

Բոլոր երեխաները կու լան, քանի որ լացը միակ միջոցն է իրենք զիրենք արտայայտելու, բան մը հասկցնելու համար:

Անոնք կու լան, երբ՝

  • Անօթի ըլլան:
  • Եթէ վատ ինքնազգացողութիւն ունին (երբ մսին, տաքնան, ուշադրութեան պակաս զգան, եւ այլն):
  • Եթէ ցաւ ունին: Երեխաները յաճախ ականջի, լինտերու կամ փորի ցաւեր կ'ունենան:
  • Եթէ ձանձրանան: Հաւանական է, որ անոնք ձանձրացած կ'ըլլան նոյն դիրքով, նոյն տեղը պառկելէ, նոյն անհետաքրքիր առաստաղը դիտելէ եւ այլն[1]:
  • Եթէ յոգնած են:

Լալու բարիքները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Արցունքները խոնաւ կը պահեն եւ չեն ձգեր, որ աչքերը չորնան:
  • Արցունքները կը մաքրեն աչքերը, հոն տեղաւորուած փոշին, նոյնիսկ մանր իրերը կը չքանան:
  • Արցունքները կը մեղմացնեն հոգեկան ցաւերը:
  • Արտասուելը կ'օգնէ յաղթահարելու ընկճախտային վիճակները եւ հարթել անոնց հետեւանքները:
  • Արտասուելէ ետք  զարկերակը եւ շնչառութիւնը կը դանդաղին եւ մարմինին լարուած մկանները կը թուլնան:
  • Արցունքները կարողութիւնը ունին մեռցնելու որոշ պաքթերիաներ` շնորհիւ լիսոզիմ կոչուած հեղուկին[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]