Թալիպան
Թալիպան طالبان | |
---|---|
![]() | |
Տեսակ | ահաբեկչական կազմակերպություն?, քաղաքական շարժում?, ռազմական կազմակերպություն?, կրոնական կազմակերպություն? եւ Քաղաքական Կազմակերպութիւն |
Գաղափարախօսութիւն | Իսլամիզմ?[1], Pashtunwali?[2], Deobandi?[3], religious nationalism?, Islamic fundamentalism? եւ Jihadism? |
Հիմնադիր | Մուհամմադ Օմար? եւ Աբդուլ Ղանի Բարադար? |
Ղեկավար | Մուհամմադ Օմար?, Ախթար Մանսուր? եւ Հայբաթուլա Ախունձադա? |
Ղեկավար կեդրոն |
Աֆղանիստան Պակիստան Քաթար |
Առաջացման երկիր |
![]() |
Գործունէութեան տարածք |
![]() |
Ստեղծման տարեթիւ | 1994 |
Կայք | alemarahenglish.af |
Taliban Ուիքիպահեստին մէջ |
Թալիպան մահմետական ահաբեկչական խումբ մըն է, որ կը գործէ յատկապէս Աֆղանիստանի տարածքներէն ներս:
2021 Օգոստոս 15-ին անոնք գրաւեցին Քապուլը եւ գրեթէ բոլոր Աֆղանիստանը:[4]
Թալիպներ, Թալիպան (փուշթու՝ طالبان – մետրեսէի ուսանողներ), իսլամական շարժում, որ սկիզբ առած է Աֆղանիստանի մէջ՝ պուշթուններու շրջանին՝ 1994 թուականին եւ ներկայիս փաստացի կը ղեկավարէ Աֆղանիստանը։ Նաեւ կը ղեկավարէ Աֆղանիստանը 1996-2001 թուականներուն («Աֆղանիստանի Իսլամական Էմիրութիւն»)։ Այդ շրջանին Աֆղանիստանի Իսլամական Էմիրութիւնը դիւանագիտօրէն ճանչցած էին երեք պետութիւններ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Փաքիստանը եւ Սէուտեան Արաբիան։ 2016 թուականէն Թալիպան շարժման առաջնորդն է Հայպաթուլլահ Ախունտզատան։
«Թալիպան» շարժումը միջազգային մակարդակով դատապարտուած է իսլամական շարիաթի օրէնքներուն իրենց մեկնաբանութիւնը խստօրէն պահպանելու համար, ինչ որ յանգեցուցած է բազմաթիւ աֆղաններու նկատմամբ դաժան վերաբերմունքի։ 1996-2001 թուականներուն կառավարման ժամանակ թալիպները եւ իրենց դաշնակիցները զանգուածային սպանութիւններ իրականացուցած են խաղաղ աֆղաններու դէմ, մերժած՝ ՄԱԿ-ի պարէնի մատակարարումները 160 000 սովեալ քաղաքացիական անձերու համար, այրած՝ բերրի հողերու հսկայական տարածքներ եւ ոչնչացուցած տասնեակ հազարաւոր տուներ։ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան տուեալներով՝ թալիպները եւ անոնց դաշնակիցները պատասխանատուութիւն կը կրեն 2010 թուականին Աֆղանիստանի քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին մէջ զոհերու 76 տոկոսի, 2011 եւ 2012 թուականներուն՝ 80 տոկոսի համար։ Թալիպները իրականացուցած են նաեւ մշակութային ցեղասպանութիւն՝ ոչնչացնելով բազմաթիւ յուշարձաններ, այդ կարգին՝ Պուտտայի պամիանական 1500-ամեայ յայտնի արձանները։
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը Թալիպանը ճանչցած է ահաբեկչական կազմակերպութիւն 2003 թուականին։
2021 թուականին ՆԱԹՕ-ի զօրքերու Աֆղանիստանէն դուրսբերման զուգահեռ՝ թալիպները գրաւեցին նշանակալի տարածքներ Աֆղանիստանի բոլոր երկրամասերուն մէջ։ 2021 թուականի Օգոստոս 15-ի դրութեամբ՝ Աֆղանիստանի տարածքի ճնշող մեծամասնութիւնը, այդ կարգին՝ մայրաքաղաք Քապուլը կը գտնուի թալիպներու վերահսկողութեան տակ։[5]
Ստուգաբանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Թալիպան» (փուշթու՝ طالبان [ṭālibān]) բառը փաշթոյէն թարգմանաբար կը նշանակէ «աշակերտներ» եւ «թալիպ» բառի յոգնակին է։ Անիկա կազմուած է արաբերէնէն փոխ առնուած «թալիպ» (արաբերէն՝ طالب [ṭālib] – «աշակերտ», «ուսանող») բառէն, որուն աւելացուած է պարսկերէն յոգնակի թիւի «ան» (փուշթու՝ ان) վերջաւորութիւնը։ Արաբերէնին մէջ «Թալիպան» (արաբերէն՝ طالبان) բառը կը նշանակէ ո՛չ թէ «աշակերտներ», այլ «երկու աշակերտ» (երկակի թիւ)։ Այդ պատճառով Թալիպանի անուան թարգմանութիւնը երբեմն որոշակի շփոթմունքի տեղի կու տայ արաբներու մօտ։ Անգլերէնին մէջ կարելի է հանդիպիլ մէկ թալիպի «Թալիպան» կոչելու դէպքեր։ Խումբի վերաբերեալ յոգնակիի նշանակութեամբ օգտագործուելէն բացի «Թալիպան» բառը կրնայ օգտագործուիլ նաեւ մէկ մարդու վերաբերեալ։ Օրինակ՝ Ճոն Ուոքըր Լինտը (անգլերէն՝ John Walker Lindh, ԱՄՆ քաղաքացի, որ անդամակցեցաւ Թալիպանին) կը յիշատակուի որպէս «ամերիկեան Թալիպան», ո՛չ թէ որպէս «ամերիկեան թալիպ»։ Փաքիստանի անգլիալեզու թերթերուն մէջ «Թալիպաններ» (անգլերէն՝ Talibans) բառը յաճախ կ'օգտագործուի այն ժամանակ, երբ խօսքը կը վերաբերի մէկէ աւելի Թալիպաններու։ «Թալիպան» (Taliban) գրելաձեւն անգլերէնի մէջ կը գերակշռէ «Թալեպան» (Taleban) ձեւի նկատմամբ[6][7]։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թալիպանը հիմնադրուած է 1994 թուականի Սեպտեմբերին մոլլա Մուհամմատ Օմարի կողմէ՝ իրեն հարազատ Քանտահար քաղաքին մէջ։ Խումբը կազմուած էր մետրեսէի աշակերտներէն եւ Խորհրդային Միութեան ներխուժման դէմ մարտնչած մուճահետներէն։ Ամիսներու ընթացքին թալիպներու թիւը հասած էր 15 000 մարդ, ընդգրկելով հազարաւոր մետրեսէի աշակերտներ Փաքիստանէն եւ ստանալով զգալի ֆինանսական եւ ռազմական օգնութիւն Փաքիստանի հետախուզական ծառայութենէն։ 1994-ի Նոյեմբեր 3-ին թալիպները գրաւած են Քանտահարը։
1995 թուականին հաւանաբար ԱՄԷ-ի կողմէ ֆինանսաւորուող[8] թալիպները գրաւած են Հիլմենտը, ոչնչացուցած են Գուլպետտին Հեքմաթիյարի զինեալները, սակայն Քապուլի մօտ անոնց կանգնեցրուցած են Ահմատ Շահ Մասուտի տիվիզիաները։ Անոնք վերահսկած են Աֆղանիստանի տարածքի մէկ երրորդ մասը՝ երկրի հարաւ-արեւելքը։
1996 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին թալիպներն առանց մարտի գրաւած են Քապուլն ու հիմնած՝ Աֆղանիստանի Իսլամական Էմիրութիւնը։ Անոնց վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ անոնք մտցուցած են շարիաթական իրաւունք։ Թալիպներու վարչակարգի ընդդիմութիւնը կազմած է Հիւսիսային ալեանսը, որ գլխաւորաբար կազմուած էր տաճիկներէ (Ահմատ Շահ Մասուտի եւ Պուրհանուտտին Ռապպանիի գլխաւորութեամբ) եւ ուզպեկներէ (գեներալ Ապտուլ Ռաշիտ Տուստումի գլխավորութեամբ) եւ օգտուած է Ռուսաստանի աջակցութենէն։ Ահաբեկիչ Ուսամա Պն Լատենին ապաստան տալն ու պուտտայական ճարտարապետութեան յուշարձաններու (Պուտտայի բամիանական արձաններ) ոչնչացումը թալիպներու համար ստեղծած է բացասական համբաւ համաշխարհային հանրութեան աչքին։
2001 թուականի Սեպտեմբեր 11-ի ահաբեկչական գործողութենէն յետոյ ԱՄՆ-ը սկսած է հակաահաբեկչական գործողութիւն ընդդէմ Աֆղանիստանի Իսլամական Էմիրութեան եւ հիւսիսային ալեանսի աջակցութեամբ տապալած թալիպներու վարչակարգը։ Թալիպներն անցած են ընդյատակ եւ մասամբ հեռացած հարեւան Փաքիստան։ 2003 թուականի Մայիսին Թալիպանի առաջնորդները տեղեկացուցին, որ վերախմբաւորուած են եւ պատրաստ են փարթիզանական պատերազմի ԱՄՆ-ի դէմ։ 2004 թուականին մոլլա Օմարը փարթիզանական պատերազմ յայտարարեց «Ամերիկայի եւ իր խամաճիկներուն դէմ»[9]։
Ըստ «Իսլամական ճիհատի միութիւն» իսլամիստական մարտական կազմակերպութեան ռազմական ամիր Հարուն ապու Մուհամմատի խօսքերուն՝ 2014 թուականի Մարտի վերջի դրութեամբ Թալիպանը փաստացիօրէն վերահսկած է Աֆղանիստանի տարածքի շուրջ 70 %-ը, այդ կարգին նաեւ Հելմանդ, Քանտահար, Պակտիա, Ուրուզգան, Նուրիստան, Կունար, Բադախշան, Զաբուլ, Ղազնի եւ այլ գաւառներ։ ՆԱԹՕ-ի կոալիցիայի դիրքերը դեռեւս ամուր եղած են Քապուլի եւ Մազարի Շարիֆի մէջ։ Թալիպներու շարքերուն մէջ մեծցեր է սալաֆիներու թիւը[10]։
2013 թուականի Ապրիլ 23-ին Փաքիստանի մէջ մահացած է Թալիպանի հիմնադիր եւ առաջնորդ մոլլա Մուհամմատ Օմարը[11]։ Թալիպները գաղտնի պահած են մոլլա Օմարի մահուան փաստը մինչեւ 2015 թուականը[11]։ Օմարին յաջորդեց Ախթար Մանսուրը որպէս շարժման գերագոյն հրամանատար։
2014 թուականի Մայիս 31-ին Թալիպանն Աֆղանիստանի մէջ գերի մնացած վերջին ամերիկացիին՝ Պոուի Պերտկալին փոխած է Կուանթանամոյի բանտի հինգ կալանաւորներու հետ, որոնք նախապէս բարձր պաշտօններ զբաղեցուցած էին Էմիրութեան մէջ[12][13]։
Գերմանիայի պաշտպանութեան նախարարութեան նախկին սթաթս-քարտուղար Անդրէաս ֆոն Պիւլովը 2002 թուականի Յունուար 13-ին գերմանական «Տագեսշպիգել» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, որ «Թալիպան» շարժումը ստեղծուած է Կենդրոնական հետախուզական վարչութեան համագործակցութեամբ[14].
ԱՄՆ յատուկ ծառայութիւններու որոշիչ աջակցութեամբ առնուազն 30 հազար մուսուլման զինեալներ մարզուած են Աֆղանիստանի ու Փաքիստանի մէջ, այդ կարգին նաեւ մոլեռանդներու խումբ, որոնք պատրաստ էին մինչեւ հիմա ալ պաշտպանած իրենց գաղափարն ու հայրենիքը։ Անոնցմէ մէկը Ուսամա պն Լատենն է։ Ես դեռ քանի մը տարի առաջ գրած էի. ահա ԿՀՎ-ի այդ վիժուածքէն ծագած է Թալիպանն Աֆղանիստանի մէջ, որ Ղուրանի հիման վրայ նախապատրաստուած է ամերիկացիներու ու Սէուտեան Արաբիայի բնակիչներու օգնութեամբ ֆինանսաւորուող դպրոցներուն մէջ։
Մամուլին մէջ եղած են նաեւ այլ յայտարարութիւններ 1980-ական թուականներուն ԽՍՀՄ-ի դէմ կռուող զինեալներուն, այդ կարգին նաեւ թալիպներուն ԱՄՆ-ի՝ օժանդակութիւն ցոյց տալու վերաբերեալ[15][16], թէեւ 1980-ական թուականներուն Թալիպանը դեռ գոյութիւն չունէր։
2016 թուականի Մայիս 21-ին ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքը հրթիռային հարուած հասցուցած է այն մեքենային, ուր ենթադրաբար գտնուած է շարժման առաջնորդ Ախտար Մանսուրը։ Մայիս 22-ին Թալիպանի առաջնորդի մահուան մասին լուրը հաստատած են խմբաւորման բարձրաստիճան հրամանատար մոլլա Ապտուլ Ռաուֆն ու Աֆղանիստանի վարչապետ Ապտուլլա Ապտուլլան։
Հրթիռային հարուածը տեղի ունեցած է Աֆղանիստանի ու Փաքիստանի միջեւ ինկած սահմանամերձ շրջանին մէջ։ Գործողութեան մասնակցած են քանի մը ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքեր, որոնց նպատակակէտը եղած է այն մեքենան, որուն մէջ մեջ ենթադրաբար եղած են զինեալները[17]։
Թալիպան շարժման մէջ Ախտար Մանսուրին յաջորդած է Մավլավի Հայպաթուլլա Ախունձավան՝ առաջնորդի դիրքով[18]։
2017 թուականի Օգոստոսին Թալիպանի ներկայացուցիչները նամակ ուղարկած են ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփին՝ անոր կոչ ընելով հանել ԱՄՆ զօրքերը Աֆղանիստանէն[19][20]։
2018 թուականի Յունիս 9-ին անոնք 17 տարուայ մէջ առաջին անգամ յայտարարած են ժամանակաւոր զինադադար Աֆղանիստանի կառավարութեան հետ, որ տեւած է մինչեւ Յունիս 15[21]։ Յունիսի 21-ի լոյս 22-ի գիշերը թալիպները կատարած են առաջին յարձակումը աֆղանական կառավարական ուժերուն վրայ[22]։
2018 թուականի Օգոստոս 19-ին Աֆղանիստանի նախագահ Աշրաֆ Հանի Թվիթերին մէջ յայտարարած է, որ Օգոստոս 20-էն զինադադար հաստատուած է Թալիպանի դէմ կռուի գծով, այն պայմանով, որ խմբաւորումը կը պատասխանէ փոխադարձութեամբ[23]։
2019 թուականի Մայիսի վերջը տեղի ունեցաղ է Աֆղանիստանի մէջ տիրող դրութեան խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ արգիլուած Թալիպանի ներկայացուցիչներու եւ Ռուսաստանի պաշտօնական ներկայացուցիչներու միջեւ, որոնց կարգին եղած է նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերգեյ Լավրովը։ Թալիպներու պատուիրակութիւնը, որ կազմուած էր 14 հոգիէ, գլխաւորած է մոլլա Պարատար Ախունտը[24]։
2020 թուականի Փետրուար 29-ին Թալիպանի եւ ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչներ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքեցին Տոհայի մէջ, որու պայմաններով ԱՄՆ-ը խոստացած է իրականացնել իր եւ ՆԱԹՕ-ի բոլոր զօրքերու դուրսբերումն Աֆղանիստանէն, մինչդեռ Թալիպանը խոստացած է արգիլել «Ալ-Գաիտա» ահաբեկչական կազմակերպութեան գործունէութիւնն իր վերահսկողութեան ներքոյ գտնուող տարածքներուն մէջ եւ խաղաղութեան մասին բանակցութիւններ ձեռնարկել Աֆղանիստանի իշխանութիւններուն հետ[25]։ Աֆղանիստանի գործող իշխանութիւնները Տոհայի մէջ կնքուած համաձայնագրի կողմ չեն եղած[25]։
2021 թուականին ԱՄՆ-ի զօրքերու Աֆղանիստանէն դուրսբերումին զուգահեռ՝ թալիպները գրաւած են նշանակալի տարածքներ Աֆղանիստանի բոլոր երկրամասերուն մէջ[26]։ 2021 թուականի Օգոստոս 15-ի դրութեամբ՝ Աֆղանիստանի տարածքի ճնշող մեծամասնութիւնը, այդ կարգին՝ մայրաքաղաք Քապուլը կը գտնուէր թալիպներու վերահսկողութեան տակ[26]։
Գաղափարախօսութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թալիպներու պաշտօնական կրօնն իսլամի այնպիսի ուղղութիւնն է, ինչպիսին է աշարիականութիւնը. իւրաքանչիւր ոք, որ կը հակադրուի այդ գաղափարախօսութեան, ըստ զինեալներու, մոլորեալ է ու ենթակայ է հալածանքի։ Թալիպանն իր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ մուծած է շարիաթի նորմերը, որոնց կատարումը խստօրէն կը վերահսկուի։ Արգիլուած են հեռուստատեսութիւնը, երաժշտութիւնն ու երաժշտական գործիքները, կերպարուեստը, ալգոհոլը, համակարգիչները եւ համացանցը, շախմատը, սպիտակ կօշիկը (սպիտակը թալիպներու դրօշի գոյնը), սեքսի մասին բաց քննարկումները եւ այլն[27]։ Տղամարդկանց կը պարտադրուի անպայման ունենալ որոշակի երկարութեամբ մօրուք։ Կանանց արգիլուած է աշխատիլ, բուժուիլ արական սեռի բժիշկներու մօտ, բաց դէմքով եւ առանց ամուսինին կամ արական սեռի ազգականի յայտնուիլ հասարակական վայրերու մէջ, զգալիօրէն սահմանափակուած է կրթութեան հասանելիութիւնը կանանց համար (2001 թուականին աղջիկները կազմած են դպրոց յաճախողներու միայն 1 %-ը)։
2001 թուականի Փետրուար 26-ին մոլլա Օմարը հրապարակած է հրամանագիր՝ երկրի բոլոր ոչ իսլամիստական յուշարձաններու աւերման մասին[28]։ Կեանքի կոչելով հրամանագիրը՝ նոյն թուականի Մարտին թալիպները պայթեցուցած են Պուտտայի բամիանական արձանները, որ քանդակուած էին Բամիանի ժայռերուն 3-րդ եւ 4-րդ դարերուն, ինչ որ քննարկումներու տեղի տուած է համաշխարհային հասարակութեան մէջ[29]։ Թալիպներու գործողութիւնները քննադատուած են նաեւ շարք մը մուսուլմանական երկիրներու հանրութիւններուն կողմէ[30]։
Թալիպները հանդէս կու գան յօգուտ կանանց կրթութեան արգելման։ Անոնց յարձակումներու թիրախ յաճախ կը դառնան դպրոցներ։
Ահաբեկչական գործողութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 2009 թուականի Հոկտեմբեր 8-ին մահապարտ ահաբեկիչը պայթեցուցած է ականապատ մեքենան Քապուլի մէջ Հնդկաստանի դեսպանատան մօտ։ Զոհուած է 17 մարդ (2 ոստիկան եւ 12 խաղաղ բնակիչ), իսկ աւելի քան 80-ը ստացած են վնասուածքներ։ Ահաբեկչութեան կազմակերպման պատասխանատոււթիւնն իրենց վրայ վերցուցած են «Թալիպան» շարժման ներկայացուցիչները[31][32]։
- 2009 թուականի Հոկտեմբեր 28-ին թալիպները Քապուլի մէջ յարձակած են հիւրանոցի վրայ, որու պատճառով ՄԱԿ-ի 6 աշխատակից զոհուած է, 9-ը՝ վիրաւորուած։
- 2010 թուականի Օգոստոս 6-ին Աֆղանիստանի Բադախշան շրջանին մէջ թալիպները սպաննած են International Assistance Mission միջազգային բարեգործական քրիստոնէական կազմակերպութեան տասը անզէն աշխատակիցներ, որոնք բժշկական օգնութիւն կը ցուցաբերէին աֆղաններուն։ Սպաննուածներու կարգին եղած են վեց ամերիկացիներ, մէկ բրիտանուհի,։
- 2011 թուականի Հոկտեմբեր 31-ին մահապարտ ահաբեկիչի կողմէ Քանտահարի մէջ կազմակերպուած պայթիւնի հետեւանքով զոհուած են ՄԱԿ-ի երեք աշխատակիցներ, տեղի ոստիկանութեան պետը եւ քանի մը այլ մարդիկ։ Թալիպանն իր վրայ վերցուցած է ահաբեկչութեան կազմակերպման պատասխանատուութիւնը[33][34]։
- 2012 թուականի Սեպտեմբեր 4-ին մահապարտ ահաբեկիչի կողմէ Աֆղանիստանի Նանգարհար շրջանին մէջ տեղի ունեցող յուղարկաւորութեան ժամանակ կազմակերպուած պայթիւնին զոհուած է առնուազն 20 եւ վիրաւորուած աւելի քան 50 մարդ։ Բոլոր զոհերը եղած են խաղաղ բնակիչներ։ Ահաբեկչութեան կազմակերպման պատասխանատուութիւնն իր վրայ վերցուցած է «Թալիպան» շարժումը[35]։
- 2014 թուականի Յունուար 17-ին մահապարտ ահաբեկիչն ինքզինք պայթեցուցած է Քապուլի մէջ լիբանանեան ճաշարանի մօտ։ Զոհուած է 21 մարդ, այդ կարգին՝ ՄԱԿ-ի չորս աշխատակից։ Ահաբեկչութեան կազմակերպման պատասխանատուութիւնն իրենց վրայ վերցուցած են «Թալիպան» շարժման ներկայացուցիչները[36][37]։
Յայտնի են դէպքեր, երբ թալիպներու զոհ դարձած են անչափահասները։ Այսպէս, 2007 թուականին Պակտիկ շրջանին մէջ թալիպները գնդակահարած են դպրոցական մը, անոր համար, որ ան ուսանած է անգլերէն[38]։ 2010 թուականին Հիլմենդ շրջանին մէջ անոնք մահապատիժի ենթարկած են 7-ամեայ տղայի, որ մեղադրուած է լրտեսութեամբ[39]։ 2011 թուականին անոնք կախած են 8-ամեայ տղայ մը, որուն հայրը, աշխատելով ոստիկանութեան մէջ, հրաժարած էր անցնիլ իրենց կողմը[40]։
Թվաքանակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1995 – 25 հազար զինեալներ
- 1998 – շուրջ 110 հազար զինեալներ[41]
- 2006 – շուրջ 12 հազար
- 2010 – 27 հազար[42]
- 2014 – 52-60 հազար[43][44]
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Why are Customary Pashtun Laws and Ethics Causes for Concern?
- ↑ UNDERSTANDING TALIBAN THROUGH THE PRISM OF PASHTUNWALI CODE
- ↑ Taliban - Oxford Islamic Studies Online
- ↑ BBC՝ Թալիպան Աֆղանիստանի իշխանութեան կը տիրանայ (անգլերէն): Արտագրուած է՝ 17 Օգոստոս 2021
- ↑ (հայերեն) Թալիբան, 2024-11-20, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D4%B9%D5%A1%D5%AC%D5%AB%D5%A2%D5%A1%D5%B6, վերցված է 2025-04-15
- ↑ «English <-> Arabic Online Dictionary»։ Ectaco։ 2006 թ․ դեկտեմբերի 28։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ սեպտեմբերի 2
- ↑ Adam Curtis։ «From 'Taleban' to 'Taliban'»։ BBC։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ սեպտեմբերի 2
- ↑ Կաղապար:Ռուսերեն գիրք
- ↑ Gall Carlotta (2004 թ․ նոյեմբերի 13)։ «Asia: Afghanistan: Taliban Leader Vows Return»։ New York Times
- ↑ Интервью с военным амиром Иттихад исламского джихада Archived 2014-04-07 at the Wayback Machine. // sodiqlar.info, 26.03.2014
- ↑ 11,0 11,1 «Власти Афганистана: лидер талибов мулла Омар мертв»։ BBC News Русская служба (ռուսերեն)։ 2015 թ․ հուլիսի 29։ արտագրուած է՝ 2021 թ․ օգոստոսի 17
- ↑ Афганистан: единственный военнопленный из США освобожден // Русская служба Би-би-си, 31.05.2014
- ↑ Боуман М. Законодатели требуют ответов на вопросы об освобождении Бергдала Archived 2014-06-06 at the Wayback Machine. // Голос Америки, 05.06.2014
- ↑ «Da sind Spuren wie von einer trampelnden Elefantenherde»։ Der Tagesspiegel (գերմաներեն)։ 13.01.2002։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ փետրվարի 4-ին։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ նոյեմբերի 5
- ↑ Joseph Fitchett (26 сентября 2001)։ «What About the Taliban's Stingers?» (անգլերեն)։ International Herald Tribune։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ փետրվարի 4-ին։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ նոյեմբերի 5
- ↑ ROBERT PEAR (18 сентября 1988)։ «Arming Afghan Guerrillas: A Huge Effort Led by U.S..» (անգլերեն)։ The New York Times։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ փետրվարի 4-ին։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ նոյեմբերի 5
- ↑ Командир «Талибана» подтвердил гибель лидера движения // Известия, 22.05.2016
- ↑ Талибы назначили преемника своего убитого лидера // Интерфакс, 25.05.2016
- ↑ «Талибы призвали Трампа вывести войска из Афганистана»։ РИА Новости։ 15.08.2017
- ↑ Меликов В. (15.08.2017)։ «Талибы потребовали от Трампа убрать американские войска из Афганистана»։ Федеральное агентство новостей։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019 թ․ ապրիլի 22-ին։ արտագրուած է՝ 2019 թ․ սեպտեմբերի 13
- ↑ «Талибы впервые за 17 лет объявили временное перемирие с правительством Афганистана»։ gordonua.com։ արտագրուած է՝ 2018 թ․ օգոստոսի 20
- ↑ «15 members of uprising force killed in Taliban attacks»։ Pajhwok Afghan News։ արտագրուած է՝ 2018 թ․ օգոստոսի 20
- ↑ «Ashraf Ghani on Twitter»։ Twitter (ռուսերեն)։ արտագրուած է՝ 2018 թ․ օգոստոսի 20
- ↑ «В Москву вновь приехали талибы, они встретились с Лавровым»։ svoboda.org։ Радио Свобода։ 2019 թ․ մայիսի 28։ արտագրուած է՝ 2019 թ․ հունիսի 6
- ↑ 25,0 25,1 «US and Taliban sign deal to end 18-year Afghan war»։ BBC News։ 2020 թ․ փետրվարի 29։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021 թ․ հունվարի 5-ին
- ↑ 26,0 26,1 «Захват талибами Афганистана: что известно на этот момент»։ BBC News Русская служба (ռուսերեն)։ 2021 թ․ օգոստոսի 15։ արտագրուած է՝ 2021 թ․ օգոստոսի 15
- ↑ Amy Waldman A Nation Challenged: the Law; No TV, no Chess, No Kites: Taliban’s Code, from A to Z. // New York Times, 22.11.2001
- ↑ * Талибы разрушат памятники «неисламских» религий // Утро.ру, 27.02.2001
- Решение талибов уничтожить статуи Будды необратимо Archived 2013-05-12 at the Wayback Machine. // Пресс-центр, 01.03.2002
- Талибы уничтожили статуи Будды в Бамиане Archived 2010-03-23 at the Wayback Machine. // Лента.ру, 09.03.2001
- ↑ * Тульский М. ООН против талибов // Независимая газета, 01.03.2011
- Тульский М., Карабааги О. Талибы разрушают буддийские памятники // Независимая газета, 14.03.2011
- ↑ * Мусульманские страны осудили акт уничтожения талибами буддистских памятников архитектуры Archived 2013-05-12 at the Wayback Machine. // РБК, 01.03.2002
- Муфтий Египта призвал талибов отменить решение об уничтожении памятников доисламского периода в Афганистане Archived 2013-05-12 at the Wayback Machine. // РБК, 01.03.2002
- ↑ Taliban kill 17 in Indian embassy bombing in Kabul Կաղապար:V
- ↑ Bombing at Indian Embassy in Kabul Kills 17 Archived 2014-01-03 at the Wayback Machine. Կաղապար:V
- ↑ Deadly blast hits Kandahar Կաղապար:V
- ↑ Taliban attack targets U.S. agency in Kandahar Archived 2011-11-22 at the Wayback Machine. Կաղապար:V
- ↑ При взрыве в Нангархаре погибли не менее 20 мирных жителей Կաղապար:V
- ↑ В теракте в Кабуле погиб гражданин России
- ↑ IMF and UN officials killed in Kabul restaurant attack
- ↑ В афганской провинции Пактика талибы убили школьника за изучение английского языка Archived 2012-03-15 at the Wayback Machine. Կաղապար:V
- ↑ Афганские талибы казнили за шпионаж семилетнего ребёнка Կաղապար:V
- ↑ Боевики движения Талибан казнили восьмилетнего ребёнка Կաղապար:V
- ↑ Государственный и Политический строй Афганистана
- ↑ «Талибы в Афганистане увеличили свою численность на 35 процентов»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010 թ․ ապրիլի 29-ին։ արտագրուած է՝ 2019 թ․ սեպտեմբերի 11
- ↑ Jihadist threat not as big as you think (Opinion) Archived 2019-02-09 at the Wayback Machine. // CNN, 26.09.2014
- ↑ Akmal Dawi Despite Massive Taliban Death Toll No Drop in Insurgency Archived 2016-08-03 at the Wayback Machine. // Voice of America, 06.03.2014