Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան
Այս յօդուածը չի համապատասխանիր Ուիքիփետիայի հանրագիտական ոճի չափանիշներուն: Ցուցմունքներու համար կրնաք այցելել քննարկման էջը: Տե՛ս Ուիքիի ոճական ուղեցոյցը յօդուածը բարելաւելու ցուցմունքներու համար: |
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Զարեհ Քահանայ Շաքարեան | |
---|---|
Ծնած է | 1969 |
Ծննդավայր | Հալէպ |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | դպիր, ոսկերչութիւն |
Ամուսին | Ալին |
Ծնողներ | Տ. Համազասպ Ա. Քհնյ. Շաքարեանի եւ Սիրվարդ |
Երեխաներ | Համազասպ եւ Յակոբ։ |
Տ. Զարեհ Քհնյ. Շարաքեան
Աւազանի անունով Գէորգ, որդի Տ. Համազասպ Ա. Քհնյ. Շաքարեանի եւ Սիրվարդի, ծնած է Հալէպ, 1969-ին։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Ազգ. Զաւարեան վարժարանէն, իսկ միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1989-ին։
Ան ընտրած է ազատ ասպարէզ եւ հետեւած է ոսկերչութեան։ Արհեստը շուտով իւրացնելէ ետք, կ՛ունենայ իր սեփական ոսկերչութեան խանութը, ուր տարիներ աշխատելէ ետք տնտեսական կիճակր կր բարելաւէ եւ կր պատրաստուի ամուսնութեան։
Ան կ՛ընտրէ իր կեանքի ընկերը՝ Յակոբ եւ Կրէթա Ժազոյի դուստրը՝ օրդ. Ալինը, որուն հետ կր պսակուի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, Աոաջնորդ Սրբազան Հօր եւ քահանայից դասուն մասնակցութեամբ 2002-ին եւ կր բախտաւորուի երկու մանչ զաւակներով՝ Համազասպ եւ Յակոբ։
Ուսումնակրթական ու ազատ ասպարէզի կեանքին զուգահեռ, անոր նկարագիրը կազմաւորուած է եկեղեցական, կրօնաբարոյական ու ազգային-գաղափարական արժէքներով, որովհետեւ քահանայի զաւակ էր ու իր կեանքը մանկութենէն նուիրուած էր եկեղեցւոյ ու Կիրակնօրեայ դպրոցին։
Իսկ եկեղեցւոյ մէջ յարատեւ նևրկայութիւն ըլլալով, 1976-ին եղած է դպիր Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ։ 1984-ին ստացած է դպրութեան աստիճան։ Ապա, ուրարի տուչութեան արժանացած է 1992-ին, ձեոամր Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանին։
Եկեղեցւոյ կապուածութիւնը զինք առաջնորդած է դպրաց դասի վարչութեան անդամ ըլլալու։ Ապա, իր փորձաոութեամր ընտրուած է դպրաց դասի վարչութեան ատենապետ, զոր վարած է վէց տարիներ։
Երաժշտոթեան հանդէպ իր սէրը զինք առաջնորդած է ձայնամարզութեան, ձայնանիշերու դասրնթացքներուն հետեւեւու ու երգեհոն նուագելու եկեղեցւոյ մէջ։
Այս րոյոր եկեղեցականն-ազգային ծաոայութիւնները զինք հոգեպէս պատրաստած են հոգեւորական ըլլալու եւ ամբողջութեամբ նուիրուելու Հայ եկեղեցւոյ ծաոայութեան։
Ուստի, Հեռանալով անձնական աշատանքներէն ու արհեստէն ու խորապէս համոզուած, պատրաստակամութիւն կր յայտնէ ուսուցչական ասպարէզին ծաոայելու։ Բերիոյ Թեմի Աոաջնորդ Տ. Սուրէն Արք, Գաթարոյեանի տնօրինաթեամբ՝ ան կրօն կր դասաւանդէ Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի միջնակարգի դասարաններուն։ Այնուհետեւ հաստատ որոշում կ՛առնէ Դպրեվանք ուսանելու եւ քահանայութեան պատրաստուելու։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր բարեհաճ հաւանութեամբ 2001-2002 ուսումնական տարեշրջանին մուտք կր գործէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Զարեհեան» Դպրեվանքը, ուր մէկ տարի կր հետեւի քահանայից դասարանի դասընթացքներուն։
1Մայիս 2002-ին կիսասարդաւագի աստիճան կր ստանայ Անթիլիասի Ս. Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ ձեռամբ՝ Տ. Վարդան Արք, Տէմիրճեանի։ Իսկ 20 Յունիս 2001-ին, սարկաւագ կր ձեռնադրուի ձեռամբ Տ. Տիրայր Եպս. Փանոսեանի, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ։ Մէկ տարուան դասրնթացքը աւարտելէ ետք կր վերադառնայ իր ծննդավայր՝ Հալէպ։
Բերիոյ Թեմի Աոաջնորդ՝ Գերշ, Տ, Սուրէն Արք) Գաթարոյեանի ձեոամր, տիրացու Գէորգ քահանայ կր ձեոնադրուի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ 2 Մայիս 2004-ին վերակոչուելով Տ. Զարեհ եւ օծակիր ունենալով Տ, Խորէն Պէրթիղլեանր։
Քաոասնօրեայ պատրաստութեան շրջանր լրանաէ ետք նորընծայ Տ. Զարեհ հոգեւոր հովիւ կր նշանակուի Ս. Քաոասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ։
Իր Հօր՝ Տ. Համազասպին գլխաւորութեամբ կր ծանօթանայ իր ծխական ժողովուրդին եւ այնուհետեւ, կր բացուի հովուական ծաոայաթեան ընդարձակ դաշտ մր ունենալով իր առջեւ։
Մէկ շրջան՝ անդամ Թեմիս Կրօնական Ժողովին։ 2011-ին դարձեալ րնտրուեցաւ նոյն Ժողովի անդամ։ 2005-ին կր նշանակուի «Արեւիկ» թերաճներու դպրոցի խնամակալութեան ատենապետ։
2006-ին Թեմիս Աոաջնորդ Սրբազան հօր տնօրինութեամբ մասնակցած է Ղպտի եկեղեցւոյ երիտասարդական համագումարին Եպիպտոսի մէջ։
2008-ին, Հալէպի Հայ Համալսարանականներու Միութեան հոգեւոր խորհրդատու նշանակուած է։
2010-ին Սրբազան Հօր տնօրինումով նշանակուած է պետական կրօնի դասագիրքերը հայերէնի վերածելու եւ յարմարացնելու յանձնախումբի պատասխանատու։
Իսկ ուսուցչական ասպարէզ մուտք գործաձ է Դպէեվանքէն վերադառնալէն ետք 2002-ին, Ազգ. Գարէն Եփփէ ճեմարանի միջնակարգի աշակերտաթեան կրօն դասաւանդելու։
Ան եօթ տարուայ ձեոնադրուած հոգեւորական է։ Իր առջեւ ունի եկեղեցական եւ ազգային ծաոայութեան ընդարձակ այգի մր, որ կարիքը ունի անձնուէր ու ծառայասէր հոգեւորականնու, որպէսզի Տիրոջ այգիին րերքը աոատ ըլլայ։
Իր հովուական, վարչական աոաքելութեան կր մադթենք Տիրոջ աոաջնորդութիւնն ու երկնաւոր Հօր հովանաւորութիւնը, որպէսզի կատարուած ու կատարուելիք բոլոր տեսակի ծաոայութիւնները յաջոդութեամբ պսակուին Աստուծոյ փառքին, Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքի շինութեան եւ ազգին օգտակարոգթեան ու յառաջդիմութեան ի խնդիր։