Թրիփետալիա Մայփոէնսիս
Արտաքին տեսք
Թրիփետալիա Մայփոէնսիս, տուփ. ծովամօր շատ թունաւոր, նոր տեսակ մըն է:
Յայտնաբերում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2023-ին, Հոնկ Քոնկի հիւսիսը, Մայ Փոյի պահպանուած բնութեան հողաշերտին մէջ մասնագէտներ կ'ուսումնասիրէին ջուրին որակը: Իրենց ցանցը ցեխոտ լճակին ջուրերուն մէջ մխրճելու ընթացքին, անոնք դէմ դիմաց կը գտնուին խորանարդաձեւ փոքրիկ էակի մը, որ 24 աչք ունէր:
Քննութիւններէ եւ ուսումնասիրութիւններէ ետք գիտնականները կը նշմարեն, որ ան տուփ. ծովամօր շատ թունաւոր, նոր տեսակ մըն էր:
Անոր կը տրուի Թրիփետալիա Մայփոէնսիս անունը. ան նուազ քան 1 սմ մեծութիւն ունի, թափանցիկ մարմին մը եւ 3 շօշափուկներ: Անոր 24 աչքերը 6 – 6 խմբուած են. 2 մեծերը կը ծառայեն նկարները տեսնելու, իսկ 4 աւելի փոքրերը լոյսը կը նշմարեն[1]: