Դոկտ. Միրնա Տուզճեան
Արտաքին տեսք
Դոկտ. Միրնա Տուզճեան |
---|
Դոկտ. Միրնա Տուզճեան
Դոկտ. Տուզճեան Գալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն (UCLA) վկայուած է Համեմատական գրականութեան մէջ՝ պատուոյ բարձր յիշատակութեամբ, իսկ 2013-ին նոյն համալսարանէն արժանացած է դոկտորական տիտղոսի։ Իր աւարտաճառի նիւթը եղած է յետ-խորհրդային հայ եւ ռուս գրականութիւնը։ Տուզճեան հեղինակն է գիտական եւ պարբերական յօդուածներու, արդի հայ թատրոնի, գրականութեան եւ ֆիլմի մասին։ Ան նաեւ հայերէնէ անգլերէնի թարգմանած է բանաստեղծութիւններ եւ թատերգութիւններ, որոնք բեմադրուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ներկայիս ան մնայուն դասախօս է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլի մասնաճիւղին մէջ (U.C. Berkeley), ուր կը դասաւանդէ հայոց լեզու եւ գրականութիւն։[1]
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Գրականութիւն»։ armenolog.wordpress.com (անգլերեն)։ 2024-05-13։ արտագրուած է՝ 2024-07-31