Երեւանի Բանուոր
Արտաքին տեսք
«Երեւանի բանուոր», խորհրդային շրջանի հայկական օրաթերթ։ Եղած է ՀԿ(բ) կ Կենտկոմի, Երեւանի քաղկոմի եւ ՀԱՄԽ-ի օրգանը։ Հրատարակուած է 1934 թուականին, Երեւանի մէջ։ Խմբագիրն էր Տ․ Խորունին։ Լոյս տեսած էր «Բանուորական Երեւան» (1933-1934 թթ.) եւ «Հարուածային բանուոր» (1933-1934 թթ.) թերթերու փոխարէն։
Խորհրդային գաղափարախօսութեան դիրքերէն լուսաբանած է արդիւնաբերութեան ղեկավարումը կատարելագործելու, գիտութեան եւ տեխնիկայի նուաճումները մասսայականացնելու եւ արտադրութեան մէջ արմատաւորելու խնդիրները։
Տպագրած է մամուլի տեսութիւններ, բանգիւղ–թղթակիցներու տեղեկատւութիւններ։
«Երեւանի բանուոր» օրաթերթին յաջորդած է «Խորհրդային Հայաստան»-ը (երեկոյեան հրատարակութիւն, 1934-1935)։