Jump to content

Դէպի համատարած գրագիտութիւն

«Դէպի համատարած գրագիտութիւն», ամսագիր գրաճանաչութիւն սորվողներու համար։ Հանդիսացած է ՀԽՍՀ լուսժողկոմատի օրգան։ Լոյս տեսած է 1931-1932 թուականներուն, Երեւանի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Ս․ Ստեփանեան, Ս․ Դաւթեան, Ե․ Թէրզեան։ Փորձած է նպաստել Խորհրդային Հայաստանի մէջ գրագիտութեան տարածման՝ լուսաբանած լիկուիդացիոն կայաններու (լիկկայան) աշխատանքը, տպագրած տնտեսական, հասարակական-քաղաքական բնոյթի հանրամատչելի զրոյցներ, բանաստեղծութիւններ, ակնարկներ, բնութեանն ու կենդանական աշխարհին վերաբերող նիւթեր։

Աշխատակցած են Սիմակը, Ա․ Եղիազարեանը, Ս․ Մովսիսեանը, Ռ․ Գաբրիէլեանը, Տ․ Անդրիասեանը եւ ուրիշներ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։