Jump to content

Գէորգ Դաւիթեան (տնտեսագէտ)

Գէորգ Դաւիթեան
Ծնած է 23 Մայիս 1899
Մասնագիտութիւն Տնտեսագէտ եւ հրապարակաագիր

Գէորգ Դաւիթեան (23 Մայիս 1899 - ՞ ), հայ տնտեսագէտ եւ հրապարակագիր:

Դաւիթեան ծնած է 1899 Մայիս 23-ին: Փոքր տարիքէն ունեցած է մտաւորական ըլլալու ցանկութիւն եւ հետաքրքրուած՝ արդարութեան, մարդկութեան, ազգին եւ աղքատներու իրավիճակով: Այս գաղափարները, յետագային, մեծ ազդեցութիւն ունեցած են անոր գործունէութեան վրայ:

Հայրը՝ Պաղտասար, Քէմախի (Կամախ) Բագառիճ գիւղէն, հաստատուած է Սերպիոյ մէջ։ Ընտանեկան պարագաները եւ Պալքանեան պատերազմները Դաւիթեանին թոյլ չեն տար իր ուսաումը շարունակելու կիմնազիոնին մէջ։ Սակայն ան, շարունակ կը կարդայ եւ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ:

Պատերազմէն ետք, եղբօր Սերոբին հետ, արտասահման կը գաղթէ: Երթալով Զուիցերիա, կը լծուի աշխատանքի: Այնտեղ կը շարունակէ իր երկրորդական ուսումը, ապա կ՛աւարտէ Ժընեւի ընկերային եւ տնտեսական գիտութեանց համալսարանը:

Գործոունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տակաւին ուսանող, ան կ՛աշխատակցի զուիցերիական թերթերու, սակայն երբ Պելկրատ կը վերադառնայ, կը ստիպուի նախ աշխատիլ դրամատան մը մէջ, ետքը զբաղիլ վաճառականութեամբ. միեւնոյն ժամանակ աշխատակցելով՝ Եուկոսլաւ եւ արտասահմանեան կարգ մը թերթերու: Այս բոլորին զուգահեռ, Պելկրատի առեւտրական վարժարանէն ներս, ուսուցչական պաշտօն կը վարէ:

1930-ին ան եղած է Պելկրատի տնտեսագէտներու ընկերակցութեան հիմնադիրներէն մէկը. հիմնադրութենէն ետք կը վարէ քարտուղարի պաշտօնը, ետքը փոխ նախագահի պաշտօնը եւ 1934-էն ետք նախագահի պաշտօնը:

1931-ին կը հիմնէ «Լա վի էքոնոմիք է ֆինանսիէռ» հանդէսը եւ դառնայ անոր խմբագրապետը, որուն մէջ կը հրատարակէ կր աշխատութիւններուն մեծ մասը:

1933-ին կը կոչուի Եուկոսլաւ «Արթիգինալ» ընկերութեանց համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղարութեան, ապա՝ տօրէնութեան պաշտօն, զոր չորս տարի կը վարէ:

1937-ին կը կոչուի Եուկոսլաւ համագործակցական շարժման գերագոյն կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարութեան պաշտօն:

1938-ին, մնայուն անդամ կ՛ընտրուի,Փարիզիհամագործակցական ուսումնասիրութեանց միջազգային հաստատութեան: