Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան
Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան | |
---|---|
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Առաքելական |
Մասնագիտութիւն | Համիլթըն քաղաքի Մքմասթըր համալսարան |
Աշխատավայր | Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ , Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական եւ Երիտասարդական Բաժանմունքներու Վարիչ |
Կայքէջ | armenianprelacy.ca |
Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ:Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական եւ Երիտասարդական Բաժանմունքներու Վարիչ:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Աբեղայական ձեռնադրութիւն ստացած է 2001 թուականին, ձեռամբ Վարուժան Արք. Հերկելեանի, այնուհետեւ ծառայելով որպէս կուսակրօն քահանայ, Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս: 2009 թուականին ստացած է վարդապետական աստիճան, ձեռամբ՝ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի, իսկ 2016ին՝ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան, ձեռամբ Խաժակ Արք. Յակոբեանի:[1]
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը աւարտելէ ետք, Հայր Գեղարդ հետեւած է աստուածաբանական յատուկ դասընթացքներու, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Դպրոցին եւ Զուիցերիոյ Պոսէի Միջ-Եկեղեցական Հիմնարկէն ներս:
Հայր Գեղարդ ստանձնած է հետեւեալ պատասխանատուութիւնները. ▪ Մ.Տ.Կ. Կաթողիկոսութեան Միջ-Եկեղեցական Յարաբերութիւններու գրասենեակի վարիչի օգնական
▪ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տեսուչի օգնական
▪ Երիտասարդական Բաժանմունքի վարիչ
▪ Թեսաղոնիկահայ գաղութի հոգեւոր հովիւ, Յունաստան
2009 թուականէն ի վեր, Հայր Գեղարդ հաստատուած է Գանատա, նախ ծառայելով Սէնթ Գաթրինզի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ, միեւնոյն ժամանակ՝ ստանձնելով Միացեալ Նահանգներու Նիակարա Ֆոլզ շրջանի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ այցելու հովիւի պարտականութիւնը: Գանատա հաստատուելէ ետք, հետեւած է աստուածաբանական բարձրագոյն ուսման Համիլթըն քաղաքի Մքմասթըր համալսարանէն ներս եւ արժանացած՝ Սուրբ Գրային աստուածաբանութեան մագիստրոսի (Master's) վկայականին:
2009-2012 Հայր Սուրբը վարած է Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդի վարիչի պաշտօնը: 2012-2016ին, վարած է Գէյմպրիճի Ս. Նշան Եկեղեցւոյ հովուութիւնը, իսկ 2016-2019ին՝ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։
2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Հայր Գեղարդ նշանակուած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի «Խաղաղութեան եւ Արդարութեան Ուխտագնացութիւն» Յանձնաժողովին:
Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի տնօրինութեամբ, Յունուար 2018-ին, Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան նշանակուած է Առաջնորդական Փոխանորդ[2]
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Տ. ԳԵՂԱՐԴ Ծ. ՎՐԴ. ՔԻՒՍՊԷԿԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ ՓՐԿԱՐԱՐ ՍԱՌԱ ՔՈՐՆԻՆԿԻ ԱՐՁԱՆԻ ՔՕՂԱԶԵՐԾՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ[permanent dead link]
- ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. Հիւսիսային Ամերիկայի Հոգեւորականաց Միացեալ Համագումար[permanent dead link]