Դաւիթ Յակոբեան
Դաւիթ Յակոբեան (1 Յունուար, 1950, Բերդ - 29 Սեպտեմբեր, 2014, Երեւան), հայ քաղաքական գործիչ։ 1966 թ. աւարտած է Բերդի միջնակարգ դպրոցը։ 1973 թ. աւարտած է Մխիթար հերացու անուան Երեւանի պետական բժշկական հիմնարկը՝ բժիշկ-թերապևտի մասնագիտութեամբ։ 1973-1976 թուականներուն աշխատած է ՀԽՍՀ Առողջապահութեան մինիստրութեանն առընթեր 4-րդ վարչութիւնին որպէս բժիշկ-օրդինատոր։ 1976-1978 թթ. ծառայած է Խորհրդային բանակին մէջ։ 1997 թուականին հիմնադրած եւ մինչեւ մահ գլխաւորած է Հայաստանի Մարքսիստական կուսակցութիւնը։ 1978 թուականէն աշխատած է Երեւանի թիւ 12 դարմանատուն՝ թերապևտիկ բաժնի վարիչ։ Վերջին անգամ ընտրութիւններուն մասնակցած է 2012 թուականին՝ անդամագրուելով պատգամաւորութեան մեծամասնական թեկնածու, 41-րդ ընտրատարածքին մէջ։ Ընտրութիւններու արդիւնքին հաւաքած է 2372 ձայն և զբաղած է վերջին՝ չորրորդ, տեղը։ 2007 թուականի ՀՀ Ազգային ժողովի 4-րդ գումարման ընտրութիւններու ժամանակ, Յակոբեանը առաջադրուած էր կրկին 41-րդ ընտրատարածքին մէջ։ Անոր միակ մրցակիցը Յակոբ Յակոբեանն էր։ Ընտրութեան արդիւնքներով Դաւիթ Յակոբեանը հաւաքած էր 7 638 ձայն, իսկ անոր մրցակիցը՝ 21 553։ 2014 թուականի Մարտին Յակոբեանը սրտի կաթուած ունեցաւ եւ համապատասխան բուժում ստացաւ Ակադեմիկոս Լ. Յովհաննիսեանի անուան Սրտաբանութեան գիտահետազոտական հիմնրակին մէջ[1][2][3][4][5]։