Jump to content

Դաւիթ Աբրահամովիչ

Աբրահամովիչ Դաւիթ, ծնած է 30 Յունիս 1839-ին իր հայրենական կալուածոց մէջ ի Թարկօվիցա: Վարժական ուսմունքներն աւարտած է Սթանիսլավուվի մէջ եւ ապա առանձնաբար շարունակած: Շատ երիտասարդ տարիքին՝ հրապարակական կեանքի մէջ մտած է, յորում, զանց չնելով իր հողագործական վիճակին պատքերն, լուրջ եւ նշանական դեր մը կատարած է: Քսանըհինգ տարիներէ աւելի Լվովի վիճակային ժողովին նախագահ եղած է. 1875-ին Աւստրիոյ երեսփոխանական խորհրդարանի անդամ եղած եւ նոյնին պատկանած է մինչեւ 1918: 1907-ին վերջերը Փրանկիսկոս Յովսէփ Աւստրիոյ կայսրը զինքը Կալիցիոյ համար նախարար անուանած է: Գործիչ մը եղած է կալուածավարկի եւ Կալիցիայի հողագործական ընկերութեան մէջ, յորում դերնախագահի պաշտօնն վարած է: Կալիցիոյ Աւագաժողովին անդամ ընտրուած է դեռ երեսուն տարուան հասակին եւ շարունակած նոյն պաշտօնը մինչեւ 1918, այսինքն մինչեւ վերականգնումը լեհական պետութեան: 1919-ին ինքնաբերաբար Վարշաւիոյ լեհական Աւագաժողովին անդամ ընտրուած է: Ըլլայ Խորհրդարանի, ըլլայ Աւագաժողովին մէջ. Որուն յանձնախումբին նախագահն էր, շատ գործունեայ եղած է, զանազան կարեւոր խնդիրներու մէջ յաճախ տեղեկագրողն ըլլալով: Նշանաւոր հանդիսացած է իր աշխարհատես խելամտութեամբը հողագործական եւ տնտեսական եւ ի մասնաւորի տուրքերու վերաբերեալ խնդրոց մէջ, ըլլալով միեւնոյն ատեն հմուտ եւ կարող քաղաքագէտ մը: Վախճանած է 24 Դեկտեմբեր 1926-ին, արդիւնալից քաղաքացւոյ անջինջ յիշատակը թողլով: Իր հողային կալուածները ձգած է Լվովի մէջ հայ եւ լեհացի աղքատ տղոց համար կրթական հաստատութեան մը շինութեան համար: Ըստ իր բաղձացած եւ ձգած կտակին՝ նոյն նպատակաւ կառուցուած է հոյակապ շէնք մը, որուն գտնուած փողոցին անունը, անոր յիշատակը յաւերժացնելու համար քաղաքապետութիւնը Աբրահամովիչներու փողոց յորջորջել տուած է: Ասկից զատ Քրաքովիայի թանվարանին նուիրած է իր թանկագին նկարներն եւ արուեստակերտ գործուածները: Ուսանող երիտասարդաց համար թոշակներ սահմանած է, թողլով նոյնպէս մեծ եւ կարեւոր գումար մը Լվովի Հայոց աթոռանիստ եկեղեցւոյն նորոգութեանցը համար:

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Ա., էջ 28: