Jump to content

Ժորժէթ Աւագեան

Ժորժէթ Աւագեան
Ծնած է 6 Դեկտեմբեր 1938
Մահուան վայր Երուսաղէմ
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն Երուսաղէմի Հայ Դատի գրասենեակի ատենապետ
Մասնագիտութիւն լեզուաբան եւ պատմաբան
Աշխատավայր մանկավարժ

Ժորժէթ Աւագեան երուսաղէմահայ ազգային-հասարակական գործիչ, Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ, մանկավարժ, լեզուաբան եւ պատմաբան: Աւագեան կը տիրապետէր հայերէնին, արաբերէնին, անգլերէնին, եբրայերէնին, թրքերէնին (օսմանեան եւ ժամանակակից) եւ ֆրանսերէնին:

Արմատներս Կիլիկիայէն են, ծնողներս այնթապցի են: Մեծ հայրս՝ Գէորգ Աւագեանը, Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներէն էր։ Ջարդի օրերուն ան Կ.Պոլիս էր, թուրքերը 350 հոգիի հետ իրեն ձերբակալած են, ու ան այլեւս չէ վերադարձած: Մայրական կողմէն մեծ հօրս անունն ալ Գէորգ եղած է, ան թրքական ջարդերու ժամանակ ռումբեր պատրաստեր է: Ապա հասած Յորդանանի Էրպիտ քաղաք, հիւանդացած եւ մահացած է: Մինչեւ հիմա կը փնտռեմ անոր գերեզմանը եւ չեմ գտներ: Մայրս՝ Օվսաննան, Այնթապէն Դամասկոս գացած է, յետոյ իրեն մօրեղբայրը, որ Պէյրութի հայոց որբանոցի տնօրէնն էր, տարած է զինք Պէյրութ:[1]
- Ժորժէթ Աւագեան


Ժորժէթ Աւագեան ծնած է 6 Դեկտեմբեր 1938-ին, Պաղեստինի Ռամի գիւղը: Ան աւարտած է տեղւոյն երկրորդական վարժարանը: 1960-ին աւարտած է Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանը՝ ստանալով Պսակաւոր արուեստից վկայականը՝ կրթութեան կառավարում եւ կրթական հոգեբանութիւն մասնագիտութեամբ: 1966-ին ստացած է նոյն համալսարանէն Պսակաւոր արուեստից աստիճանը՝ մասնագիտութեամբ արաբերէնի եւ արաբ գրականութեան ու ընդհանուր եւ Միջին Արեւելքի պատմութեան մէջ։ 1972-ին աւարտած է Եբրայական համալսարանի դասական արաբերէն բաժինը՝ ստանալով մագիստրոսի վկայականը:

1976-1977, վերապատրաստման ծրագիրով մեկնած է Միացեալ Նահանգներ եւ ուսանած «Հարվըրտ» համալսարանի Կրթութիւն եւ կրթութեան կառավարում ճիւղը:

1990-ին ստացած է Եբրայական համալսարանի Միջին Արեւելքի պատմութեան բաժինի դոկտորի կոչումը:

Ուսուցչական եւ դասախօսական ասպարէզ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժորժէթ Աւագեան աշխատանքային իր գործունէութիւնը սկսած է 1957-ին՝ 18 տարեկանին, իբրեւ ուսուցիչ: Տարի մը ետք ան նշանակուած է դպրոցի տնօրէնի պաշտօնին, զոր վարեց մինչեւ 2003:

1982-2003, ան դասախօսած է Հայֆայի համալսարանի Միջին Արեւելքի պատմութեան բաժինին մէջ։ Դասախօսած է նաեւ Իսրայէլի տարբեր քոլեճներու մէջ:

Կրթութեան նախարարութեան յանձնաժողովներու մասնակից

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժորժէթ Աւագեան քանի մը անգամ ընդգրկուած է Իսրայէլի կրթութեան նախարարութեան արաբական եւ հրէական դպրոցներու ուսումնական ծրագիրներու պատրաստման յանձնաժողովներուն մէջ եւ յաճախ ներկայացուցած է Իսրայէլի պետութիւնը՝ նախագահելով արտասահման գործուղուած բազմաթիւ պատուիրակութիւններու:

Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադիր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1974-ին Աբրահամ Սուրթուկեանի հետ հիմնադրած է Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբը:

1985էն կը զբաղեցնէր Երուսաղէմի Հայ Դատի գրասենեակի ատենապետի պաշտօնը:

ՀՅԴ Երուսաղէմի կոմիտէի անդամ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1991-էն Ժորժէթ Աւագեան անդամակցած է ՀՅԴ կուսակցութեան: 1995էն սկսեալ եղած է ՀՅԴ Երուսաղէմի կոմիտէի անդամ: Ան յաճախ ներկայացուցած է ՀՅԴ Իսրայէլի շրջանը եւ Երուսաղէմի Հայ Դատի գրասենեակը Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ կազմակերպուած ժողովներուն եւ համագումարներուն:

Անդամակցութիւն քաղաքացիական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժորժէթ Աւագեան կ՛անդամակցէր նաեւ տեղական հրէական եւ պաղեստինեան շարք մը քաղաքացիական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու: Ժորժէթ Աւագեանի՝ Իսրայէլի Մերեց կուսակցութեան եւ այլ քաղաքական կուսակցութիւններու հետ գործակցութեան իբրեւ արդիւնք՝ վերջին տարիներուն քանի մը անգամ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը դրուեցաւ Իսրայէլի Քնեսեթի օրակարգին վրայ:

«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը. Իսրայէլի տեսակէտը» նիւթը ներկայացուց Երուսաղէմի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժորժեթ Աւագեան` մանրամասն կերպով անդրադառնալով Երուսաղէմի մէջ, Քնեսեթի մէջ տարուող ճիգերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ Ցեղասպանութիւնը ճանչցնել տալ Իսրայէլի կողմէ: Ժ. Աւագեան այս գծով փոխանցեց շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ, որոնք բոլոր ներկաներուն համար նորութիւն էին: Ականատեսի եւ այս աշխատանքներուն լաւատեղեակ գործօն անդամի անոր տուած տեղեկութիւնները, ապրուած օրինակները մեծ հետաքրքրութեամբ ընկալուեցան ներկաներուն կողմէ: Թուրք եւ ազերի պետութեանց կողմէ տարուող հակահայ հսկայական քարոզչութեան դիմաց, Հայ դատի յանձնախումբերուն լուրջ եւ հետեւողական աշխատանքին ներկայացումը, ներկայ հանրութեան համար, տեղեկատուական իմաստով մեծ արժէք ունէր, մանաւանդ որ դասախօսը ի՛նք այս հարցերուն քաջածանօթ եւ թափուող ճիգերուն մէջ յատուկ բաժին ունեցող անձ մըն է: Դասախօսութեան յաջորդեցին հարցումներ` յաւելեալ լուսաբանութիւններ ունենալու համար համայն հայութիւնը յուզող Հայ դատի հետապնդումի աշխատանքներուն մասին:[2]


Համալսարան ընդունուելէ յետոյ Հայ դատի արդարացի լուծման պահանջը աւելի արթնցաւ իմ հոգիիս մէջ` դառնալով հրամայական պահանջ: Այդպէս, Ապրիլ 24-ը համալսարանին մէջ նշելու միտք յառաջացաւ մօտս: Իմ եւ համախոհ ընկերներուս ջանքերով Երուսաղէմի մէջ առաջին անգամ Հայոց ցեղասպանութիւնը նշեցինք 1970 թուականին: Եաֆֆայի մէջ 1965 թուականին արդէն նշուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակը:[1]
- Ժորժէթ Աւագեան


Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի շքանշանի եւ պատուոգիր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1988-ին Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժէն ետք ան ուղեկցած է Իսրայէլէն օգնութեան ժամանած մասնագիտական խումբին եւ տեղւոյն վրայ համակարգած իսրայէլեան մարդասիրական օգնութեան աշխատանքները: Իր օժանդակութիւնը շարունակած է նաեւ Իսրայէլի մէջ, շուրջ 70 անդամալոյծ վիրաւորներու բուժման եւ վերականգնողական աշխատանքներուն, որուն համար արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի շքանշանին եւ պատուոգիրին:

Ժորժէթ Աւագեանին շնորհուած է Հայաստանի անձնագիր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1988-1994, Ժորժէթ Աւագեան նշանակալիօրէն օժանդակութիւն ցուցաբերած է Արցախեան հերոսամարտին՝ կազմակերպելով դրամահաւաքներ: Հայրենանուէր իր գործունէութեան համար 2005-ին անոր շնորհուած է Հայաստանի անձնագիր:

Պարգեւատրուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ոսկի մետալով

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան նշանակալի ծառայութիւններ մատուցելու, Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ, Սփիւռքի զանազան համայնքներու միջեւ կապերու ամրապնդման գործին մէջ ներդրում ունենալուն, նոր սերունդին եւ երիտասարդութեան ուսուցման ու հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ ձեռք բերած յաջողութիւններուն, ազգային-հասարակական գործունէութիւն ծաւալելուն, ինչպէս նաեւ հայապահպանման գործին մէջ մեծ աւանդ ունենալուն համար, Ժորժէթ Աւագեան 2017-ին պարգեւատրուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ոսկի մետալով:

1988-1994-ներուն Ժորժէթ Աւագեան իր նշանակալի օժանդակութիւնը բերած է Արցախեան հերոսամարտին` կազմակերպելով դրամահաւաք եւ նուիրատուութիւններ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]