Գերզգայութիւն
Գերզգայնութիւնը մէկ հիւանդութիւն չէ, այլ զանազան հիւանդութիւններու խմբաւորում է: Թուելով օրինակները տարբեր գերզգայնութիւններու, օրինակ՝ թոքերու հետ առնչուած գերզգայնութիւնը ազման է, մորթի հետ կապուածը՝ էքզեմա, քիթի հետ՝ քթային անցքերու բորբոքում, աչքի հետ՝ աչքի արտաքին թաղանթի բորբոքում եւ այլն:
Գերզգայնութիւն բառի սահմանում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Ալերժի» բառը առաջին անգամ 1906-ին գործածուած է գերմանացի Քլեմէնզ Վօն Փիրքէ Clemens von Pirquetանունով բժիշկի մը կողմէ: Ազմա- Թոքերու հետ առնչուած գերզգայնութիւնը ունի իր ժառանգական ազդակը: Ենթական շնչելով գերզգայնութիւն յառաջացնող նիւթը, պատճառ կը դառնայ Ազմայի գոյացման, որուն կ՛ընկերակցի շունչի նեղութիւն եւ սուլոց:Ըստ աշխարհագրական դիրքի եւ երկրի կլիմայական պայմաններուն, աշխարհի մէկէն տասնութ առ հարիւր բնակչութիւնը կը տառապի Ազմա- թոքերու գերզգայնութենէ: Գերզգայնութիւն յառաջացնող նիւթերը կրնան ըլլալ փոշին, ինչպէս նաեւ ծաղիկներու փոշին, անասուններու մազը, տարբեր փետուրները, բուրդը, գորգը, տարբեր խաղալիքները, իրերը, ինչպէս նաեւ մուշտակը, անուշահոտը եւ այլն: Նոյնանման նիւթեր կրնան յառաջացնել նաեւ քիթի գերզգայնութիւնը: Ախտանշանները կ՛ըլլան քիթի քերուըտուքը, փռնգտալը:Քիթի գերզգայութիւն ունին մօտաւորապէս աշխարհի քսան առ հարիւր բնակչութիւնը: Իսկ եթէ նոյն նիւթերը աչքի մօտ ըլլան, տեղի կ՛ունենայ աչքի գերզգայնութիւնը: Մորթի պարագային գերզգայնութիւնը կը յառաջանայ, երբ ենթական եւ նիւթը շփում կ՛ունենան իրարու հետ: Նշեալ նիւթերը կրնան յառաջացնել գերզգայնութիւն, ինչպէս՝ օճառը, լուացքի դեղը:Մորթի գերզգայութիւն ունին մօտաւորապէս աշխարհի քսան առ հարիւր բնակչութիւնը:
Ուտելիքներէ յառաջացող գերզգայնութիւնը կրնայ պատճառել մորթի քարտէսի նման ճերմակ եւ վարդագոյն երեւոյթը:Ուտելիքներու հանդէպ գերզգայութիւն ունին մօտաւորապէս աշխարհի վեց առ հարիւր բնակչութիւնը: Երբ գերզգայնութիւնը առկայ է, մարմինը կը հակադարձէ արտադրելով հակամարմիններ: Հակամարմիններու գլխաւորը IgE տեսակն է: Այս բաժինով կարելի է նշել նաեւ «Մասթ» բջիջները, ինչպէս նաեւ Հիսթամինը: Արեան քննութիւններու ճամբով կարելի է ստուգել քանակը IgE-ներու, ինչպէս նաեւ անոնց զանազան տեսակները՝ մանրամասնօրէն ներկայացնելով ցանկը գերզգայնութիւն յառաջացնող տարբեր նիւթերու:
Դեղերու հետ առնչուած գերզգայնութիւն ալ գոյութիւն ունի, յատկապէս՝ Փենիսելինը (Penicilin): Ենթական որեւէ մէկ ժամանակ կրնայ ունենալ Փենիսելինի նկատմամբ գերզգայնութիւն, ինչպէս նաեւ հետագային կրնայ անհետանալ այդ գերզգայնութիւնը: Այս պարագային, երբ Փենիսելինը պիտի տրուի ենթակային մկանային սրսկումի ճամբով, պէտք է ատիկա ըլլայ շատ զգուշօրէն եւ անմիջական բուժօգնութեան պայմաններու ներքեւ:
Ծանօթագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1. McConnell, Thomas H. (2007). The nature of disease : pathology for the health professions. Baltimore, Mar.: Lippincott Williams & Wilkins. p. 159. ISBN 978-0-7817-5317-3. 2."Types of Allergic Diseases". NIAID. May 29, 2015. Retrieved 17 June 2015. 3."Environmental Allergies: Symptoms". NIAID. April 22, 2015. Retrieved 19 June 2015.