Jump to content

Գիրք եւ Անկողին

Գիրք Եւ Անկողին (Book And Bed 2015),գրադարան, կը գտնուի Թօքիոյի մէջ, ունի 30 անկողիններ, ուր այցելողները կը քնանան սենեակներու մէջ, որ պահուած են դարաններուն ետեւը:[1]

Գրադարանին Մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատկերացուցէք, քունի անցնիլ, ոչ թէ մէկ գիրքով ձեր շուրջը, այլ՝ 5000:

Գիրք Եւ Անկողին (Book And Bed), որ բացուած է 2015-ին Tokyo-ի մէջ, ներկայիս հիւրընկալութիւնը ունի չորս տեղ, իսկ՝ հինգերորդը պիտի բացուի Թոգիոյի Շինճուքու շրջանին մէջ:

Գինը մէկ գիշերուայ համար 50$- էն պակաս կ'ըլլայ, այցելողները կրնան պարկիլ պարզ տախտակէ շինուած անկողինի մը մէջ, որ զետեղուած է դարաններուն մէջ:

Իւրաքանչիւր սենեակ ունի իր սեփական Էտիսօն լուսամփոփը կարդալու համար, ելեկտրական պէտքեր եւ վարագոյր իբրեւ սենեակի դուռ: Հիւրանոձը ունի հազարաւոր վերնագրեր, սկսած Մանկաէն մինչեւ Մուքրամի, ներառեալ Ճաբոնական դասական գրականութեան անգլերէն թարգմանութիւնները:

Հիւրերը կը վայելեն անվճառ Wi-Fi, լոգարաններ, հիմնական զուգարաններ եւ վարձակալւող անձերոցներ:

Անձ մը կարելիութիւն չունի գիրք քնելու, բայց կրնայ ձեռք բերել Book And Bed-ի յայտնի գծաւոր բիժաման, որուն առջեւի գրպանը գիրքի չափ է: Իսկ եթէ գիրքի մը վերնագիրը շատ սիրեցիք եւ առանց այդ գիրքին չէք կրնար ապրիլ, կրնաք տարբերակը գտնել Shibuya Publishing And Booksellers խանութէն ներս:[2]

  1. Իքէպուքուրօ Ikebukuro
  2. Շինճուքու Shinjuku
  3. Ասաքուսա Asakusa
  4. Քայօդօ Kyoto
  5. Ֆուքուօքա Fukuoka[3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Sleep Inside A Bookshelf At This Cozy Japanese Hostel
  2. BOOK AND BED, TOKYO
  3. Book And Bed Tokyo

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Book And Bed