Էրկէն էշ

Էրկէն էշը (երկար էշ), Ուրֆայի ամէնէն ժողովրդական խաղերէն, կը խաղան երկու մրցակից խումբերով, իւրաքանչիւրը տասնեակի մը չափ անդամներով։
Խումբերէն մէկուն խմբապետը կը կանգնի պատի մը տակ, կռնակը պատին տուած։ Ճիշդ խմբապետին դիմաց, անոր խմբակիցները՝ մէկը միւսին ետեւ կանգնած, կը կազմեն ուղիղ եւ մօտ երկու մեթրանոց կամուրջանման գիծ մը՝ կռնակնին ու գլուխնին կքողներէ բաղկացած։ Այսինքն, անոնք ամբողջ մէջքով կը կռանան եւ կքած գլուխները դէպի խմբապետը ուղղուած։
Մրցակից խումբին անդամները մէկ առ մէկ պիտի փորձեն ցատկել այս կամուրջին վրայ եւ անոր վրայ հեծած մնալ։ Առաջին ցատկողները պէտք է փորձեն կարելի եղածին չափ հեռու ցատկիլ եւ իյնալ խմբապետին մօտակայ տեղ մը, որպէսզի յաջորդող խմբակիցներուն ցատկելու եւ իյնալու միջոց ստեղծուի։ Ամէն ցատկող պէտք է անշարժ մնայ իր ինկած տեղը եւ արգիլուած է ոստումէն ետք կատարուած ամէն յառաջացում։ Վերջաւորութեան մրցակից խումբին բոլոր ցատկողները կը սեղմուին մարդկային այս կամրջին վրայ։
Կամուրջ կազմողները պէտք է ամուր կանգնին եւ դիմանան իրենց վրայ ցատկածներուն ծանրութեան եւ ճնշումին։ Կը պարտուին երբ անոցնմէ մէկն ու մէկը տապալի եւ այս ձեւով նաեւ կամուրջն ալ փլի։ Ցատկող խումբը կը պարտուի, երբ կամուրջին վրայ հեծնողներէն մէկն ու մէկին ոտքը գետին դպնայ[1]։
Այլ տարբերակ՝ (Buck, Buck) (նաեւ ծանօթ որպէս «Ճոնին-յենուած-քուռակին» [Johnny-on-a-Pony] կամ «Ճոնին-քուռակին-վրայ» [Johnny-on-the-Pony]), մանկական խաղ մըն է, որ ունի քանի մը տարբերակներ։ Խաղին մէկ տարբերակը կը խաղցուի, երբ «խաղացողներէն մէկը կը ցատկէ միւսին կռնակը», եւ մագլցողը կը գուշակէ «տեսողութենէ հեռու գտնուող որոշ առարկաներու քանակը»։ Խաղին մէկ այլ տարբերակը կը խաղցուի «խաղացողներու մէկ խումբին կողմէ, որոնք կը ցատկեն երկրորդ խումբին կռնակին՝ կարելի եղածին չափ մեծ կոյտ մը կազմելու կամ տակը գտնուող խաղացողները փլցնելու նպատակով»[2]։
Դեռեւս ԺԶ. դարուն, Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ երեխաները կը խաղային «Buck, Buck», որ կը կոչուէր «Bucca Bucca quot sunt hic?» (Պուքքա, Պուքքա, քանի՞ հատ են հոս)։ Փիթըր Պրէօկէլ Աւագի «Մանկական խաղեր» (1560) նկարը կը պատկերէ երեխաներ, որոնք կը խաղան այս խաղին մէկ տարբերակը։ Ժողովրդագէտներ (folklorists) Այոնա եւ Փիթըր Օփի կը պնդեն, թէ խաղին արմատները կը հասնին մինչեւ Ա. դար՝ Ներոնի ժամանակաշրջանը[3]։
Ժողովրդական մշակոյթի մէջ[4]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պիլ Քոզպիի 1967-ի «Revenge» (Վրէժ) ալպոմը կը ներառէ «Buck, Buck» վերնագիրով կտոր մը, ուր ան կը նկարագրէ իր մանկութեան այդ խաղը խաղալը։ Ան կը նշէ, թէ իր ծննդավայր Ֆիլատելֆիոյ մէջ այն կը կոչուէր «Buck Buck», իսկ Նիւ Եորքի մէջ ծանօթ էր որպէս «Johnny on the Pony»։ Այս կտորին մէջ առաջին անգամ կը ներկայացուի «Ֆեթ Ալպըրթ» (Fat Albert) կերպարը՝ «աշխարհի ամենասարսափելի Buck Buck փլցնողը», որ «2,000 փաունտ կը կշռէր» եւ փողոցէն վազած ատեն կրնար երկրաշարժներ պատճառել։ Այս կերպարը հետագային հիմք դարձաւ «Fat Albert and the Cosby Kids» ծաղրանկարային շարքին, որ կը ներառէ Buck Buck-ի նուիրուած դրուագ մը (1-ին տարեշրջան, 6-րդ դրուագ)։ Ֆեթ Ալպըրթն ու իր ընկերները նաեւ Buck Buck կը խաղան 2004-ի «Fat Albert» ֆիլմին մէջ։ Նոյն պատմութիւնը, փոքր-ինչ այլ ձեւով, տեղ գտած է նաեւ Քոզպիի «Childhood» (Մանկութիւն) գիրքին մէջ։
2014-ի «Teenage Mutant Ninja Turtles» (Նինճա Կրիաները) ֆիլմին մէջ, հերոսները կը գործածեն Buck Buck խաղը որպէս յարձակում, որ առանցքային դեր կը խաղայ գլխաւոր չարագործին յաղթելու գործին մէջ[5]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Էրկէն էշ
- ↑ (անգլերեն) Buck buck, 2026-02-06, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Buck_buck&oldid=1336914289, վերցված է 2026-04-15
- ↑ (անգլերեն) Buck buck, 2026-02-06, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Buck_buck&oldid=1336914289, վերցված է 2026-04-15
- ↑ (անգլերեն) Buck buck, 2026-02-06, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Buck_buck&oldid=1336914289, վերցված է 2026-04-15
- ↑ Herbert, Daniel (2020-09-15), Rethinking the ‘Supersystem’: Film Reboots and the Teenage Mutant Ninja Turtles, Edinburgh University Press, pp. 19–32, ISBN 978-1-4744-5136-9, https://doi.org/10.3366/edinburgh/9781474451369.003.0002, վերցված է 2026-04-15