Գլխու եւ Ողնաշարի Վնասուածքներ
Գլխու եւ ողնաշարի վնասուածքներուն յաճախ կ’ուղեկցին ոսկորներու եւ փափուկ հիւսուածքներու վնասուածք։ Այդպիսի վնասուածքներու մօտ կէսը ինքնաշարժի արկածներու հետեւանք է։ Վնասուածքներուն հետեւանքով կարգ մը տուժողներ կը մահանան, իսկ կենդանի մնացածներէն շատեր կ’ունենան տարբեր տեսակի ֆիզիքական եւ մտային խանգարումներ։ Ժամանակին ցուցաբերուած ճիշդ օգնութիւնը կրնայ կանխել այդպիսի անցանկալի հետեւանքները։
Գանկի լայն եւ տափակ ոսկորները իրարու միանալով կը կազմեն խոռոչ, ուր կը գտնուի ուղեղը։Գանկի ոսկորներու կոտրուածքը վտանգաւոր է, որովհետեւ ուղեղին կրնայ վնասել։ Գլխու արիւնատար անօթնեդը վնաս ստանալու պարագային, արիւնը կը կուտակուի գանկի խոռոչին մէջ եւ կը ճնշէ գլխուղեղի հիւսուածքին՝ վնասելով զայն եւ առաջացնելով զանազան ջղային խանգարումներ։
Ողնաշարը կազմուած է ողերէ, որոնք իրարմէ բաժնուած են աճառային(Cartilage) շերտով՝ միջողային սկաւառակներով։ Ողնաշարը պատեան է ողնուղեղին համար, որմէ ողնաշարի երկու կողմերուն գտնուող անցքերէն դուրս կու գան նեարդային ճիւղերը եւ կը տարածուին մարմինի տարբեր մասերը։
Գլխու ենթադրուած տուժողը զննելէ ետք պէտք է փնտռել կապտուկներ, արեան հետքեր եւ ուռեցքներ։ Ճշդուած մասերուն ճնշում կատարելէ պէտք է խուսափիլ։ Գլխու եւ ողնաշարի ծանր վնասուածքներուն կրնան ուղեկցիլ գլխուղեղի կամ ողնուղեղի տարբեր աստիճանի վնասուածքներ, որոնք կ'արտայայտուին հետեւեալ նշաններով՝
-Գիտակցութեան եւ շնչառութեան խանգարում,
-Կտրուկ ցաւ կամ ճնշումի զգացում վնասուածքի բաժիններուն մէջ,
-Ծակծկոցներ կամ զգացողութեան կորուստ ծայրամասերուն մէջ,
-Շարժունակութեան լրիւ կամ մասնակի կորուստ,
-Գլխու կամ մէջքի վրայ արտասովոր ուռեցքներ կամ փոսիկներ յառաջացած մասեր,
-Յիշողութեան կորուստ կամ խանգարում,
-Ականջներէն կամ քիթէն արեան կամ թափանցիկ հեղուկի արտահոսք,
-Արիւնահոսութիւն, արիւնազեղում (աչքերու շուրջը, ականջներուն ետեւը),
-Տեսողութեան խանգարում,
-Սրտխառնուք, փսխուք,
-Գլխացաւ, գլխապտոյտ, հաւասարակշռութեան կորուստ։
Վերջնականօրէն կարելի չէ հաստատել կամ ժխտել գանկի կամ ողերու կոտրուածքը, որովհետեւ այդ մէկը կը հաստատուի միայն համապատասխան մասնագիտական հետազօտութիւններով։
Համեմատաբար թեթեւ վնասուածքի պարագային պէտք է անշարժացնել տուժողին պարանոցը, պինդ իր մը օձիքի նման զգուշօրէն փաթթելով պարանոցին շուրջը այնպէս մը,որ չխանգարէ շնչառութինը, ծոծրակի եւ ծնօտը յենելով իր վրայ, որպէսզի նուազի ողերու վրայ ճնշումը։
Եթէ վնասուածքը ծանր է եւ տուժողը չէ կորսնցուցած գիտակցութիւնը, ապա պէտք է սահմանափակել ենթակային շարժումները, յատկապէս պարանոցի հատուածը եւ զինք չտեղափոխել մինչեւ շտապ օգնութեան հասնիլը։
Եթէ վնասուածքը ծանր է եւ տուժողը կորսնցուցած է գիտակցութիւնը, պէտք չէ շարժել ենթական։ Փսխելու պարագային ենթական պէտք է տեղադրել այնպիսի դիրքի մէջ, որ կարենայ փսխել եւ գլուխը, պարանոցը ու մարմինը գտնուին ողնաշարի նուազագոյն լրացուցիչ վնասուածքներ ունենալու հաւանականութեան դիմաց։ Այս պարագային պէտք է օժանդակութիւն խնդրել երկրորդ անձէ մը։
Առաջին օգնութեան ընդհանուր սկզբունքներ ողնաշարի վնասուածքի պարագային.
-Նուազեցնել մարմինի որեւէ մասի շարժումները, յատկապէս՝ գլխու եւ ողնաշարի։
-Հեռաձայնել շտապ օգնութեան եւ սպասել մասնագէտներուն ժամանումին։
-Դադրեցնել արտաքին արիւնահոսութիւնը՝ ճնշում կատարելով երկու քնայն զարկերակներուն վրայ եւ վիրակապելով պարանոցը։
-Ապահովել մարմինի բնականոն ջերմաստիճանը։
-Մնայուն կերպով վերահսկել տուժողը։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Զգոյշ»,Առողջապահական նախազգուշական պարբերաթերթ,2017,էջ(27-28)