Էվրիփու նեղուց

Հարաւային Էվոյիքոս ծոց․ նկարին վերը ձախին՝ էվրիփու նեղուցը

Էվրիփու նեղուց երկայն ու նեղ ջրանցք, Ատիկէ նահանգին եւ Էվիա կղզիին միջեւ։

Հակիրճ տեղեկութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Էվրիփու նեղուցը Էվոյիքոս ծոցը կը բաժնէ երկու մասի․ հիւսիսային եւ հարաւային։ Երկայնքն է 40 մեթր, լայնքը՝ 39 եւ խորութիւնը՝ 8,5։

6000 տարի առաջ, նեղուցը խրամահատով փակուած էր եւ երկրաշարժ մը զայն բաժնած է։

Ծովու խաղացք (մակընթացութիւն եւ տեղատուութիւն)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Էվրիփուի մակընթացութիւնն եւ տեղատուութիւնը իւրայատուկ երեւոյթ մըն են։ Նեղուցին ջուրերը մնայուն շարժումի մէջ են եւ միաժամանակ իրենց հոսանքի ուղղութիւնը կը փոխեն․ ուրիշ անգամ դէպի հիւսիս եւ ուրիշ անգամ դէպի հարաւ։ Հետեւողական ուսումնասիրութիւններ կը ցուցնեն թէ 22-23 օր 6 ժամ անգամ մը ջուրերը ուղղութիւն կը փոխեն (11-12 օր նոր լուսընկայի շուրջ եւ նոյնքան՝ լիալուսնի շուրջ), իսկ ամսուան մնացեալ 6-7 օրերու ընթացքին հոսանքը անկանոն կը դառնայ․ 24 ժամուայ մէջ մինչեւ 14 անգամ ուղղութիւն կը փոխէ։

Էվրիփու նեղուցի կամուրջներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկու կամուրջներ նեղուցը կը ճեղքեն (երկուքն ալ Հալքիտա)․ նոր (բարձր) կամուրջը եւ հին կամուրջը։ Տե՛ս բուն արձանագրութիւն՝ Էվրիփու նեղուցի կամուրջներ։

[1] [2] [3]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]