Jump to content

Գործիքներ

Գործիքներ Ու Մեքենաներ, հնարուած են մեր կեանքը դիւրացնելու համար։ Լծակները, բազմաճախարակները, հակուղիղ մակերեսները, բեռնագլանները եւ ատամնաւոր անիւները կը գործածուին դժուար աշխատանքները դիւրութեամբ կատարելու համար։

Լծակը պարզ մեքենայ մըն է, որ կը ծառայէ բեռ մը աւելի նուազ ուժով վերցնելու։ Ան հիմնականին մէջ ձող մըն է, որ առանցքի մը շուրջ կը դառնայ։ Առանցքը, որ նաեւ կը կոչուի յենակէտ, ձողը կը բաժնէ երկու թեւերու։ Երկար թեւին վրայ բանող ուժ մը դիւրաւ կը վերցնէ կարճ թեւին վրայ գտնուող բեռ մը։

Բազմաճախարակները բեռնամբարձ հանրակառքեր են ակօսաւոր անիւներով, որոնց շուրջ փաթթուած է շղթայ կամ պարան մը։ Անոնք կը ծառայեն ծանր բեռներ վերցնելու։

Բեռնագլան մը հորիզոնական գլան մըն է, որուն շուրջ փաթթուած է պարան մը։ Գլանը իր առանցքին շուրջ կը դառնայ շարժաթեւի մը շնորհիւ։ Կը ծառայէ ծանր բեռներ վերցնելու։

Հակուղիղ Մակերեսներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հակուղիղ մակերես մը զառիվեր մըն է, որուն միջոցաւ ծանր բեռ մը կը վերցնենք առանց զայն շալկելու։

Ատամնաւոր Սարքեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս անիւներուն ակռաները իրարու մէջ անցած են։ Այդ ձեւով կարելի կ'ըլլայ անիւ մը միւսէն աւելի կամ նուազ արագ դարձնել։ Օրինակի համար, նկատի ունենանք երկու ակռայ ունեցող անիւներու սարք մը՝ 8 ակռաներով փոքր եւ 16 ակռաներով մեծ անիւներ։ Երբ փոքր անիւը լման շրջան մը կ'ընէ, մեծ անիւը 8 ակռայ կը դարձնէ։ Ուրեմն, մեծին առանցքը պզտիկին կէս արագութեամբ կը դառնայ։

Ձեռնասայլը, ձողէ օրօրոցը, մկրատը եւ կաղնաբեկը լծակի սկզբունքին վրայ բանող գործիքներն են։

  • Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարանս, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, 2001-2002, էջ 18-19: