Jump to content

Եկեղեցական Սպասք

Եկեղեցական սպասքը, կը ներկայացնէ եկեղեցիներու մէջ Ս․ Պատարագի եւ այլ խորհրդակատարութիւններու ժամանակ օգտագործուող սրբազան անօթներ եւ զանազան առարկաներ։

Երբեմն կը կոչուի հաղորդութեան բաժակ։ Գլխաւորաբար պատրաստուած է ազնիւ մետաղէ, վրան՝ աւետարանական պատկերներ։ Բոլորաձեւ պատուանդանին (միջնամաս) վրայ՝ բաժակաձեւ յարմարանքով, որուն մէջ Ս․ Պատարագի ժամանակ կը լեցնեն գինին։ Բաժակն ունի իր ծածկոցը, որ կը կոչուի մաղզմայ. կը նմանի սրուակի, քիչ մը փոս ինկած։ Մաղզմային վրայ դրուած է սրբագործուելիք հացը կամ նշխարը։ Եթէ հաղորդութեան բաժակը կամ սկիհը Յիսուսի արեան սրբագործման անօթն է, ապա անոր ծածկոցը՝ մաղզման, խորհրդանիշն է զոհի սեղանին, որու վրայ զոհաբերուեցաւ Յիսուս Քրիստոսը[1]։

Արծաթէ տուփ, որուն մէջ քահանաները կը պահեն սրբագործուած նշխարը՝ հոգեւոր այցելութիւններու ժամանակ հիւանդներուն հաղորդութիւն տալու համար։

Անօթ-խնկանոց է՝ գմբէթաձեւ, խաչագլուխ կափարիչով։ Կ'օգտագործուի Ս․ Պատարագի եւ ծիսակատարութիւններու ժամանակ՝ իբրեւ խնկարկելու եւ բոյր սփռելու միջոց։ Ըստ Յովհան Մայրավանեցիի՝ բուրվառը (խնկանոցը) Աստուածածինի խորհրդանշանն է. ինչպէս Աստուածածինը լեցուն է Սուրբ Հոգիով եւ Բարձրեալի զօրութեամբ, այնպէս ալ բուրվառը՝ լեցուն է սրբութեան հոտով։

Քրիստոնէական կրօնի խորհրդանիշն ու պաշտամունքի առարկան է։ Ունի ուղիղ անկիւնով միմեանց ագուցուած՝ երկու տարբեր չափի ձողերու տեսք։ Խաչերու տեսակներն ու կիրառութեան կերպերն են՝

- Ձեռքի կամ ձեռաց խաչ, որ կ'օգտագործեն բոլոր եկեղեցականները՝ ծիսակատարութիւններու ժամանակ եւ հանդիսաւոր առիթներով։

- Խաչերը, որոնք կը դրուին սրբազան խորաններու վրայ։

- Կան նաեւ եկեղեցական թափօրներու առջեւէն տարուող խաչեր, որոնք կը կոչուին խաչվառ։

- Կաթողիկոսները որպէս գնահատանք քահանաներուն, վարդապետներուն, յատուկ կոնդակով կը պարգեւատրեն լանջախաչով, որ եկեղեցականներուն շնորհուող պատուոյ նշանն է։ Լանջախաչերու օգտագործումը Հայ եկեղեցի մտած է 19-րդ դարուն։

Երբեմն օգտագործուած է նաեւ ճրագակալ անունով։ Մէկտեղանոց կամ բազմատեղանոց մետաղէ պատուանդաններ են, որոնց վրայ դրուած են յատուկ մոմեր՝ եկեղեցական հանդԷսներուն վառելու համար։

Արծաթէ կամ գունաւոր մետաղներէ պատրաստուած կիսակլոր աման, որուն մԷջ կը դրուի ձէթով լեցուած ապակիէ կազմածք, ներսէն՝ բամպակէն կամ թելէն պատրաստուած ոզորահիւս։ Կանթեղը գլխաւորաբար կը վառուի եկեղեցիի սուրբ խորանէն կախուած վիճակին մէջ։

Կոկուած փայտի վրայ յարմարած, մօտաւորապէս մէկ մեթր երկարութիւն եւ որոշակի հաստութիւն ունեցող մոմեր (ջահեր) են։ Օգտագործուած են եկեղեցւոյ մէջ Աւետարանի ընթերցման ժամանակ, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցական թափօրներու եւ հանդիսութիւններու ժամանակ։

Նախնական շրջանին, երբ քրիստոնէութիւնը հալածուած է, քրիստոնեաները պահուըտած են գետնադամբարաններուն մէջ եւ հաղորդութեան խորհուրդը կատարած այնտեղ։ Քշոցներն այդ ընթացքին ծառայած են ճանճ քշելու։ Անոնք սկաւառակաձեւ են, եզերքը՝ բոժոժներով, մետաղէ գլխիկով՝ հորիզոնական դիրքով հագցուած մարդու հասակով ձողի վրայ. Ս․ Պատարագի ժամանակ սարկաւագներու ձեռքը որոշակի պահերու կը շարժուին՝ բոժոժներու ձայնը խառնելով Ս․ Պատարագի երգեցողութեան։ Քշոցներու ձայնը կը խորհրդանշէ հրեշտակներու օրհներգը։

Միւռոնաթափ աղաւնի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղաւնին Սուրբ Հոգիի խորհրդանիշն է։ Միւռոնի աղաւնին պատրաստուած է արծաթէ կամ ոսկիէ։ Միւռոնը նախապէս լեցուած է խոռոչ աղաւնիին մէջ եւ օգտագործման ժամանակ հարկաւոր չափով կը կաթեցուի կտուցէն։

Արծաթէ անօթ, որու մէջ նախապէս լեցուած է Ս․ Պատարագի նիւթերէն մէկը՝ գինին։ Այնուհետեւ պատարագիչ քահանան այդ բաժակամանի գինին խաչաձեւ շարժմամբ կը կը հոսեցնէ սկիհին մէջ։

Տապանակ կամ խնկաման

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արծաթէ տուփ է՝ վերնամասը չորս փոքրիկ խաչերով եւ մէկ մոմակալով զարդարուած է, որու մէջ կը պահուին խունկ եւ կնդրուկ։ Տապանակի գործածութիւնը վերցուած է Հին ուխտի եկեղեցիէն։

4-րդ դարէն կիրառուող խաչագլուխ եւ շրջանակաձեւ դրօշակ, որու վրայ պատկերուած է խաչելութեան դրուագը կամ տնօրինական մէկ այլ դէպք։ Երբեմն նկարուած է նաեւ Աստուածածնայ պատկերը։ Խաչվառը կը գործածուի Ս․ Պատարագի, Անդաստանի, Նախատօնակի, թափօրի եւ յուղարկաւորութեան ժամանակ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «ՍՊԱՍՔ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-07-16-ին։ արտագրուած է՝ 2017-07-01