Թեսեւսի նաւ

Թեսեւսի նաւ անունով յայտնի պարադոքսը վեր հանած է այն հարցը, թէ արդեօ՞ք որեւէ առարկայի մասերը հիմնաւորապէս նորերով փոխարինելու պարագային կրնայ համարուիլ, որ առարկան նոյնը մնացած է: Պարադոքսը յայտնի դարձած է առաջին դարու վերջէն «Թեսեւսի Կեանքին» մէջ Պղուտարքոսի նկարագրածով:
Պարադոքսը քննարկած են այլ անտիք իմաստասէրներ, ինչպէս Պղատոնը[1], ապա յետագային՝ Թոմաս Հոպսը եւ Ճոն Լոքը:

Հարցին Էութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նաւը, որով Թեսեւսը եւ աթէնացի պատանիները վերադարձան Կրետէէն, ունէր երեսուն թի եւ աթենացիները պահեցին անիկա մինչեւ անգամ Դեմետրիուս Փաղերեւսի ժամանակները, որուն համար անոնք կը հանէին նաւու մաշուած մասերը, տեղը դնելով նորերն ու աւելի ամուրները, մինչեւ որ սա նաւը իմաստասէրներու համար դարձաւ կանգուն առարկայ մը տրամաբանական հարցի բանավէճի համար՝ մի մասը կը պնդէր, թէ նաւը նոյնը մնացած է, միւս մասը կը պնդէր, թէ նոյնը չէ մնացած:
- Պղուտարքոս

Արիստոթելեսի Պատճառները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արիստոթելեսի իմաստասիրական դպրոցի համաձայն գոյութիւն ունի առարկան նկարագրող մի քանի պատճառ՝ ձեւը, նիւթը եւ էութիւնը (որն, Արիստոթելեսի ուսմունքի համաձայն ամենակարեւոր բնութագիրն է): Այդ իմաստասիրութեան համաձայն, նաւը նոյնը մնացած է, քանի որ անոր էութիւնը չէ փոխուած, այլ միայն՝ մաշուած նիւթը:

«Նոյնի» Սահմանումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սա որոշման համաձայն, առարկաները կրնան «նոյնն» ըլլալ որակապէս եւ/կամ քանակապէս: Սա պարագային, տախտակը փոխելէն ետք Թեսեւսի նաւը նիւթապէս կը մնայ նոյնը, իսկ որակապէս՝ այլ: Լուծման խնդիրն անիկա է, որ չափազանց մեծաքանակ բնութագրիչներու ներմուծման պարագային կը կորսցնուէ նոյնականութեան ցանկացած հնարաւորութիւն (զորօրինակ, այդ նոյն նաւը, առանց որեւէ տախտակ փոխելու, տարածութեան մէջ իր դիրքը փոխելով, կրնայ համարուիլ «այլ» նաւ մը):

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Plato (1925)։ Parmenides 9։ London: Harvard University Press։ էջ 139