Երկուորեակներու Հաւաք
Արտաքին տեսք
Երկուորեակներու հաւաքը տեղի կ'ունենայ Միացեալ Նահանգներու Օհայօ նահանգին Թուինզպըրկ քաղաքին մէջ: «Թուին» անգլերէնով կը նշանակէ «երկուորեակ»: 1976-էն ի վեր աշխարհի չորս կողմերէն երկուորեակներ կու գան` մասնակցելու երկուորեակներու փառատօնին, որ տեղի կ'ունենայ Օգոստոս ամսուան առաջին շաբաթավերջին:
Փառատօնին սովորաբար կը մասնակցին 2000 երկուորեակ զոյգեր[1]: