Jump to content

Գէորգ Բաղդիշեան

Գէորգ Բաղդիշեան
Ծնած է 4 Յունուար 1939-ին
Ծննդավայր Մուսա Լերան Հաճի Հապիպլի գիւղը
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն հայոց լեզուի պատմութեան մասնագէտ
Մասնագիտութիւն Դոկտոր Փրոֆէսոր բանասիրական գիտութիւններու
Աշխատավայր դասախօս
Ամուսին Նորա Բրուտեան-Բաղդիշեան
Ծնողներ Կարապետ եւ Մարիամ Խարիկեան-Բաղդիշեան
Երեխաներ Արմենուհի, Մարիամ եւ Նարեկ

Դոկտոր Փրոֆէսոր Գէորգ Բաղդիշեան ծնած է 1939-ին, Մուսա Լերան Հաճի Հապիպլի գիւղը: Գրաբառագէտ, հայոց լեզուի պատմութեան մասնագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու գիտական աստիճան: Հայկական սփիւռքի մէջ շուրջ։, տարիներ ծաւալած է գիտա-մանկավարժական գործունէութիւն:

Դոկտոր Փրոֆէսոր Գէորգ Բաղդիշեան իր գիտա-մանկավարժական գործունէութիւնը սկիզբ առած է 1984-էն Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարան ապա Երուսաղէմի Ժառանագաւորաց վարժարան եւ Գահիրէի Նուպարեան եւ Գալուստեան Ազգային Վարժարան: Դասախօսած է նաեւ թրքահայոց՝ հայերէնով դասաւանդող ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն՝ անոնց յատկապէս արեւմտահայերէնը: Արեւմտահայերէնով գրած է մէկ տասնեակէն աւելի գիրքեր, որոնք տպագրուած են Եգիպտոս եւ Երուսաղէմ: Արեւելահայերէնով գրած է բազմաթիւ յօդուածներ՝ տպագրուած հայկական Սփիւռքի մամուլին մէջ:

1997-1999 թուականներուն պաշտօնավարած է Գահիրէի Նուպարեան եւ Գալուստեան Ազգային Վարժարանին մէջ:


Այս առիթով փոքրիկ փակագիծ մը բանամ: 1999-ի Յունուարին էր, երբ, հեռաձայնով, քիչ մը հրամայական, աւելիով՝ յոգնած ձայ-ներանգով մը զիս իր մօտ հրաւիրեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկե-ղեցւոյ Եգիպտոսի թեմի հոգեւոր առաջնորդ Զաւէն Արքեպիսկոպոս Չինչինեան: Ներկայացայ: Իր ոճով դիմեց ինծի. -Պրն. Բաղդիշեան, ես յատուկ նամակ-խնդրանքով մը պիտի դիմեմ Ե-րուսաղէմի Ամենապատիւ Տ. Թորգոմ Մանուկեան Պատրիարքին՝ որպէսզի ձե-զի հրաւիրէ Ժառանգաւորաց Վարժարան: Դուք հոն շա՜տ աւելիով պէտք էք, քան հոս: Ինծի համար աններելի մեղք է ձեզ ե՛ւ ձեր կարողութիւնները այս-տեղ մեռցնելը: Ձեր կարծիքը կ’ուզեմ լսել: -Ձեր գիտնալիքն է, սրբազան հայր,-եղաւ պատասխանս: -Ես իմ գիտնալի՛քն ալ գիտեմ, ընելի՛քն ալ: Եւ այսպէս, 2000-ին յայտնուեցայ Երուսաղէմ, որպէս դասախօս Ժառան-գաւորաց Վարժարանի:
- Գէորգ Բաղդիշեան


Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանէն ներս պաշտօնավարած է 2000 – 2007 թուականներուն, այսինքն՝ եօթ ուսունական տարիներ՝ դասաւանդելով «գրաբար», «արեւմտահայերէն», «ազգային պատմութիւն» եւ «ոճագիտութիւն» նիւթերը:

2002- 2003 թուականներու ամառնային արձակուրդներու ընթացքին եղած եմ Կոստանդնուպօլիս եւ դասաւանդած եմ թրքահայոց հայկական դպրոցներուն մէջ հայերէն ուսուցանող մանկավարժներուն:

17-18 Օգոստոս, 2002-ին , ուխտագնացութեամբ, եղած եմ Պատմական Մուսալեռ: Տեսած եմ եւ վայելած իմ կեանքիս մեծագոյն, եւ, թերեւս անկրկնելի, երազանք-հրաշքը:
- Գէորգ Բաղդիշեան


ՄՈՒՍԱԼԵՌՑԻ ՊԱՊՍ գիրքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դոկտոր Փրոֆէսոր Գէորգ Բաղդիշեան արեւմտահայերէնով հրատարակած է գեղարուեստական «Մուսալեռցի Պապս» գիրքը երեւան, 2017 Հայաստան: Գիրքը իրապաշտական գրութւն մըն է, որուն թէ՛ հեղինակը, թէ՛ կերպարները մուսալեռցիներ են: Մովսէս պապը, Դոկտոր Փրոֆէսոր Գէորգ Բաղդիշեանի քրոջ սկեսրայրն է, Իսկուհին՝ սկեսուրը եւ երրորդ կերպարը՝ Դոկտոր Փրոֆէսոր Գէորգ Բաղդիշեանն է։

ՀԱՅՈՑ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԸ ՄԵՐ ՅՈՒՇԵՐՈՒ ԵՒ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ գիրքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս գիրքը Դոկտոր Փրոֆէսոր Գէորգ Բաղդիշեան գրած է սփիւռքահայերուն խնդրանքով: Երուսաղէմաբնակ Ալիս Քէշիշեան սիրով զայն թարգմանած է անգլերէնի:

Գէորգ Բաղդիշեան - Հայոց Մեծ Եղեռնը Մեր Յուշերու եւ Իրականութեան մէջ Երուսաղէմ 2001
Այս գիրքը գրած եմ զիս ճանչցող սփիւռքահայերւն խնդրանքով եւ յորդորով: Այս գիրքին մէջ գրեթէ բացառապէս ե՛ս եմ Հայոց Մեծ Եղեռնի, զանազան այլ խնդիրներուն մասին իմ խոհերով գնահատումներով բազմաթիւ կողմերէ դիտելով խնդրոյ առարկայ նիւթը:
- Դոկտոր Փրոֆէսոր Գէորգ Բաղդիշեան


Գիտական աշխատանքներուն ցանկը Ա. «Երեւանեան շրջան» (1976 -1988) եւ գրական արեւելահայերէնով

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1.«Սեբեոսի լեզուն եւ ոճը» («Հայոց լեզուի պատմութեան հարցեր» ժողովածուի մեջ): Հայկական ՍՍՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, Երեւան, 1981, էջ 5- 110:

ԳՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ արեւելահայերէնով

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1.«Ժամանակակից հայոց լեզուի բացատրական բառարան», հ. 4, ՀՍՍՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, Երեւան, 1980, 828 էջ: ՀՍՍՀ ԳԱ «Լրաբեր հասարակական գիտութիւններու» ամսագիր, 1981, № 8, էջ 110 – 112:

2. «Գրաբարալեզու մատենագիրներու բնագրային «հայկական համաբարբառը» ՀՍՍՀ ԳԱ «Լրաբեր հասարակական գիտութիւններու» ամսագիր, Երեւան, 1982, № 4, էջ 58 -67:

3. «Կիրակոս Գանձակեցու «Պատմութիւն Հայոց» երկի աշխարհաբար թարգմանութիւնը», «Էջմիածին» ամսագիր, 1983, № Բ-Գ, էջ 59 -62:[1]

4. «Օգտակար աշխատութիւն» («Սովտական մանկավարժ» ամսագիր,Երեւան, 1984, № 11, էջ 76 - 78):

5. «Բառային նորաբանութիւններ» («Եզրաբանութեան «terminology» (Տերմինաբանութեան) եւ խօսքի մշակոյթի հարցեր», Երեւան, 1987, № 2, էջ 131 – 152:

6. «Ագաթանգեղոսի «Հայոց պատմութիւն » երկի աշխարհաբար թարգմանութիւնը», «Բանբեր Երեւանի համալսարանի (հասարակական գիտութիւններ) № 1 (64) Երեւան -1988, էջ 202 – 207:

7. «Լեռան անմնացորդ աղօթքը», «Գարուն» (գրական- գեղարուեստական, հասարակական-քաղաքական ամսագիր), Երեւան-1988, № 12 (265), էջ 20-21:

8. «Լեզուաոճական սխալներ» («Եզրաբանութեան terminology (տերմինաբանութեան) եւ խօսքի մշակոյթի հարցեր» (գիտական աշխատութիւններու ժողովածու), Երեւան, 1988, պրակ № 3, էջ 134 – 148:

1. «Հոլովման եւ խոնարհման առանձնահատկութիւններ 13-րդ դարի մանր ժամանակագրութիւներու լեզուի մէջ»՝ «Երիտասարդ լեզուաբաններու հանրապետական գիտական երրորդ համաժողով» (զեկուցումներու դրոյթներ), Հայկական ՍՍՀ, ԳԱ հրատարակչութիւն, Երեւան 1982, էջ 7:

Գիտական աշխատանքներուն ցանկը Բ. «Հայկական սփիւռքեան շրջան» գրական արեւմտահայերէնով (1999 – 2005 թ.թ.)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դոկտոր Փրոֆէսոր Գէորգ Բաղդիշեան Հայկական սփիւռք աշխատած է 1984 թուականէն: Հոս նշուած են տպագրուած առաջին եւ վերջին գիրքին տարեթիւերը )

1.«Վարդանանք եւՎարդանանց պատերազմը» (էջ 1-13) եւ «Մտորումներ թարգմանչաց տօնի առիթով» (էջ 1- 27)» (մէկ հատորի մէջ), Գահիրէ, 1999, տպարան Նուպար:

2. «Թորգոմ աբեղայ Մանուկեանի «Քառասունք ձեռնադրութեան»,Սրբոց Յակոբեանց տպարան, Երուսաղէմ, 2001 (29 էջ): Այս աշխատանքը գրախօսական է, բայց տպագրուած է առանձին գիրքով:

3. «Բացատրական բառարան» (Քերականական, ոճական մանրամասն բացատրութիւններով) Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանի «Ընթացք ի գրոց բարբառ»-ի Ա-ռաջին տարի:Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանի սաներուն համար, Սրբոց Յակոբեանց տպարան, Երուսաղէմ, 2001 (151 էջ):

4.« Հայերէնի ուղղագրական-բացատրական բառարան» Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանի սաներուն համար, հատոր Ա. (67 էջ) հատոր Բ. (68 էջ)՝ մէկ գիրքին մէջ, Սրբոց Յակոբեանց տպարան, Երուսաղէմ, 2001:

5. «Հայոց Մեծ Եղեռնը մեր յուշերու եւ իրականութեան մէջ» **** «Մուսալեռցի պապս» (երկուքը միասին ՝մէկ հատորին մէջ` 82 էջ) », Սրբոց Յակոբեանց տպարան, Երուսաղէմ, 2001:

6. «Երուսաղէմի Թորգոմ Պատրիարք Մանուկեանի գեղարուեստական արձակը», Սրբոց Յակոբեանց տպարան, Երուսաղէմ, 2002, 387 էջ :

7. «Անդրադարձ թորգոմ Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի «Կոմիտասի հանճարը իր պատարագին մէջ» ուսումնասիրութեան», Սրբոց Յակոբեանց տպարան, Երուսաղէմ, 2003, 84 էջ:

8.«Թորգոմ աբեղայ Մանուկեանը եւ «Սարկաւագաց միութիւնը»-ը», Ս.Յակոբեանց տպարան, Երուսաղէմ, 2004, 131 էջ:

9. «Ժամանակակիցները Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի մասին», Սրբոց Յակոբեանց տպարան, Երուսաղէմ, 2004, 831 էջ:

10. «Համառօտ տարեգրութիւն (1919-2004 թ.թ.) Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի» Սրբոց Յակոբեանց տպարան, Երուսաղէմ, 2005, 1187 էջ:

1. «Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերականգնումը անխուսափելի է, բայց՝ առանց արկածախնդրութեան», «Սիոն» ամսագիր, Երուսաղէմ-2007, № 1-2-3, էջ 89 -108:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]