Թորոնթոյի Հայերը
Հայերը Թորոնթոյի մէջ, Թորոնթոյի մէջ հայերը բնակութիւն հաստատած են 19-րդ դարու վերջէն։ Սակայն համայնքը սկսած է կազմաւորուիլ 1920-ական թուականներուն։ 1916 թուականին Լեւոն Պապայեանին նախաձեռնութեամբ հիմնադրուած է Հայ Օգնութեան Միութիւնը, 1923 թուականին՝ ՀԲԸՄ Թորոնթոյի մասնաճիւղը։ 1953 թուականին կառուցուած է Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցին, կը գործէն նաեւ Սուրբ Խաչ, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիները, որոնց կից՝ միօրեայ դպրոցներ։ Համայնքը ունի երեք ամենօրեայ վարժարան։ Ազգային կուսակցութիւնները ներկայ են համայնքին մէջ իրենց կոմիտէներով, ակումբներով, մասնաճիւղերով։ 1934-ին, Գարեգին Նժդեհ, Գանատայի հարաւային Օնթարիոյի Սէնթ Գաթրինզ քաղաքին մէջ հիմնուած է Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան առաջին մասնաճիւղը: Մինչեւ 1974, Հիւսիսային Ամերիկայի երիտասարդական միութիւնները վարած է մէկ կեդրոնական վարչութիւն[1]:
Կը գործէն ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլերեան» կոմիտէն (1956 թուականէն) ՀՅԴ երիտասարդական միութեան «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղը, ՌԱԿ «Եսայի Եագուպեան» ակումբը (1967 թուական), ՍԴՀԿ Մոնրէալի Թեքէեան մշակութային միութեան «Նայիրի» պարախումբը «Փարամազ» մասնաճիւղը (1983 թուականէն), ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» (1964 թուականէն), Թեքէեան (1967 թուականէն), Համազգային (1969 թուականէն[1]), ունի «ժորժ Սարգիսեան» թատերախումբ, «Գուսան» երգչախումբ, «Էրեբունի» պարախումբ), Նոր սերունդ (1978 թուականէն) Թորոնթոյի Սուրբ Խաչ ազգային վարժարանի աշակերտական մշակութային միութիւնը, Պոլսահայ մշակութային համահայկական հիմնադրամի միութիւնը (1988 թուականէն), «Հայաստան» (1993 թուականէն), Հայկական ժամանակակէն հետազոտութիւններու եւ փաստագրութեան Զորեան հիմնարքը (1985 թուականէն) մասնաճիւղերը, Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանը (1979 թուականէն), Պապայեան հիմնարկը, Հայ Դատի Յանձնախումբը, Տարեց քաղաքացիներու ընկերութիւնը, «Կոմիտաս» երաժշտական միութիւնը։ Լոյս կը տեսնէ «Թորոնթոհայ» ամսագիրը, «Նոր Սերունդ» ամսագիրը, ՀԲԸՄ «Խօսնակ Թորոնթոյի», «Լուսաբաց» պարբերականները։ Կը գործէ «Հայ Հորիզոն» հեռուստակայանը։
1974-ին Թորոնթոյի մէջ հիմնուած է «Արփի» մանկամսուր-մանկապարտէզը, Արփի Մերասի նախաձեռնութեամբ, ուր սորված են հայ եւ տարբեր ազգութիւններէ հազարաւոր երեխաներ[2]։
Տեղի հայերու գլխաւոր հաւաքատեղին Հայ Կեդրոնն է։ Թորոնթօն գանատահայութեան երկրորդ մեծ կեդրոնն է Մոնրէալէն ետք։ Ներկայիս այդտեղ կը բնակի շուրջ 27 հազար հայ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 «Քոյր Միութիւններ | acctoronto.ca» (hy-AM)։ արտագրուած է՝ 2019-09-26
- ↑ LLC VIP Studio։ «Գանատահայ երեխաները յարգած են «Արփի» մանակմսուրի հիմնադիր՝ Արփի Մերասի յիշատակը»։ arevelk.am (hyw)։ արտագրուած է՝ 2019-09-26