Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ Դուք կրնաք օգնել ծրագիրին՝ տեղադրուած տեղեկութիւններուն հաւաստիութիւնը գտնելով վստահելի աղբիւրներու մէջ եւ այդ աղբիւրները յղումներու տեսքով աւելցնելով յօդուածին մէջ։ Չհիմնաւորուած աղբիւրները ենթակայ են հեռացման։
Եարոսլաւլ (ռուս.՝ Ярославль), քաղաք Ռուսաստանի մէջ, եարոսլաւլի մարզի կեդրոն։ Բնակչութիւնը ըստ 2011 թուականի տուեալներուն կը կազմէ 591 374 մարդ։ Բաղկացած է վեց վարչական շրջաններէ։
Եարոսլաւլը Ռուսաստանի Դաշնութեան կեդրոնական դաշնային շրջանի երրորդ քաղաքն է՝ ըստ բնակչության թիւի։ Քաղաքը փոխադրամիջոցի հանգոյց է, ուրկէ սկիզբ կ՛առնեն երկաթուղային գիծեր ու ինքնաշարժներու ճամբաներ դէպի Մոսկուաեւ այլ ռուսական քաղաքներ։ Եարոսլաւլի մէջ կը գործեն նաեւ նաւահանգիստ եւ օդակայան։ Քաղաքի տարածքը կը կազէ 205 մ²։
Եարոսլաւլը Ռուսաստանի ամենահին քաղաքներէն մէկն է։ Այն հիմնադրուած է XI դարուն եւ կը ծաղկում ապրած է XVII դարուն։ 2010 թուականին նշուեցաւ քաղաքի հազարամեակը։ Քաղաքի օրը, Եարոսլաւլի մէջ, սովորաբար կը նշուի Մայիսի վերջին շաբաթ օրը (2010 թուականին քաղաքի հազարաեակը նշելու պատճառով քաղաքի օրը նշուեցաւ Սեպտեմբեր 10-12-ին)։