Եղանակային Յուզման Խանգարում
Եղանակային յուզման խանգարումը («ԵՅԽ»), ընկճուածութեան (depression) տեսակ մըն է, որ կապուած է եղանակներու փոփոխութեան հետ: «ԵՅԽ»-ն կը սկսի եւ կ'աւարտի ամէն տարի մօտաւորապէս նոյն ժամանակին: Ախտանիշները կը սկսին աշնան եւ կը շարունակուին ձմրան ամիսներուն` խլելով անհատին ներուժը, ինչպէս նաեւ անոր մօտ տրամադրութեան փոփոխութիւններ յառաջացնելով: Շատ քիչ պարագաներու «ԵՅԽ»-ն ընկճուածութիւն կը յառաջացնէ գարնան կամ ամրան սկիզբը[1]:
Ախտանշաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կարգ մը պարագաներու եղանակային յուզման խանգարման ախտանիշները ի յայտ կու գան ուշ աշնան կամ ձմրան սկիզբին եւ կ'անհետանան գարնան ու ամրան արեւոտ օրերուն: Հազուադէպ պարագաներու կարգ մը մարդոց մօտ կը յայտնուին գարնան կամ ամրան: Երկու պարագաներուն ալ ախտանշանները կրնան սկսիլ թեթեւ եւ եղանակի յառաջընթացին հետ աւելի սուր դառնալ:
«ԵՅԽ»-ին նշաններն ու ախտանիշներէն են.
- Օրուան մեծ մասը, գրեթէ ամէն օր, ընկճուածութեան զգացում[2],
- Անցեալին վայելած աշխատանքներու կամ վարժութիւններու նկատմամբ հետաքրքրութեան կորուստ,
- Վատ ներուժ,
- Քունի հետ կապուած հարցեր,
- Ախորժակի կամ ծանրութեան փոփոխութիւններ,
- Ծուլութեան կամ գրգռուածութեան զգացում,
- Կեդրոնացումի դժուարութիւն,
- Յուսահատ, անարժէք կամ մեղաւոր ըլլալու զգացում,
- Մահուան կամ ինքնասպանութեան յաճախակի մտքեր ունենալ[3]:
Աշնանային եւ ձմեռնային «ԵՅԽ»
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ձմեռնային «ԵՅԽ»-ին բնորոշ ախտանիշները կրնան ներառել`
- Չափազանց քնոտութիւն,
- Ախորժակի փոփոխութիւններ, յատկապէս` ածխաջուրերով (carbohydrates) հարուստ սննդեղէններու հանդէպ մեծ փափաք,
- Գիրութիւն,
- Յոգնածութիւն:
Գարնան եւ ամրան «ԵՅԽ»
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ախտանիշները կրնան ներառել`
- Քունի խանգարում (անքնութիւն),
- Վատ ախորժակ,
- Ծանրութեան կորուստ,
- Գրգռուածութիւն կամ անհանգստութիւն:
Պատճառները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եղանակային յուզման խանգարման ճշգրիտ պատճառը կը մնայ անյայտ: Սակայն կարելի է նշել որոշ գործօններ, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ: Անոնցմէ են.
- Կենսաբանական ժամացոյցը (Biological clock).– Աշնան եւ ձմրան արեւի լոյսի նուազման մակարդակը կրնայ յառաջացնել ձմեռնային «ԵՅԽ»: Արեւի լոյսի այս նուազումը կրնայ խաթարել մարմինին ներքին ժամացոյցը, եւ այդ մէկը կրնայ յանգիլ ընկճուածութեան:
- Սերոթոնինի մակարդակը.– Անկումը սերոթոնինի, որ ուղեղի քիմիական նիւթ մըն է, եւ կ'ազդէ տրամադրութեան վրայ, կրնայ մեծ դեր խաղալ «ԵՅԽ»-ի հիւանդութեան մէջ: Արեւի լոյսին նուազումը կրնայ յառաջացնել սերոթոնինի անկում, եւ այդ մէկը կրնայ յառաջացնել ընկճուածութիւն[4]:
- Մելաթոնինի մակարդակը.– Եղանակի փոփոխութիւնը կրնայ խաթարել մարմինի մելաթոնինի մակարդակի հաւասարակշռութիւնը, որ մեծ դեր կը խաղայ քունի ժամանակներու եւ տրամադրութեան վրայ: (Մելաթոնինը ի պատասխան մթութեան` ուղեղին կողմէ արտադրուող հորմոն մըն է: Անիկա կ'օգնէ կենսաբանական ժամանակացոյցը կարգաւորելու (24 ժամուան ներքին ժամացոյցը) եւ քնանալու: Գիշերը լոյսի ենթարկուիլը կրնայ արգելափակել մելաթոնինի արտադրութիւնը)[5]:
Վտանգի գործօններ (Risk factors)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եղանակային յուզման խանգարումը կիներու մօտ աւելի յաճախ կ'ախտորոշուի, քան` տղամարդոց: Եւ «ԵՅԽ»-ը աւելի յաճախ տեղի կ'ունենայ երիտասարդներու մօտ, քան` տարեցներու:
Խանգարման վտանգի գործօններէն են`
- Ընտանիքի պատմութիւն,
- Ծանր ընկճուածութիւն (major depression) կամ երկբեւեռ խանգարում,
- Հասարակած գիծէն (equator) հեռու ապրիլը:
Կը թուի, թէ «ԵՅԽ»-ը աւելի տարածուած է այն մարդոց մօտ, որոնք կ'ապրին հասարակածէն շատ հիւսիս կամ հարաւ: Այդ մէկը կապուած է հոն ձմրան արեւի լոյսի նուազ ժամերուն եւ ամառնային ամիսներուն աւելի երկար օրերուն:
Բարդութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խանգարման բարդութիւններէն են.
- Ընկերային շրջանակներէ հեռացում,
- Դպրոցական կամ աշխատանքային հարցեր,
- Թմրանիւթերու կամ վնասակար նիւթերու չարաշահում,
- Հոգեկան առողջութեան այլ խանգարումներ, ինչպիսիք են` անհանգստութիւնը կամ ուտելու խանգարումները,
- Ինքնասպանութեան միտքեր կամ վարքագիծ:
Ախտորոշում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նոյնիսկ մանրակրկիտ գնահատմամբ, երբեմն կրնայ դժուար ըլլալ բժիշկին կամ հոգեկան առողջութեան մասնագէտին համար ախտորոշել Եղանակային յուզման խանգարումը, որովհետեւ ընկճուածութեան այլ տեսակներ կամ հոգեկան առողջութեան այլ պայմաններ կրնան յառաջացնել նմանատիպ ախտանիշներ:
«ԵՅԽ»-ի ախտորոշման օգնելու համար կրնան կատարուիլ հետեւեալ քննութիւնները.
- Ֆիզիքական քննութիւն,
- Տարրալուծարանային քննութիւններ,
- Հոգեբանական արժեւորում:
Բուժում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եղանակային յուզման խանգարումներու բուժումը կրնայ ներառել լուսային, հոգեկան եւ դեղորայքային բուժում: Եթէ երկբեւեռ խանգարում (Bipolar Disorder) ունի անհատը (հոգեկան խանգարման տեսակ մը), պէտք է դիմէ հոգեկան առողջութեան մասնագէտին. այս մէկը կարեւոր է գիտնալ լուսային բուժման կամ հակաընկճուածութեան դեղեր նշանակելու ատեն:
Լուսային բուժում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լուսային բուժման ատեն, որ կը կոչուի նաեւ ֆոթոթերափի, անձը կը նստի յատուկ լուսամփոփէ մը քանի մը ոտնաչափ հեռաւորութեան վրայ, որպէսզի ամէն օր արթննալէ ետք առաջին ժամուան ընթացքին ենթարկուի պայծառ լոյսի: Լոյսի բուժումը կ'ընդօրինակէ բնական բացօթեայ լոյսը (արեւը) եւ կը յառաջացնէ ուղեղի քիմիական նիւթերու փոփոխութիւն` տրամադրութեան հետ կապուած:
Լուսային բուժումը աշնանային «ԵՅԽ»-ի առաջին գիծի բուժումներէն մէկն է: Այս մէկը սովորաբար կը սկսի գործել քանի մը օրէն մինչեւ քանի մը շաբաթ ետք եւ շատ քիչ կողմնակի բարդութիւններ կը յառաջացնէ: Լոյսի բուժման վերաբերեալ հետազօտութիւնները սահմանափակ են, բայց կը թուի, որ արդիւնաւէտ ձեւ մըն է ախտանիշներէն ազատելու մարդոց մեծամասնութեան համար:
Նախքան լուսամփոփ գնելը` հարկ է խօսիլ բժիշկին հետ ու ծանօթանալ տարբեր հնարաւորութիւններու եւ տարբերակներու մասին, որպէսզի հիւանդը գնէ բարձրորակ արտադրանք, որ անվտանգ է եւ արդիւնաւէտ: Հարկ է հարցնել նաեւ, թէ ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ պէտք է օգտագործել լուսամփոփը:
Հոգեբուժում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հոգեբուժումը, որ նաեւ կը կոչուի խօսակցական բուժում, «ԵՅԽ»-ի բուժման մէկ այլ տարբերակն է: Հոգեկան բուժման տեսակ մը, որ յայտնի է իբրեւ «ճանաչողական վարքային բուժում», կրնայ օգնել.
- Սորվելու «ԵՅԽ»-ի դէմ պայքարելու առողջ ուղիներ, յատկապէս` «խուսափելու» վարքագիծէն ձերբազատելու եւ իմաստալից գործողութիւններ ծրագրելու համար,
- Բացայայտելու եւ փոխելու բացասական միտքերը, որոնք կրնան անհատը աւելի վատ զգացնել,
- Իմանալու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է կառավարել ճնշումը (սթրեսը),
- Ստեղծելու առողջ վարքագիծ, ինչպիսիք են` ֆիզիքական գործունէութեան յաւելումը եւ քունի կարգի բարելաւումը:
Դեղորայքային բուժում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«ԵՅԽ»-ով որոշ մարդիկ կ'օգտուին հակաընկճումային բուժումէն, յատկապէս երբ ախտանիշները ծանր են:
Հակաընկճուածութեան Bupropion դեղի երկարաժամկէտ տեսակը (extended release) (Wellbutrin XL, Aplenzin) կրնայ օգնել կանխելու ընկճուածութիւնը «ԵՅԽ» ունեցող մարդոց մօտ: Այլ հակաընկճումային դեղեր նոյնպէս կարելի է գործածել «ԵՅԽ»-ի բուժման համար:
Բժիշկը կրնայ խորհուրդ տալ սկսելու հակաընկճուածութեան բուժումը նախքան ախտանիշները սկսիլը: Ան կրնայ նաեւ խորհուրդ տալ, որ հիւանդը շարունակէ սպառել դեղը, երբ իր ախտանիշները անհետանան:
Դեղերու լիարժէք օգուտները ստանալը ժամանակի կը կարօտի (թերեւս` քանի մը շաբաթ):
Կենսակերպ եւ տնային միջոցներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կարելի է դիմել նաեւ հետեւեալ քայլերուն.
- Միջավայրը աւելի արեւոտ ու լուսաւոր դարձնել,
- Աւելի յաճախ դուրս գալ տունէն,
- Մարզանքը առօրեային մէկ բաժինը դարձնել,
- Քունի ժամերը դասաւորել,
- Կառչած մնալ բուժման ծրագիրին,
- Վայելել ընկերային միջավայրը,
- Պտոյտ մը կատարել: