Թրուպատուր
Թրուպատուր, 11-13-րդ դարերուն Ֆրանսայի հարաւը՝ Փրովանսի մէջ հանդէս եկած բանաստեղծ-երգիչներ, որոնք տուեալ ժամանակի եւրոպական քաղաքակրթութեան առաջատարերէն էին։
Ընդհանուր տեղեկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]11-13-րդ դարերուն Ֆրանսայի մէջ ժողովրդական բանաստեղծութեան եւ եկեղեցական գրականութեան կողքին եւ ատոնց ազդեցութեամբ առաջ եկաւ նաեւ գրական երրորդ հոսանքը՝ ասպետական բանաստեղծութիւնը։ Ծնունդ առաւ անհատական քնարերգութիւնը, որ իր ամէնավառ արտայայտութիւնը գտաւ թրուպատուրներու երգերուն մէջ։ Թրուպատուրները հանդէս եկան Փրովանսի մէջ։ Առաջին գրական լեզուն նորագոյն ազգերու մէջ մշակուեցաւ Փրովանսի մէջ, որ մատուցեց ինքնատիպ ու անկրկնելի քնարերգութիւն։
Պահպանուած են 2500-էն աւելի երգեր, որոնք կը վերագրուին շուրջ 500 թրուպատուրներու, որոնցմէ 30-ը կանայք են։ Առաւել նշանաւոր թրուպատուրներու թիւը կը հասնի չորս տասնեակի։ Այդ բանաստեղծներուն մէջ եղեր են 4-5 արքաներ, քանի մը տասնեակ խոշոր աւատատէրեր, ինչպէս եւ ռամիկ խաւի մարդիկ։ Սակայն թրուպատուրական բանաստեղծութեան հիմնական օճախը ասպետական միջավայրն էր։ Թրուպատուրներու բանաստեղծութեան վրայ նկատելի է թէ' Փրովանսալական ժողովրդական բանարուեստի եւ թէ' Արեւելքի, յատկապէս արաբ-անտալուզեան բանաստեղծութեան ազդեցութիւնը։ Այնուամենայնիւ թրուպատուրներու բանաստեղծութիւնը խիստ ինքնատիպ է ու անհատական։
Անոնց սիրերգութեան մեջ արտայայտուեր է սիրոյ Քուրթուազական (պալատական, նրբակիրթ) ընկալումը։ Անոնք կ'աստուածացնէին սիրած կնոջը՝ Տոննային, որ, որպէս օրէնք, ամուսնացած կին էր։
Թրուպատուրները մեր հին գուսաններու նման կը յօրինէին թէ' երգերու բնագիրները եւ թէ' մեղեդիները եւ իրենք ալ կը կատարէին երաժշտական գործիքներու նուագակցութեամբ։ Անոնք դուրս կու գային մրցավէճերու, հրապարակային ելոյթներու։
Մեր օրերը հասած բնագրերուն մէջ կան 900-ի հասնող տաղաչափական ձեւեր։ Նախասիրած տաղաչափական ժանրերն էին քանցոնը (երգ), ողբը, ալպան (ցայգերգ), բասթորելը (հովուերգ), թենցոնը (վիճերգ), պալլատը (պարերգ)[1]։
Թրուպատուրական քնարերգութեան անկումը սկսաւ 13-րդ դարու սկիզբները, յատկապէս ալպիկոյեան կոչուած պատերազմներու ժամանակ (1209-1229), երբ Փրովանսը նուաճուեցաւ հիւսիս-ֆրանսական աւատատէրերու կողմէ[2]։