Jump to content

Եկեղեցական տոմարագիտութիւն

Եկեղեցական Տոմարագիտութիւն, Քրիստոսի Յարութեան տօնը (Զատիկը) տարբեր թուականներով կը նշուի քրիստոնեայ եկեղեցիներու կողմէ եւ այդ հիմամբ՝ անիկա կը շարժի, այսինքն ոչ հաստատուն տօն մըն է:

Այս հարցը գերազանցապէս կ'առնչուէր տոմարական հաշիւներու: Հայց. Եկեղեցւոյ Զատիկը կրնար զուգադիպիլ Մարտ 22-էն մինչեւ Ապրիլ 25 երկարող 35 օրերու մերձաւորագոյն Կիրակիին: Բայց այդ հաշիւները ինչպէ՞ս կը կատարուին: «Եկեղեցական տոմարագիտութիւն» կոչուած հատորը, զոր հեղինակած էր Էջմիածնայ տոմարագէտ միաբաններէն Գէորգ արք. Սէրայտարեան Վիրահայոց թեմին երբեմնի երկարամեայ առաջնորդը (վախճանած՝ 2002-ին): Գրքին մէջ նշուած էր հետեւեալը.

325 թուին Նիկիայի Տիեզերական Ժողովում 318 հայրապետներ որոշում ընդունեցին, որ զատկական տօնը ամէն տարի տօնուի գարնանային գիշերահաւասարից՝ Մարտի 21-ից յետոյ, առաջիկայ լուսնի լրմանը յաջորդող Ա. Կիրակի օրը։

Գիտեմ, որ «գիշերահաւասար» ը տարուան այն ժամանակն է՝ երբ ցերեկն ու գիշերը հաւասար տեւողութիւն կ'ունենան (Մարտ 21-ին ու Սեպտեմբեր 21-ին)։ Բայց հարցն այն է՝ թէ ինչու Զատկուան տօնը կապուած է «լուսնի լրում»ին...։

Գրքին վերջաւորութեան սակայն, հեղինակը կը պատմէր, որ 1969-ին Վազգէն Ա. Կաթողիկոս երեք եպիսկոպոսներէ բաղկացեալ յանձնախումբ մը կազմեր էր, պարտականութիւն տալով անոր ուսումնասիրել բոլոր եկեղեցիներու հետ Զատկի անշարժ օր մը տօնելու հարցը: Այդ յանձնախումբը, յետ քննութեան, հասած էր սա՛ եզրակացութեան. «Երբ քրիստոնեայ եկեղեցիները համաձայնին Ս. Յարութեան տօնը կատարելու անշարժ եւ հաստատուն օր մը, Հայց. Եկեղեցին եւս միանայ որոշումին եւ Զատիկը տօնեն տարուայ անշարժ օր մը, Ապրիլի Բ. կամ Գ. Կիրակին»։

Աւելի քան 45 տարի անցեր է վերի թուականէն, բայց ցանկալի «համաձայնութիւն»ը չէ գոյացեր: Այդ տարիներու ընթացքին բազմահարիւր աշխատաժողովներ, համագումարներ, էքիւմէնիք հանդիպումներ կայացեր են մեծ եւ փոքր տարբեր եկեղեցիներու միջեւ՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Երդիքին տակ կամ այլուր, բայց շօշափելի արդունք մը ձեռք չէ ձգուեր։

Հայկական Տոմարի Առանձնայատկութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ եկեղեցական տոմարը դարերու ընթացքին ունեցած է հետեւեալ կարեւոր հանգրուանները.

  • Անդրէասի Օրացոյց (200-ամեայ). 5-րդ դարուն Հայաստանի մէջ կը գործածուէր այս շրջանը։
  • Հայոց Մեծ Թուական (552 թ.). Մովսէս Եղիվարդեցի կաթողիկոսի օրով հաստատուեցաւ հայկական տոմարը, որ հիմնուած է 532-ամեայ պարբերաշրջանի վրայ (Յովհաննէս Սարկաւագի ձեւաւորած «Յայսմաւուրք»ի տոմարը աւելի ուշ եկաւ)։
  • Անշարժ եւ Շարժական Տոմար. Հին հայկական տոմարը «նահանջ» տարի չունենալուն պատճառով շարժական էր, սակայն եկեղեցական կարգաւորումներով այն համապատասխանեցուեցաւ աստղաբաշխական տարուան[1]։

Հիմնական Հասկացողութիւններ[2]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Վերադիր. Լուսնային եւ արեւային տարիներու միջեւ եղած տարբերութիւնը (11 օր)։
  • Տանուտէր. Տարուան գլխաւոր կենդանակերպը կամ աստղը, որով կը որոշուէր տարուայ բնոյթը։
  • Եօթներեակ. Շաբաթուայ օրերու դասաւորումը տարուայ սկզբին համեմատ։

Յուլեան եւ Գրիգորեան Օրացոյցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1582-ին Գրիգոր ԺԳ. պապը բարեփոխեց տոմարը (Գրիգորեան կամ «Նոր Տոմար»)։ Հայ Առաքելական Եկեղեցին պաշտօնապէս Նոր Տոմարին անցաւ 1923-ին (բացառութեամբ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան, որ մինչեւ այսօր կը հետեւի Հին Յուլեան տոմարին)[3]։

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Անանիա Շիրակացի, «Տոմարագիտութիւն» (7-րդ դարու գիտական ուսումնասիրութիւն)։
  2. Մաղաքիա Արք. Օրմանեան, «Ծիսական բառարան»
  3. Յովհաննէս Սարկաւագ Իմաստասէր, «Յաղագս տոմարական մակացութեան»