Գրքերի աշխարհ

«Գրքերի աշխարհ», խորհրդային շրջանի հայկական ամսաթերթ։ Հանդիսացած է ՀԽՍՀ մինիստրներու սովետի հրատարակչութիւններու, պոլիգրաֆիայի եւ գիրքի առեւտուրի գործերու պետական կոմիտէի օրգանը։ Առաջին անգամ հրատարակուած է 1968-ին, Երեւանի մէջ։ Խմբագիր՝ Ա․ Սարգսեան։ Զբաղուած է գիրքի Գովազդի, պոլիգրաֆիայի, առեւտուրի, ձեւաւորման եւ նկարազարդման, հրատարակչական-խմբագրական խնդիրներով։

Փորձած է ջատագովել ընթերցանութիւնը, օգնել ընթերցողին կողմնորոշուելու գրական նորոյթներուն մէջ։ «Գրքերի աշխարհ»-ի 3-րդ էջը լոյս կը տեսնէր ռուսերէն, ուր կը ներկայացուէին հայ հեղինակներու՝ ՀԽՍՀ եւ ԽՍՀՄ միւս հանրապետութիւններուն մէջ հրատարակուող գիրքերը, կ՜արտատպուէին խորհրդային մամուլի արձագանգները անոնց մասին։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։