Զեփիւռ Ապէլ
Զեփիւռ Ապէլ | |
---|---|
| |
Ծննդավայր | Ռոտոսթօ |
Ազգութիւն | Հայաստան Հայ |
Կարողութիւն | Երգչուհի |
Ապէլ Զեփիւռ (որդ Զեփիւռ Տատիկօզեանծ) երգչուհի, ծնած է Ռոտոսթօ եւ յաճախած է Պէյրութի Ազգային վարժարանը եւ յաջող կերպով աւարտած: Ապա մտած է Սեօր տը Շառիթէներու վարժարանը եւ ամբողջացուցած է Սէռթիֆիքաի եւ Պռըվէի շրջանը փայլուն կերպով:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օրդ Զ. Ապէլի ձայնը ընտանեկան ժառանգութիւն մը ըլլալով, իր մանկութեան օրերէն երգելու փափագը իր մէջ զարգացնողը եղած է իր երաժշտասէր հայրը Միհրան Ապէլը:
Օրդ Զ. Ապէլ Պէյրութի Հայ բեմերուն վրայ իր մասնակցութիւնը բերած եւ հետզհետէ իր մէջ ուժեղ կերպով Երեւան եկած է ապագայ մեծ երգչուհիի մը շնորքը: Ապա հետեւած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Institut de Musique-ի (երաժշտանոց), ուր յաճախ երեւցած է յիշեալ հաստատութեան բեմին վրայ, եւ քանիները արժանացած են օտար արուեստագետներու անուերապահ գնահատանքին:
Զեփիւռ Ապէլ իր սօբրանոյի կիրթ եւ ախորժալուր ձայնով արդէն իսկ կը գրաւէ Պէյրութահայութեան գեղարուեստասէր մարզին մէջ ուրոյն տեղ մը: Ան յաճախ իր սիրայօժար մասնակցութիւնը բերած է հայ եւ օտար բեմերուն, ուր հասարակութիւնը միշտ ալ գիտցած է գնահատել արժէքաւոր արուեստագիտուհին:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Բ. հատոր, էջ 204։