Jump to content

Գաւաթում

Գաւաթում, գաւաթային բուժում, հազարաւոր տարիներէ ի վեր օգտագործուած միջոց, մարմինի տարբեր մասերու՝ մէջքի, գլխու եւ վիզի ցաւերը մեղմելու կամ թեթեւցնելու նպատակով:

Գաւաթային բուժման նպատակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գաւաթային բուժման նպատակն է արեան շրջանառութւինը աշխուժացնել. ներծծող ուժի ստեղծումով, արիւնը դէպի մակերես քաշել. ատոր համար ալ անհրաժեշտ է, որ մէջի օդը պարպուած գաւաթը համապատասխան տեղը փակցնել եւ դէպի գաւաթը քաշել արիւնը[1]:

Գաւաթային բուժման կարելի է դիմել՝ ամէն տեսակի ցաւերու պարագային՝

  • յօդային կամ մկանային,
  • հազի դէմ,
  • թոքային ամէն տեսակ բորբոքումներու պարագային,
  • շնչահեղձութեան դէմ,
  • մարսողական խանգարումներու (փքուածութիւն, փորկապութիւն),
  • դաշտանադադարի ախտանշաններու,
  • անքնութեան[2]:

Չունի որեւէ անպատեհութիւն. կարելի է զարնել 30-40 հատ՝ նստաշրջաններով: Հազի եւ ցնցղատապի (bronchitis) պարագային կը բաւէ իւրաքանչիւր թոքին վրայ զարնել 8 գաւաթ, ենթական պառկեցնելով երեսին վրայ: Անհրաժեշտ է իւրաքանչիւր գաւաթումէ ետք, գաւաթները հականեխել:

Գաւաթային բուժումը աւանդական չինական եւ մերձաւոր արեւելեան բժշկական ձեւ է. նոյնիսկ յոյն բժիշկ Հիփոկրատը, որ կը կոչուի բժշկութեան հայր, Քրիստոսէ 400 տարի առաջ իր թուղթերուն մէջ յիշած է գաւաթային բուժման մասին: Ժամանակին այս բուժումը կը կատարուէր ընտանիքի անդամներուն միջոցով. տան մայրը կամ հայրը կը քաշէին գաւաթները: Գաւաթները կը փակցուէին կռնակին, ստամոքսին, ձեռքերուն, ոտքերուն կամ մարմինի այլ մասերուն:

Ներկայ դրութեամբ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այսօրուան դրութեամբ անիկա կը կատարուի մասնագէտի միջոցով, որ կը ստանայ յատուկ ուսուցում՝ գաւաթ զարնելու, քաշելու կամ տեղը ընտրելու ձեւերուն մասին. ինչպէս որ ասեղնաբուժութիւնը կամ մերսումը, գաւաթումը նոյնպէս կը կատարէ բժիշկը կամ ֆիզիոթերափիստը:

Այժմ, գոյութիւն ունին արհեստական մեքենայացուած ներծծիչներ (վանթուզներ), որոնց միջոցով բուժումը կը կատարուի 1-3 նստաշրջանով, 10 օրուան ընդմիջումներով:

Գաւաթային բուժման գործընթացը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Գաւաթային բուժումը կը գործէ ջերմութեամբ:
  • Գաւաթին մէջ բոց պըտըտցնելով օդը կ'ընդլայնի եւ դուրս կ'ելլէ:
  • Յետոյ գաւաթը կը փակցնեն մորթին ու կը ձգեն որ պաղի:
  • Ներսը կը գոյանայ անօդ տարածութիւն մը՝ պարապութիւն մը (vacuum), որ կը քաշէ մորթը, կը ծծէ մորթին ծակտիկներուն մէջ գտնուած օդը:
  • Մորթը եւս ընդլայնելով, մորթին տակ գտնուող արեան փոքր երակները՝ մազանօթները կ'երկարին եւ կը պայթին. այն ատեն արիւնը կը հոսի մորթին տակ, որ նախ մանուշակագոյն, ապա կապոյտ գոյն մը կը ստանայ: Այս գոյնը կ'անհետանայ մէկ կամ երկու շաբաթէն:
  • Մարմինը այս գործողութիւնը կ'ընդունի իբրեւ վնասուած տարածք եւ կը սկսի աւելի շատ արիւն ուղարկել դէպի այդ տարածքը, խթանելու համար բուժման գործընթացը: Այպիսով արեան շրջանառութիւնը աշխուժացնելով, շնչահեղձութիւնը կը թեթեւնայ, հանգստութիւն մը կը զգացուի, ինչպէս նաեւ ցաւերը կը մեղմանան:

Հետազօտութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բուժման այս ձեւի վերաբերեալ շատ բժշկական հետազօտութիւններ գոյութիւն չունին: Ըստ վերջին տուեալներու,

  • գաւաթային բուժումը կրնայ զօրացնել դիմադրողականութիւնը,
  • թեթեւցնել մկանային լարուածութիւնը,
  • խթանել արեան շրջանառութիւնը եւ հեռացնել հիւանդութիւն յառաջացնող գործօնները,
  • նպաստել նոր հիւսուածքներու ձեւաւորման եւ վերականգնել հաւասարակշռութիւնը մարմինի դրական եւ բացասական ուժերու միջեւ (չինական ինն ու եանը):

Ըստ ուսումնասիրութիւններու փաստը կը մնայ փաստ, որ կը թեթեւցնէ մկանային բոլոր տեսակի ցաւերը: Խնդիրն այն է, որ դժուար է գաւաթումի վերաբերեալ բարձրորակ ուսումնասիրութիւն կատարել, քանի որ դժուար է չափել հետազօտուողին ցաւի աստիճանը եւ ակնկալուած օգուտը կամ ստեղծել կեղծ գաւաթում (placebo effect):

Գաւաթային բուժման անվտանգութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գաւաթումը անվտանգ է, այնքան ատեն որ բուժուողները դէմ չեն կապտուկներուն, որոնք կը վերանան մօտաւորապէս մէկ շաբաթէն: Կրնայ պատահիլ, որ ներծծման ժամանակ յառաջանայ այրուածք՝ տաք գաւաթին պատճառով: Մորթի վարակումը, քերուըտուքը կամ սպին շատ հազուադէպ պատահարներ են:

Պէտք է հրաժարիլ գաւաթումէն եթէ արիւնահոսութեան խանգարումներ ըլլան, մորթային հիւանդութիւններ (էկզեմա կամ փսորիազիս), անհատը սիրտի կամ ուղեղի կաթուած անցուցած է, ունի արեան մակարդելիութեան հետ կապուած հարցեր (varicose) եւ կ'առնէ արիւն բարակցնող դեղեր:

Քիչ հետազօտութիւններ կան յղութեան ընթացքին կատարուած գաւաթումներու մասին, ապա յղի կանայք նոյնպէս պէտք է հրաժարին գաւաթային բուժումէն[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]