Զուարթնոց (հանդէս)

Զուարթնոց, կրօնական հանդէս, հայ կաթողիկէ Զմմառեան միաբանութեան հրատարակութիւն։ Լոյս կը տեսնէ Ապրիլ 1980-էն, առաջին համարը՝ «Զմմառեանք ի սփիւռս աշխարհի» անունով։ Մինչեւ 1999 լոյս տեսած է ընդամէնը 19 համար։ Խմբագիրներ՝ Մանուէլ ծայրագոյն վարդապետ Պաթագեան, Անդրանիկ վարդապետ Կոանեան, Մեսրոպ վարդապետ Ճուրեան, Յովսէփ վարդապետ Քելեկեան, Պօղոս վարդապետ Գազանճեան, Եդիա վարդապետ Եդիայեան, Ղեւոնդ վարդապետ Քենտիրճեան, Գէորգ ծայրագոյն վարդապետ Խազումեան, Յովհաննէս վարդապետ Թէյրուզեան եւ Անդրանիկ վարդապետ Ադամեան։ Կը լուսաբանէ հայ կաթողիկէ Զմմառեան միաբանութեան գործունէութիւնը, լոյս կ՜ընծայէ հայոց պատմութեան ու մշակոյթին վերաբերող յօդուածներ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։