Եկեղեցական զգեստ

Հոգեւորականը Թավուշ գաւառի չորս կողմերու օրհնման եւ խաչի տեղադրման արարողութեան ժամանակ

Եկեղեցական զգեստ, եկեղեցական հանդերձ, խորհրդաբանական իմաստ ունեցող, դեռեւս Հին կտակարանով աւանդուած քահանայական հանդերձէն։ Ինչպէս ընդհանրական եկեղեցիի մէջ, այնպէս ալ անոր անբաժանելի մաս կազմող Հայաստանի առաքելական եկեղեցիին մէջ հին ժամանակէ ի վեր կը գործածեն եկեղեցական զանազան զգեստներ, որոնք իրենց ձեւով ու նշանակութեամբ կը տարբերին աշխարհի հագուստներէն։

Աւանդութեան համաձայն, Հայ եկեղեցիին ու սպասաւորներու զգեստներու ձեւը գլխաւորապէս վերցուած է Կեսարիայի եւ Երուսաղեմի եկեղեցիներէն, սակայն, ինչպէս բնորոշ է Հայ եկեղեցիէն, այդ զգեստները պատշաճուած է հայ ոգիէն՝ ստանալով ազգային իւրահատուկ ձեւ ու տեսք։

Եկեղեցական զգեստները դարերու ընթացքին ենթարկուած են մասնակի փոփոխութիւններու՝ ձեւի կամ նիւթի առումով, այնուհետեւ մնացած են անփոփոխ յարմար մինչեւ մեր օրերը։

Հայ եկեղեցիին գործածող եկեղեցական զգեստները ըստ օգտագործման կերպի կարելի է բաժանել երկու տեսակի՝ ընդհանուր զգեստներ եւ Աստուածապաշտական զգեստներ։

Ընդհանուր զգեստներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առօրեայ ամէնօրեայի մէջ գործածւող եկեղեցական զգեստներ։

Սքեմ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բոլոր ձեռնադրուած եւ օծուած, խորհրդակատար հոգեւորականները՝ կաթողիկոսէն մինչեւ սարկաւագ,կը կրեն ամէնօրեայ միեւնոյն եկեղեցական զգեստը, որ վերարկու կամ սքեմ կը կոչվուի։ Կարուած է սեւ կտորէն։

Վեղար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կուսակրօն հոգեւորականներուն յատուկ գլխադիրն է, գլխի քողը, որովհետեւ անոնք կը տարբերին ամուսնացեալ քահանաներէն։ Վեղարը սրածայր է՝ գմբեթանման, ներսէն նոյն ձեւով գլխանոց ունի, իսկ վրան՝ սեւ գոյնէ կտորով ծածկուած է, որ գլուխը ծածկելով կ'իջնէ մինչեւ հոնքերը, իսկ մեջքի կողմէն՝ մինչեւ գոտկատեղը։

Վեղարը գործածութեան սկսած է հաւանաբար 11-րդ դարէն ետք, քանի որ այդ ատեն հայ մատենագիրները չէին ակնարկեր վեղարի գործածութեան մասին։ Ամենայն հայոց հայրապետի վեղարի ճակատին վրայ աւելցուած է ադամանդակուռ խաչ։ Սկսած է Հովսեփ արքեպիսկոպոս Արղութեանէն ուր վեղարի խաչը եղած է ռուսահայոց թեմի առաջնորդներու մենաշնորհը, իսկ Եփրեմ Ա Ձորագեղցի կաթողիկոսէն սկսած, որպէս Ռուսիոյ կայսրի շնորհած պատւոյ նշան, դարձած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսներու խորհրդանշանը եւ փոխանցուած է ամէն նորընտիր կաթողիկոսի։ Վեղարի տուչութեան ժամանակ եպիսկոպոս կ'ընթերցէ հետեւեալ աղոթքը. «Աստուած զգեցուցանէ քեզ զնոր մարդն՝ որ ըստ Աստուծոյ հաստատեալ է արդարութեամբ եւ սրբութեամբ եւ ճշմարտութեամբ, եւ եղիցիս դու հպատակ եւ հնազանդ Եկեղեցւոյ, կանխեալ ի սէրն Աստուծոյ հոգւով ի տուէ եւ ի գիշերի. ամէն» (Մաշտոց Ձեռնադրութեան)։

Փիլոն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարմինը փաթթող եւ կրծքի վրայ ամրացւող սեւ կտաւէ կարուած զգեստ է։ Գործածուած է ժամերգութիւններու եւ Աստուածապաշտական այլ արարողություններու ժամանակ։ Ծայրագոյն վարդապետները եւ եպիսկոպոսները ինչպէս նաեւ կաթողիկոսները որպէս պատւոյ նշան կը կրեն մանիշակագոյն ծաղկեայ, իսկ վարդապետները՝ սեւ ծաղկեայ փիլոններ։ Սեւ ծաղկեայ փիլոնները, որպէս պատւոյ նշան, հայրապետական կոնդակով կը շնորհաւորեն նաեւ աւագ քահանաներուն։

Աստուածապաշտական զգեստներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծիսակատարութիւններու ժամանակ գործածւող եկեղեցական զգեստներ

Դպիրի, կիսասարկաւագի եւ սարկաւագի զգեստներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիսուս

Շապիկը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այն սրբութեան եւ անարատութեան խորհրդանշանն է, կը կրեն դպիրները, եւ կիսասարկաւագները, եւ սարկավագները։ Այն մինչեւ կոշիկները հասնող yv խաչանիշ ուսանոցով զգեստ է։

Ուրար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այն նեղ ու երկայն, մոտ 3 մ երկարութեամբ եւ 10-12 սմ լայնութեամբ գունաւոր եւ ծաղկաւոր եզրէ, որն ուրարակիրն ու սարկավագը կը կրեն իրենց ձախ ուսի վրայ։ Ուրարը սուորաբար կ'ունենայ է 3 խաչ. մէկը ուսի վրայ մեջտեղը, միւս երկուքը՝ ետեւէն են առջեւէն։ Ձախ ուսին ուրար կրելու նշանն է, ուր այդ կրօնաւորը Աստուծոյ լուծը միայն կէսը իր վրայ կը կրէորովհետեւ տակաւին կարողութիւն չունի ամբողջութեամբ ստանձնելու։

Բազկուրար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուրարի փոքր տեսակ է, որ կիսասարկաւագը կը կրէ իր ձախ դաստակի վրան։ Այս կը նշանակէ, որ ան դեռ ամբողջուին չի կրնար իր վրայ վերցնել Հիսուս Քրիստոսի լուծը։

Քահանայի, եպիսկոպոսի եւ կաթողիկոսի զգեստներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հողաթափ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ս.Պատարագի ժամանակ թէ պատարագիչը եւ թէ խորհրդակատարութեան ժամանակ անոր սպասարկող խոնարհ դասի աստիճանաւորները Ս. խորան կը բարձրանան հողաթափներով։ Պատարագի ընթացքին, վերաբերումէն առաջ, քահանան կը հանէ իր հողաթափերը։ Պատարագչի հողաթափերու ներսի կողմը իժի ու քարպի կերպարանքներ ասեղնագործուած են՝ ի խորհուրդ սաղմոսի հետեւյալ խոսքերու. «Դուն կը քայլես իժերու եւ քարպերու վրայէն, ոտքով կը կոխոտես առիւծին եւ վիշապին վրայ» (Սաղմոս 90.13)։

Տարբերութիւնը եկեղեցական այլ արարողություններէ, Պատարագի ժամանակ քահանան, եպիսկոպոսն ու կաթողիկոսն կը զգեստավորուին բոլորովին շքեղ ու գեղեցկահիւս զգեստներով, որպէսզի Տիրոջ սպասաւորութիւնն աւելի շքեղ եւ փառաւոր կատարուի։

Սաղավարտ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գնդաձեւ, կերպասէ ասեղնագործուած կամ մարգարտազարդ գլխանոց է, որու գագաթին ամրացուած է քառաթեւ փոքր խաչ։ Չորս Սաղաւարտները պատկերուած են Քրիստոսի փրկագործական տնօրինութեան չորս գլխաւոր դեպքերը Ծնունդ, Մկրտութիւն, Յարութիւն, եւ Համբարձում։ Սաղաւարտի գործածութիւնը վերցուած է Հին ուխտի եկեղեցիէն։ Այն կը խորհրդանշէ նաեւ Հիսուս Փրկչի կրած փշէ պսակն ու վարշամակը։ Պատարագի ժամանակ սաղաւարտը կը գործածուի որպէս զրահ՝ սատանայական զորութեան դէմ պատերազմելու։ Հայ եկեղեցիի մէջ Պատարագի ժամանակ սաղաւարտը կը գործածեն քահանաներն ու վարդապետները։[1]

Շապիկ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարբերութիւնը խոնարհ աստիճանաւորներու գործածած շապիկներու, Պատարագի ժամանակ բարձրաստիճան եկեղեցականները կ'օգտագործեն առանց ուսանոցի, ճերմակ կտաւէն, մինչեւ հողաթափերը հասնող շապիկներ։ Ճերմակ գոյնը կը խորհրդանշէ Հիսուս Քրիստոսի անարատ Ծնունդը եւ անմեղ ու մաքրամաքուր կեանքը, նաեւ՝ Տիրոջ Հարութիւնն աւետող ԶԳԵՍՏԸ հրեշտակի սպիտակաթոյր հանդերձը։

Փորուրար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուրարի կրկնակի լայնքով ասեղնագործուած զգեստի մասն է, որ կը ծածկէ հոգեւորականի կուրծքը սպիտակ շապիկի վրայէն։ Երկարութիւնը մարդահասակ է, վերնամասով՝ կլոր, գլխէն հագնելու համար։ Փորուրարը կը խորհրդանշէ այն ծանր լուծը, որ քահանան ամբողջապէս կ'առնէ իր ուսերու վրայ:

Գոտի[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

5-7 սմ լայնութիւն ունեցող ամուր եւ գեղեցկահիւս կտորէն ժապաուէն է, որու առջեւէն կ'ամռանայ ակնազարդ կամ մարգարտապատ զոյգ ճարմանդով։ Գոտիի գործածութիւնը եւս վերցուած է Հին ուխտէն։ Գոտի կրելու իրաւունքը քահանայական աստիճան ունեցողներու մենաշնորհն է։ Պատարագիչը գոտին կը կապէ փորուրարի վրայէն։ Գոտին միեւնոյն ժամանակ Հիսուս Քրիստոսի ողջախոհութեան խորհուրդն ունի։

Թաշկինակ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գոտիին հետ պատարագիչ քահանան կը կրէ նաեւ թաշկինակը, որ հիմնականի մէջ կը ծառայէ պատարագչի ձեռքերը եւ սկիհը լուալէ ետք չորացնելու համար։

Բազպաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զոյգ կարճ թեւնոցներ են, որոնք կը կոճկուին պատարագիչ եկեղեցականի դաստակներու վրայ։ Բազպանները զգեստի առանձին մասեր ըլլալով հանդերձ՝ կը կարուին զգեստի կերպասէն (այսինքն՝ այն կտորէն, որմէ կը կարուին փորուրարը, շուրջառը, գոտին)։ Բազպաններու հիմնական նպատակը պատարագչի շապիկի թեւերու ծայրերը հաւաքելն է։

Վակաս[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատարագչի ուսանոցն է, որ կիսահաւասար ձեւով կը պատէ քահանայի պարանոցը՝ թիկունքի կողմէն։ Վակասի վրայ ընդհանրապէս ձուլուած կամ ասեղնագործուածեն 12 առաքյալներու պատկերները, իսկ անոնց մեջտեղը՝ Հիսուսի՝ Աստուծոյ Գառնուկին պատկերը։ Վակասը եւս վերցուած է Հին ուխտէն։ Կը Խորհրդանշէ մոլորեալ ոչխարին, այսինքն՝ մոլորեալ մարդկութեանը, որուն Քրիստոսն իր ուսերու վրայ առնելով՝ դէպի փրկութիւն եւ հաւիտենական կեանքի առաջնորդեց։ Վակասը միեւնոյն ժամանակ հաւատացյալներուն կը հիշեցնէ Հիսուս Փրկչի քաղցր լուծը եւ թեթեւ բեռը։

Շուրջառ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փիլոնաձեւ, անթեւ եւ գեղեցկահիւս վերարկու է, որ, ամբողջ հասակը ծածկելով, առջեւէն կրծքի վրայ կը ամրանայ մետաղէ զոյգ ճարմանդով։ Կը Գործածուի Պատարագի, սրբազան խորհուրդներու կատարման, նախատոնակներու, թափորի եւ Աւետարան ընթերցելու ժամանակ։ Կը Խորհրդանշէ Աստուածային շնորհներու այն զրահը, որու պատարագիչը կը պատսպարուի չարի նետերէն եւ հարձակումներէն։

Եպիսկոպոսական զգեստներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եպիսկոպոսը բացի քահանայական զգեստներէն կը կրեն նաեւ սաղաւարտի փոխարէն խոյր կամ թագ, արտախուրակներ, եմիփորոն եւ գաւազան։

Խոյր կամ թագ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խոյրը գեղեցկահիւս, նկարազարդ ու գոհարազարդ, երկու տափակ երեսներէն բաղկացած թագ է։ Գլխին դնելէ վերեւի սրածայր մասերը բացուելով՝ կը կազմեն երկու ճիւղաւորում խոյրը։ Իւրաքանչիւր ծայրին ամրացուած է մեկական փոքր խաչ։ Խոյրը յատուկ է եպիսկոպոսին ու կաթողիկոսին։ Հայ եկեղեցիին մէջ սկսած է գործածուիլ 12-րդ դարէն։

Արտախուրակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խոյրի ետեւէն կախուած երկու երկար կապեր են, որոնք խոյրը գլխին ամուր պահելու համար, սակայն հետզհետէ վերածուած են զարդարանքի։ Այժմ արտախուրակները 50 սմ երկարութեամբ եւ 6 կամ 7 սմ լայնութեամբ, յատակի կողմը աւելի լայն, խոյրի նմանութեամբ պատրաստուած երկու կտորէ զարդեր են, որոնք կը կախուին վակասէն՝ թիկունքի կողմէն։

Եմիփորոն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լայն ուսանոց-ուրար է, որ ետեւէն եւ առջեւէն կը ծածկէ եպիսկոպոսի կամ կաթողիկոսի կուրծքն ու թիկունքը, իսկ եմիփորոնի ծոպաւոր ծայրերը կը հասնին մինչեւ շուրջառի ծայրերը։ Եմիփորոնը կը խորհըրդանշէ եպիսկոպոսի կամ կաթողիկոսի ամբողջապէս խաչուած ըլլալով իրենց հինգ զգայարաքններով, մեղքերու եւ աշխարհի ցանկություններու համար մեռնիլը եւ միայն Քրիստոսի խաչն իրենց անձերու մէջ կրելը։

Կոնքեռ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ոսկեթել զարդ է՝ տարանկիւն զուգահեռագծի ձեւով՝ ասեղնագործուած կամ ընտիր կերպասէն պատրաստուած է։ Կոնքեռու վրայ աւանդաբար ասեղնագործուած է խաչակիր մէկ գառնուկ, որ Աստուծոյ Գառնուկին՝ Հիսուս Քրիստոսի խորհուրդն ունի։

Կոնքեռու երեք անկիւններու մէջ կան փոքր ծոպեր, իսկ չորրորդ անկիւնէն նեղ եզրով կախուած է հայրապետի գոտին՝ ձախ մասին՝ «որպէս հոուուական մախաղ, կամ ի նշան Յիսուսի ղենջակին:

Նուիրական առարկաներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Որպէս պատվո նշան քահանայական կարգ ունեցողներին շնորհված իրեր։

Մատանի[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ եկեղեցիի մէջ մատանիի գործածութիւնը կու գայ շատ հնէն։ Մատանին ձեռնադրութեան ժամանակ տրուած է նորընծայ եպիսկոպոսին՝ իբրեւ Ս. եկեղեցիի հետ փեսա դառնալու խորհրդանիշ է։ Նաեւ իշխանութեան նշան է։ Եպիսկոպոսական մատանին եղած է ոսկէօղակ՝ զարդարուած թանկարժէք եւ կիսաթանկարժէք քարերով։ Եպիսկոպոսները մատանի կը կրեն աջ ճկույթին, իսկ կաթողիկոսը՝ աջ ձեռքի մատնեմատին։

Լանջախաչ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եկեղեցականներուն կաթողիկոսի կողմէն շնորհուած պատուոյ նշան է։ եղած է քահանայական եւ վարդապետական։ Քահանայականը պարզ, ոսկէզօծ, արծաթէ խաչ է, 10 սմ երկարութեամբ, զարդարուն, որ ոսկէզօծ շղթայով կը կախուի պարանոցին։ Վարդապետականը նոյն մեծութեամբ մէկ խաչ է, որու մեջ խաչելութեան պատկերը կայ։ Լանջախաչն իրենց պարանոցին քահանաներն ու վարդապետները կը կրեն տոնական եւ հանդիսաւոր օրերուն։

Ձեռքի խաչ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սովորական խաչ է, որ, սակայն, ներքեւի կողմէն քիչ մը երկար բռնակ ունի։ Քահանայական աստիճան ունեցողներն կ'օգտագործեն Աստվածապաշտական արարողութիւններու, ծիսակատարութիւններու եւ եկեղեցական հանդիսութիւններու ժամանակ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]