Գումգաբուի Գորգերը
Գումգաբուի գորգերը, 19-րդ դարու վերջերը Իսթանպուլի Գումգաբու թաղին մէջ, պալատի շրջակայքի եւ արտասահմանի յաճախորդներուն համար, մետաքսի վրայ մետաղէ թելերով հիւսուած, իրանական եւ օսմանեան նախշեր կրող գորգեր են:
Գումգաբու թաղամասը կը գտնուի Իսթանպուլի պատմական թերակղզիին մէջ, ուր նոյն թաղին մէջ կը գտնուին նաեւ դարաւոր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը, Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցին եւ Պէզճեան Մայր Վարժարանը: Իսկ պատմական թերակղզիին մէջ կան Բիւզանդիոն կայսրութեան պատկանող եւ հին ժամանակներէ հիմնուած պալատներ, եկեղեցիներ, մզկիթներ եւայլն:

Միջին Անատոլուէն Իսթանպուլ ժամանած հայ վարպետներու կողմէ հիմնադրուած Գումգաբուի գորգագործական արհեստանոցներու մէջ 19-րդ դարուն կը հիւսուէր արտակարգ որակով մաքուր մետաքսեայ գորգեր: Օսմանեան սուլթաններու մեծ պալատի մօտակայքը արտադրուող այս գորգերը կը մրցէին Հերեքէի կայսերական արհեստանոցներու հետ եւ այդ պատճառաւ հայ վարպետները կը ստիպուէին հիւսել գորգեր ալ աւելի զարմանալի որակով:
Հերեքէ եւ Գումգաբու իրարմէ շատ հեռու չէին, բնութային կազմն ալ իրարու շատ նման էր: Հերեքէի գորգագործարանի հայ վարպետները 19-րդ դարու կէսերը, աշխարհի ամէնաբարձրորակ եւ թանկագին գորգերը հիւսած են:

19-րդ դարուն վերջերը եւ 20-րդ դարուն, մետաքսի վրայ մետաղէ թելերով հիւսուած եւ հարուստ հանգոյցներով ուշագրաւ դարձած այս ստեղծագործութիւնները, մանաւանդ նախշերը՝ ներշնչուած են 16-17րդ դարերու դասական իրանական գորգերէ: Կարգ մը նմոյշները բացառիկ կերպով վերստին կը մեկնաբանէին իրանական գորգերը: Անշուշտ թէ թրքական ազդեցութիւններ ալ կան, որովհետեւ ի վերջոյ այս գորգերը օսմանական շրջանին Գումգաբուի մէջ հիւսուած են: Միւս կողմէ, փոխանակ այդ շրջանի նեղ պայմաններուն, գիտարուեստական (թեքնիք) ենթակառուցուածքը շատ յառաջացած գանձ մըն էր: Ըստ մասնագէտներու՝ այս գորգերը մետաքսի ու մետաղի հարստութենէն մինչեւ հիւսուածքի որակին եւ օգտագործուած յառաջադէմ գործադրութեան, բնօրինակ 17-րդ դարու իրանական գորգերէն աւելի լաւ են: Բայց Մերձաւոր Արեւելքի գորգագործութեան պատմական գիրքերու մէջ Գումգաբուի գորգերուն շատ տեղ չի տրուիր[1]:
Յայտնի գորգագործական վարպետներնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յակոբ Գաբուճեան
- Զարեհ Բենիամին
- Թօսունեան
- Կարապետ Աբէլեան
Օսմանեան Կայսրութեան վերջին տարիներուն հայ գորգագործերուն շատը հեռացած են Գումգաբուէն եւ ուր որ գացած են, տարած են իրենց արուեստը այլ երկիրներ ու շարունակած են արտադրել Գումգաբուի գորգերը:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Kumkapı halılarında saklı gezgin bir tarih»։ Agos (թուրքերեն)։ արտագրուած է՝ 2020-06-01