Դլփինները

Դլփինները, կէտերը եւ ծովախոզուկները (porpoises) յառաջացած են կաթնասուններէ, որոնք ժամանակին ապրած են ցամաքի վրայ: Տասնեակ միլիոնաւոր տարիներ առաջ կէտազգիներու նախնիները մերժած են ցամաքային կեանքը` յօգուտ բաց ովկիանոսի:

Յատկանիշներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Դլփինները կը լողան ովկիանոսին մէջ, իրենց պոչը վեր ու վար տարուբերելով:
  • Իւրաքանչիւր դլփին ունի իրեն յատուկ սուլոց մը, զոր կը գործածէ իբրեւ իր իւրայատուկ կանչը եւ զայն անփոփոխ կը պահէ ամբողջ կեանքին ընթացքին: Դլփինները աւելի քան 20 տարի բաժնուած ապրելէ ետք տակաւին կրնան զանազանել երբեմնի սերտ ընկերակիցի մը սուլոցը` բոլորովին տարբեր սուլոցներէ, զորս կ'արձակեն իրենց համար օտար դլփիններ:
  • Դլփինները միջին հաշուով 20 տարի կ'ապրին վայրի բնութեան մէջ, թէեւ բանտարկուած դլփինները կ'ապրին մինչեւ 45 տարի[1]:
  • Դլփինները կը շնչեն իրենց գլխուն վրայ գտնուող ծակի մը միջոցով[2]:
  • Շնչելու համար, նորածին դլփինին մայրը կամ խումբէն ուրիշ էգ դլփին մը կ'օգնեն անոր բարձրանալու դէպի ջուրին մակերեսը, ուր ան իր թոքերը օդով կը լեցնէ: Ձուկերը կրնան շնչել ջուրին մէջ` շնորհիւ անոնց գլխուն երկու կողմերը գտնուող խռիկներուն, որոնց միջոցով անոնք կը ծծեն ջուրին մէջ գտնուող թթուածինը: Դլփինները այս դրութեամբ չեն օժտուած, հետեւաբար անոնք չեն կրնար շնչել ջուրին տակ[3]:
  • Դլփինները կ'օգտագործեն իրենց կոնաձեւ ակռաները արագ շարժող որսը բռնելու համար։
  • Անոնք ունին լաւ զարգացած լսողութիւն, որ կը յարմարի ինչպէս օդի, այնպէս ալ ջուրի համար: Անիկա այնքան զարգացած է, որ նոյնիսկ կոյր դլփիններուն գոյատեւման կը նպաստէ։
  • Կարգ մը տեսակներ կրնան մինչեւ շատ խոր սուզուիլ։
  • Ռազմական դլփին
    Անոնց մաշկին տակ կայ ճարպի հաստ շերտ մը, սառ ջուրին մէջ տաքութիւն պահելու համար։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]