Jump to content

Երժի Կրոթոֆսքի

Երժի Կրոթոֆսքի
լեհ.՝ Jerzy Grotowski
Ծնած է 11 Օգոստոս 1933(1933-08-11)[1][2][3]
Ծննդավայր Ժեշուվ, Լեհաստանի Երկրորդ Հանրապետություն[4]
Մահացած է 14 Յունուար 1999(1999-01-14)[1][2][5][…] (65 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոնտեդերա, Պիզա, Թոսքանա, Իտալիա
Քաղաքացիութիւն  Լեհաստան
 Ֆրանսա
Կրօնք Աթէիզմ
Ուսումնավայր Ռուսաստանի թատերական արուեստի համալսարան
Ստանիսլավ Վիսպյանսկու անվան թատերական արվեստների ակադեմիա?
Ազդուած է Wincenty Lutosławski?, Կարլ Յունգ? եւ Կոնստանտին Ստանիսլավսկի?
Մասնագիտութիւն թատերական ռեժիսոր, փրոֆեսոր, ժապաւէնի բեմադրիչ, թատերական ուսուցիչ, բեմադրիչ
Աշխատավայր Ֆրանսայի Քոլէճ[6]
Անդամութիւն Արուեստներու եւ գիտութիւններու ամերիկեան կաճառ
Կուսակցութիւն Լեհաստանի միացեալ աշխատաւորներու կուսակցութիւն

Երժի Կրոթոֆսքի (Jerzy Grotowski,1933-99 ) Բեմադրիչ-տեսաբան:

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1957-ին իր ծննդավայրի մէջ հիմնած է թատրոնի աշխատանոց:

1982-ին մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, ապա` Իտալիա, ուր եւս 1985-ին հիմնած է աշխատանոց:

Վերջին բեմադրութիւնը կատարած է 1969-ին, սուրբգրային բներգով, ինչպէս` յաճախ: 1968-ին համահեղինակած է իր հիմնադրական երկը` «Դէպի աղքատ թատրոն» (Vers un théâtre pauvre):

«Աղքատ» կը նշանակէ, որ թատրոնը կը հիմնուի բացառապէս դերասանին վրայ: Կարիք չունի բեմայարդարումի, երաժշտութեան եւ լուսաւորումի, կարիք չունի նոյնիսկ բեմագրութեան:

Դերասանի «գործիքը» իր մարմինն է, հարկ է կատարելապէս տիրապետել այդ գործիքին: Աւելի՛ն. տիրապետել իւրաքանչիւր մկանի (640 մկան, որոնցմէ 43-ը` դէմքի վրայ, ՀՊ) այնքան լաւ, որ միևնոյն մարմնի տարբեր մասեր զուգահեռաբար արտայայտեն տարբեր, նոյնիսկ հակասական զգացումներ:

Կրոթոֆսքի կը հաւատար, որ մարմինի լեզուն հասկնալի է բոլոր մշակոյթներու համար: Կը պահանջէր, որ ինչպէս իւրաքանչիւր բանաստեղծ, այնպէս եւ իւրաքանչիւր դերասան ունեայ ի՛ր (մարմինի) լեզուն, թէ` խաղարկութիւնը սիրոյ արտայայտութիւն է, հետեւաբար դերասանէն կը պահանջէր անկեղծութիւն: Այս իմաստով ելոյթները որոշ նմանութիւն կ'ունենային հոգեբուժական հաւաքական նիստերու (group therapy):

Կրոթոֆսքի կը ջանար գործածել ծէսերու մէջ ծածկագրուած հաւաքական յիշողութիւն: Հետաքրքրուած էր բազմաթիւ մշակոյթներով եւ կրօններով:

70-ական թուականներուն (1973-78) կ'առաջադրէ «տարաթատերային» կամ «թատերանման» (paratheatrical) ելոյթներ, ուր ինքնահոգեվերլուծական տարրը աւելի եւս շեշտուած էր: Անոնք հիմնուած էին օրուան հոգեբանական եւ նշանագիտական (Semiotics ) տեսութիւններու վրայ, որոնց վաւերականութիւնը աներկբայ կերպով չէ ընդունուած:

Կրոթոֆսքի թելադրանքով դերասաններ կ'արտաբերէին անիմաստ երաժշտականման հնչիւններ, որոնք պէտք էր որ արտայայտէին իրենց հոգիներու զանազան բնոյթները: Հասկնալիօրէն տեղի ունեցան սակաւաթիւ ելոյթներ, որոնք ունէին… սակաւաթիւ հանդիսական: Նկատի առած այս բոլորը Կրոթոֆսքի կը հաւատար, թէ դերասաններու հետ երկխօսութեան մտնելու փորձը անիմաստ է:

Վատ առողջութեան պատճառով վերադաձած է Լեհաստան եւ մահացած` հօրենական տան մէջ[7]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]