Jump to content

Գոյականի առումներ

Գոյականի առումները, Խօսքի մէջ գոյական անունները կը գործածուին երկու առումով՝ անորոշ եւ որոշյալ։ Գոյականը անորոշ առումով կը դրուի այն ատեն, երբ ան նախապէս յայտնի չէ խօսողին կամ խօսակիցին։ Օրինակ՝ Հոս տուն մը կայ։ Տունը մարդ չկայ։ Անիկա եղբայր մը ունի։ Այս նախադասութեանց մէջ տուն, մարդ, եղբայր ըսելով կը հասկնանք անորոշ, ոչ յայտնի իրեր եւ անձեր (տուն, մարդ, եղբայր)։

Անորոշ առումով դրուած գոյականները կրնան ունենալ նաեւ «մը» (մըն) յօդը, որ ցոյց կու տայ առարկայի մը անորոշ կամ մէկ հատ ըլլալը. օրինակ՝ տղայ մը, գիրք մը։ «Մը» (մըն) յօդը կը գործածուի գոյականէն անջատ։ Օրինակ՝ կառք մը կ'անցնէր։ Հեղեղ մը սեւ դէպի հարաւ կը քալէր։ Մարդ մըն էր որ անցաւ։ Գոյականը որոշեալ առումով կը դրուի, երբ կը ցուցնէ խօսողին եւ խօսակիցին յայտնի առարկայ։

Որոշեալ առում ունեցող գոյականներուն բոլոր հոլովաձեւերուն վրայ կը դրուի «ը» կամ «ն» որոշիչ յօդը։ «Ը» յօդը կը դրուի բաղաձայնէն յետոյ (քաղաքը, գիւղը, ճանապարհը, արտը), «ն» յօդը ձայնաւորէն յետոյ (ձին, գարին, գօտին, ոսկին, կատուն, առուն)։ Բառին վերջը գտնուող «յ»-ն կ'իյնայ, երբ բառը որոշիչ յօդ կ'առնէ, տղայ,-տղան, ճամբայ-ճամբան (կամ ճամբէն), հսկայ-հսկան։ Եթէ յաջորդ բառը ձայնաւորով սկսի, «ը»-ի փոխարէն կրնայ ն յօդը դրուելով։ գործն է արդար։ Ուսուցիչն ըսաւ։ դիմորոշ, ցուցական եւ ստացական ս, դ, ն յօդերը եւս որոշեալ առման նշանակութիւն ունին։ Օրինակ՝ տունս, որդիս, փեսան։