Jump to content

Զստաջիղի Ցաւ Կամ Զստաջղատապ


Զստաջիղի Ցաւ Կամ Զստաջղատապ (Sciatica), զստաջիղը մարմինին ամէնէն մեծ եւ երկար ջիղն է: Զստաջիղին գրգռութիւնը կը յառաջացնէ զանազան աստիճանի զստաջղատապ: Անոր ցաւը կը զգացուի նստատեղային տարածքէն, այսինքն` յետոյքէն սկսեալ մինչեւ ոտքերուն մատները:

Մարմինը ունի երկու զստաջիղ: Իւրաքանչիւր զստաջիղ կը կազմուի գօտկա-ողնածուծի (lumbar spinal cord) թիւ L4 եւ L5 ջիղերէն եւ սրբանա-ողնածուծի (sacral spinal cord) թիւ S1, S2 եւ S3 ջիղերու միացումով: Զստաջիղը կը ճիւղաւորուի եւ կը ջղաւորէ սրունքը եւ ոտքը ամբողջութեամբ[1]:

Զստաջիղին երկու հիմնական գործառոյթները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Անիկա ուղեղէն որոշ շարժիչ (motor) ազդանշաններ կը հաղորդէ սրունքի եւ ոտքերու  մկաններուն:
  • Ան սրունքէն եւ ոտքերէն կը հաւաքէ զգացողական (sensory) տեղեկութիւններ եւ կը հաղորդէ ուղեղին:

Զստաջիղին կամ Նստաջիղին գրգռութեան դրդպատճառները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Միջողնոսկրային (intervertebral) սալի (disc) ճողուածք-սալաթափութիւն (herniation). ճողուած սալը կամ սալերը կը ճնշեն զստաջիղին սկզբնաղբիւր հինգ ջիղերուն վրայ եւ կը յառաջացնեն ջղացաւ,
  • Տեղային եւ կամ յարակից ոսկորներու, մկաններու եւ ուռերու ճնշում,
  • Ողնայարի եւ անոր շուրջը զարգացող բորբոքումներ,
  • Ողնայարի արտաքին հարուած-վնաս,
  • Յղութեամբ մեծցած արգանդի ճնշում,
  • Զստաջիղի ոչ մանրէական բորբոքում,
  • Ողնայարի խողովակի նեղացում (vertebral canal stenosis),
  • Ողնոսկրներու հիւծում (vertebral atrophy),
  • Ողնածուծային (spinal cord) ուռեր,
  • Արտամարմնական ճնշում, օրինակ` մեծ դրամապանակի գործածութիւն տաբատի ետեւի գրպանին մէջ:

Զստաջղատապի Ախտանշաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ջղացաւ. անիկա կը նկարագրուի` իբրեւ այրուածքային կամ ժայթքող ցաւ: Ջղացաւը զգալի կ'ըլլայ կոնքին, գօտկային եւ նստատեղային տարածքին, սրունքներուն, ծունկի ետեւի փոսիկին եւ ոտքերուն մէջ: Ջղացաւը կրնայ ըլլայ կարճատեւ կամ մնայուն, ուժգին կամ մեղմ, շարունակական կամ ընդմիջումներով:
  • Ասղնտոց (tingling sensation) գօտկային եւ նստատեղային տարածքին, սրունքներուն, ծունկի ետեւի փոսիկին եւ ոտքերուն մէջ:

Յառաջացած պարագաներուն կը նշմարուի քալելու դժուարութիւն եւ անկարողութիւն: Զստաջղատապը աւելի կը վատթարանայ արագ քալելով, ոտքի կենալով, նստելով եւ ծռելով: Անիկա կը մեղմանայ կռնակի վրայ պառկելով եւ հանդարտ քալելով:

Ջղացաւին կ'ուղեկցին յաճախ սրունքներու եւ ոտքերու մկանային տկարութիւն, թմրութիւն եւ անշարժութիւն[2]:

Զստաջիղին Ցաւը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ցաւած մասը կռնակէն եւ զիստի ետեւի մասէն կ'իջնէ ծունկ, հոնկէ հասնելու համար սրունքին ետեւի մասը կամ դուրսի մասը: Ոտքին կրնայ միայն վերի մասը եւ բթամատը ցաւիլ կամ դուրսի մասը եւ միւս մատները[3]:

Ցաւին ճիշդ տեղը բժիշկին կ'օգնէ գիտնալու ճշգրիտ այն ջիղը, որ ողնայարի սիւնէն կ'ելլէ եւ որ վնասուած կամ բորբոքած է. յաճախ կը թեթեւնայ երկնցած դիրքին մէջ, սակայն կարգ մը հիւանդներ կրնան, ընդհակառակն, նուազ ցաւ զգալ երբ ոտքի վրայ կենան կամ քալեն: Յարատեւ ցաւը, երբեմն, քանի մը վայրկեանի համար կը սաստկանայ՝ երբ հիւանդը շարժի, ոտքի ելլէ կամ անկողնին մէջ դառնալ ուզէ:

Հիւանդը երբ քննուի՝ կը նկատուի, որ անոր դիրքը կամ կեցուածքը ծուռ է, անոր մարմինը մէկ կողմ կը ծռի: Հիւանդը զօրաւոր կը յենի իր առողջ կողմին վրայ, երբեմն հիւանդ կողմի կռունկը գետնին վրայ իսկ չի հանգչեցներ, վախնալով որ, այդպէս ընելով, ցաւերը կը սաստկացնէ:

Երբ հիւանդը ոտքի կենայ եւ թելադրուի, որ առջեւ, ետեւ կամ կողմնակի ծռի, երեւան կու գայ անոր ողնայարի սիւնին ճկունութեան պակասը:

Փորին վրայ պառկած հիւանդին երբ ողնայարի սիւնին վրայ ճնշուի՝ կարելի է «L5» կամ «S1» ողնին ճնշումով զօրաւոր ցաւ յառաջացնել:

Կռնակի վրայ պառկած հիւանդին ոտքը եթէ բարձրանայ, առանց ծունկը ծալլելու՝ որեւէ դժուարութիւն չի յառաջանար առողջ կողմին վրայ. իսկ հիւանդ կամ ցաւած կողմը հազիւ քիչ մը վեր վերցուցած՝ հիւանդը շատ զօրաւոր ցաւ կը զգայ իր կռնակին վարի եւ մէջտեղի մասը:

Երբեմն մկանները կրնան քիչ թէ շատ նիհարնալ, մանաւանդ երբ սիաթիքը երկար ատենէ ի վեր գոյութիւն ունի. մանաւանդ ոտքի դուրսի մասի մկանները, ինչպէս նաեւ՝ սրունքին ետեւին եւ կամ դուրսի մասը գտնուող մկանները:

  • Զստաջղատապի ախտաճանաչումը կ'իրականանայ լսելով հիւանդին պատմականը եւ հիւանդութեան ընթացքը,
  • Բժշկական մանրակրկիտ քննութեամբ,
  • Ոսկրանկարումներով,
  • Համակարգչային շերտագրական (CT Scan)  ու մագնիսարձագանգային (MRI) նկարումներով,
  • Ելեկտրամկանագրութեամբ (EMG):

Սկզբնական եւ թեթեւ պարագաներուն կը յանձնարարուի`

  • Ֆիզիքական հանգիստ, այսինքն` պառկիլ կռնակի վրայ երկու-երեք շաբաթ եւ կատարել միայն թեթեւ շարժումներ,
  • Ցաւազերծող դեղերու գործածութիւն,
  • Կանոնաւոր մարզանք` հսկողութեամբ մարզիչներու,
  • Քորթիզոն (cortisone) ներծորոյթի (hormone) ներարկում ցաւի վայրը եւ ողնածուծին մէջ,
  • Մարձում (massage) եւ մերսումաբուժութիւն (chiropractice),
  • Խստակեաց փիլիսոփայութիւն (yoga) եւ խոհականութիւն (meditation):

Հիմնական ախտապատճառը բացայայտելէ ետք կը կատարուի վերջնական դարմանումը, որ ընդհանրապէս վիրաբուժական է:

Հինէն ի վեր գոյութիւն ունին տնային դարմանամիջոցները` տաք եւ փափուկ պզտիկ վերմակի գործածութիւն, սառոյցի զետեղում` ցաւի տարածքին վրայ: Այս երկուքէն մէկը կարելի է գործածել առանձնաբար եւ կամ փոխնիփոխ:

Յառաջացած պարագաներուն տեղի կ'ունենան որոշ բարդութիւններ, ինչպէս` մէզի եւ կղկղանքի անպահութիւն (incontinence): Ասոնք կը կարօտին անմիջական վիրաբուժական դարմանամիջոցի[4]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]