Jump to content

Գերմանիոյ Հայերը

Հայերու հետքերը Գերմանիոյ մէջ կ'երթան մինչեւ քրիստոնէական կանուխ ժամանակաշրջաններ, Հայաստանի քրիստոնէութեան ընդունմանը (301 թ.) յաջորդող տարիներուն հայ-քրիստոնեայ քարոզիչներ եկած են նաեւ Գերմանիոյ ներկայ տարածքներ՝ քրիստոնէական կրօնը այդտեղ քարոզելու ու տարածելու մտադրութեամբ։

Եւրոպայի եւ նաեւ Գերմանիոյ մէջ հայկական ծագումով ամենայայտնի անձը Սուրբ Բարսեղն է կամ Վլասը՝ պատմական Փոքր Հայքի Սեբաստիա (ներկայիս կը կոչուի Սվազ եւ կը գտնուի Թուրքիոյ տարածքին մէջ) քաղաքին մէջ։ Ծնած է 3-րդ դարու կէսերուն սեբաստացի ունեւոր ընտանիքի մը մէջ։ Եղած է բժիշկ։ Հաւանաբար դեռ եւս երիտասարդ տարիքին ընդունած է քրիստոնեութիւնը եւ ապագային դարձած է Սեբաստիոյ եպիսկոպոս։ Այդ ժամանակ Սեբաստիա կը մտնէր Հռոմէական կայսրութեան մէջ։ Նահատակուած է 316 թուականին Լիկինուս կայսրի ծաւալած քրիստոնէական հալածանքներու ժամանակ։ Անոր հանդէպ յարգանքը տարածուած է եւրոպայի եւ նաեւ Գերմանիոյ մէջ, հռոմէացի զինուորներուն կողմէն, որոնք ընդունած էին քրիստոնէութիւնը։ Յայտնի են նաեւ այլ հայ քարոզիչներու անուներ։ Յիշատակութեան արժանի է Թէոֆանի կայսրուհին, որ ըստ որոշ հետազօտողներու սեռած է բիւզանդական հայ ազնուական ընտանիքներէ։

Գերմանիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած հայեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գերմանիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած հայերու մասին պատմական վկայութիւններ գրէթէ չկան եւ յստակ չե, թէ հայերը երբ ոտք դրած են այս տարածքին վրայ։ Կայ սակայն արժէքաւոր վկայութիւն մը Պաւարիոյ Պասաու քաղաքին մէջ։ 11-րդ դարուն այստեղ գործած եւ նաեւ նահատակուած է Գրիգորիս Արքեպիսկոպոսը, որ եկած է Հայաստանէն։ Պասաու քաղաքի Նիտերնպուրկ վանքի վերանորոգութեան ժամանակ յայտնաբերուած է անոր դամբարանը։ 1982 թուականին հայկական ծէսով վերաթաղուեր են անոր մասունքները նոյն վանքին մէջ։

Գերմանիոյ կապերը Կիլիկեան Հայաստանին հետ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գերմանիան առաջին պետութիւններէն է, որ կապ հաստատած է Կիլիկեան Հայաստանին հետ. Գերմանիոյ Հայնրիխ 6-րդ կայսրը ճանչցած է Լեւոնին Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը եւ թագ շնորհած է անոր։ գերմանիոյ հետ կապուած է նաեւ հայ ազատագրական շարժման գործիչ՝ Իսրայէլ օրիի գործունէութիւնը[1]։

գերնմանիոյ համալսարաններէն կրթութիւն ստացածներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

գերնմանիոյ համալսարաններէն կրթութիւն ստացած է Կոմիտասը, Ամենայն հայոց կաթողիկոս՝ Գէորգ Ե.Սուրէնեանցը, գրողներ Լեւոն Շանթ եւ Աւետիք Իսահակեանը, գեղանկարիչներ Վարդգէս Սուրէնեանցը, Յակոբ Գոճոյեանը եւ շատ այլ հայ գիտնականներ, արուեստագէտներ, քաղաքական գործիչներ։

Համայնքի թուաքանակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մօտաւոր տուեալներով այսօր Գերմնաիոյ մէջ կ'ապրին շուրջ 55-60 հազար հայեր։

Համայնքին մէջ ազգային կեանքը առաւելապէս աշխուժացած է 1991-էն յետոյ, երբ Գերմանիոյ մէջ ստեղծուեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցի, Գերմանիոյ թեմը՝ Քիոլն գտնուող Առաջնորդարանով։ Առաջին եւ ներկայի առաջնորդն է Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէկճեանը։ Թէմի կամ առաջնորդարանի հովանիին տակ կը գործեն 15 համայնքներ, որոցմէ միայն երեքը ունին իրենց եկեղեցիները, իսկ մնացած համայնքները իրենց արարողութիւններուն համար կը հիւրընկալուին գերմանական եկեղեցիներուն մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]