Jump to content

Գիւղի կոմունիստ

«Գիւղի Կոմունիստ», խորհրդային շրջանի հայկական ամսագիր։ Հանդիսացած է ՀԿ(բ)Կ ԿԿ-ի եւ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի օրգանը։ Հրատարակուած է 1929— 1930 -ին, Երեւանի մէջ։ Խմբագիրները՝ Մ․ Չոլախեան, Ե․ Չուբար։

Ըստ խորհրդային պաշտօնական տեղեկատուութեան լուսաբանած է կուսակցութեան քաղաքականութիւնը կոլեկտիւացման շրջանին, պայքարած է աջ օպորտունիզմի դէմ եւ հետեւած քննադատութեան ու ինքնաքննադատութեան ծաւալման գիւղական կուսկազմակերպութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է Երեւանի կոմերիտական կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն, տպագրած է գիտաաթեիստական յօդուածներ, տեղեկութիւններ միջազգային քաղաքական իրադրութենէն։

«Գիւղի կոմունիստի»-ի բաժիններն էին՝ «Կուսակցական կեանք», «Խորհրդային շինարարութիւն», «Կոլեկտիւացման ճակատում», «Աշխատանքը բատրակների մէջ», «Կոոպերացման ճակատում», «Աշխատանքը գեղջկուհիների մէջ», «Կուլտուրական ճակատում», «Ինչ կարդալ» (քաղաքական եւ գիւղատնտեսական ընթացիկ գրականութենէն)։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։